spot_img

Կարօ Փայլան Նստացոյցի Սկսած Է Թուրքիոյ Սահմանադրական Ատեանի Շէնքին Մէջ

    Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան, քանի մը կուսակիցներու հետ, Սեպտեմբեր 7-ին սկսած է «Խիղճ եւ արդարութիւն» կարգախօսով բողոքի նստացոյցի մը՝ Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեանի շէնքին մէջ:

     Այս մասին «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ  Փայլան յայտնած է, որ այս քայլին կը դիմեն իր կուսակիցներուն, ներառեալ կուսակցութեան համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշի ապօրինի բանտարկութեան դէմ բողոքելու նպատակով: Նստացոյցին մասնակիցները կը պահանջեն ազատ արձակել իրենց կուսակից ընկերները:

    Նստացոյցը սկսած խումբը հանդիպում խնդրած է Սահմանադրական ատեանի նախագահին հետ, սակայն դիմումը մերժուած է:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին