Երկուշաբթի, 07. 07. 2025

spot_img

Արցախ Այցելող Օտար Զբօսաշրջիկներուն Թիւը Աճած է

     Ընթացիկ տարուան Յունուար-Յուլիս ամիսներուն Արցախի Հանրապետութեան մէջ արձանագրուած է օտար զբօսաշրջիկներու 43 % աճ` 2016 թուականի համեմատ, եւ 27 % աճ` 2015-ի համեմատ:

     Այս մասին, ըստ «Artsakhpress.am»-ի, ըսած է ԱՀ տնտեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան ծրագիրներու կառավարիչ Արտակ Գրիգորեանը:

     «Արցախ այցելող զբօսաշրջիկներու ծագման  երկիրներու աշխարհագրութիւնը  տարուէ տարի կ’ընդլայնի. մեր երկիրը կը հիւրընկալէ զբօսաշրջիկներու բոլոր աշխարհամասերէն, բայց Արցախի Հանրապետութիւն կ’այցելեն, մանաւանդ, զբօսաշրջիկներ` ՌԴ-էն, ԱՄՆ-­էն, Իրանէն եւ եւրոպական երկիրներէ` Ֆրանսայէն, Բրիտանիայէն, Իտալիայէն, Գերմանիայէն»,- նշած է Ա. Գրիգորեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին