Երէկ, 10 Սեպտեմբեր 2017-ին, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութենէն պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեանբ ատենապետ Տոքթ.Աւետիս Տաքեսեանի այցելեց Զահլէ: Այցելութեան նպատակն էր աւելի մօտէն ծանօթանալ Զահլէի հայկական համայնքի զաւակներու առօրեայ կարիքներուն, այցելել հայերու բարեկամ քաղաքական եւ կրօնական անձնաւորութիւններու:
Զահլէի մուտքին պատուիրակութիւնը ընդունուեցաւ քաղաքի ՌԱԿ Մերճանեան ակումբի ատենապետ Ընկ. Գրիգոր Մկըրեանի եւ վարչական ընկերներու կողմէ: Պատուիրակութեան անդամները առաջին առիթով այցելեցին ՌԱԿ Մերճանեան ակումբը Մըաալլաքա շրջանին մէջ: Անոնք մօտէն ծանօթացան Զահլէի համայնքը յուզող հարցերուն: Պատուիրակութեան միացաւ Պետական Երեսփոխան Շանթ Չինչինեան:
Ապա ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան պատուիրակութիւնը, Զահլէի ընկերները եւ Երեսփոխան Շանթ Չինչինեան այցելեցին Լիբանանեան Ուժերու Զահլէ քաղաքի կեդրոնը, ուր ընդունուեցան Կուսակցութեան Զահլէի պատասխանատու Պարոն Միշէլ Թաննուրիի կողմէ: Ժողովականները քննարկեցին Լիբանանի եւ Պեքաայի յուզող հարցերը: Անդրադարձ կատարուեցաւ ընտրական նոր օրէնքին եւ հաւանական համագործակցութեան հեռանկարներուն շուրջ: Ժողովի աւարտին կողմերը համաձայնեցան հերթական հանդիպումներ կայացնել համագործակցութիւնը ամրապնդելու համար:
Պատուիրակութիւնը ապա այցելեց Հայ առաքելական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցի, ուր ներկայ գտնուեցաւ եկեղեցական արարողութեան, ապա հանդիպում մը ունեցաւ արժանապատիւ քահանայ հօր եւ թաղականութեան անդամներուն հետ: Պատուիրակութիւնը իր զօրակցութիւնը յայտնեց ամէն ճիգի, որու նպատակն է համայնքը պահել բարգաւաճ եւ հայկական մշակոյթին մօտ:
Ապա պատուիրակութեան անդամները ուղղուեցան Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Զահլէի երեսփոխան Պարոն Էլի Մարունիի բնակարանը, ուր գումարուեցաւ ժողով մը, մասնակցութեամբ Զահլէի Փաղանգաւոր Կուսակցութեան պատասխանատուներու: Կողմերը համաձայնեցան զարգացնել յարաբերութիւնները երկու կուսակցութիւններուն միջեւ՝ ի շահ Լիբանանի եւ Զահլէի խաղաղասէր ժողովուրդին:
Պատուիրակութեան յաջորդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Պեքաայի եւ Զահլէի Յոյն Կաթողիկէ համայնքի խիզախ արքեպիսկոպոս Իսամ Տարուիշի հետ: Սրբազանը մեծ գոհունակութեամբ ընդունեց պատուիրակութեան անդամները եւ կարեւոր նկատեց կուսակցութիւններու դերը ժողովուրդին առօրեայ կեանքին մէջ: Ան նաեւ շեշտեց մարդը հաւատքին մօտեցնելու կարեւորութիւնը եւ միջոցներու չզլանալը: Պատուիրակութեան անդամները արեւշատութիւն եւ կորով մաղթեցին սրբազան հօր:
Պատուիրակութիւնը ապա այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Ալեք Մանուկեան Մշակոյթի Կեդրոն», ուր ընդունուեցաւ պատասխանատուներու կողմէ: Այցելութիւնը առիթ մը եղաւ մօտէն ծանօթանալու Միութեան Զահլէի գործունէութեան: ՌԱԿ Լիբանանաի Շրջանային վարչութեան պատուիրակութեան անդամներ խոստացան զօրավիգ կանգնիլ Զահլէի ակումբին, համագործակցութեամբ Միութեան պատկան մարմիններուն, որպէս հայ ժողովուրդի երիտասարդական եւ մշակութային կեդրոն:
Կէսօրուան դադարէ մը ետք, պատուիրակութեան անդամները հրաժեշտ տուին Զահլէի հայաբոյր գաղութին, նոր ծրագիրներով վերադառնալու յոյսով, ի փառս մեր սիրելի ժողովուրդին:
ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն