ՀՀ ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Աշոտեան, Սեպտեմբեր 7-8-ին, Փորթուկալի խորհրդարանին հրաւէրով, Լիզպոնի մէջ պիտի մասնակցի ԵԽԽՎ (Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողով) նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած խորհրդաժողովին` Սփիւռքի հետ կապուած քաղաքականութեան ծիրէն ներս խորհրդարանական փոխգործակցութեան մեքանիզմներուն շուրջ:
ՀՀ ԱԺ հանրային կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ խորհրդաժողովին կը նախատեսուի Արմէն Աշոտեանի ելոյթը` Սփիւռքի հետ գործակցային հասարակութեան կառուցման խնդիրներուն եւ ընելիքներուն վերաբերեալ:
Խորհրդաժողովի աւարտին կը նախատեսուի՝ Սփիւռքին առնչուող հարցերուն շուրջ՝ խորհրդարանական համագործակցութեան վերաբերեալ հռչակագիրի ընդունում: