Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները երէկ՝ 8 սեպտեմբեր 2017-ի յետմիջօրէին, միջ-կուսակցական ժողով մը գումարեցին Թէքէեան Կեդրոնին մէջ:
Ժողովականները նախ յարգեցին յիշատակը լիբանանեան բանակի նահատակ զինուորներուն եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին երկրի գերիշխանութեան եւ ամբողջականութեան պաշտպան զինուորական հաստատութեան՝ ահաբեկչութեան դէմ իր պայքարին մէջ։
Այս առիթով ժողովականները կոչ ուղղեցին Լիբանանի քաղաքական կողմերուն՝ նահատակներուն արիւնը վեր պահելու ամէն տեսակի ներքին տարակարծութիւններէ եւ շահարկումներէ:
Ժողովականները անդրադարձան յառաջիկայ օրերուն Հայրենիքի մէջ գումարուելիք Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ խորհրդաժողովին եւ ողջունեցին զայն՝ յաջողութիւն մաղթելով անոր ազգանուէր աշխատանքներուն: Անոնք շեշտեցին նաեւ Սեպտեմբեր 21ը՝ այսուհետեւ միջ կուսակցական նախաձեռնութեամբ մը նշելու անհրաժեշտութիւնը։
Միջ-կուսակցական ժողովը առիթ մը եղաւ նաեւ արծարծելու Լիբանանն ու շրջանը, ինչպէս նաեւ լիբանանահայութիւնը յուզող հարցեր:
ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն
ՍԴՀԿ Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմին
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ