Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Շուշիի Մէջ Կայացած Է Դանիէլ Տէքըրի Մենահամերգը

ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից

     Համերգին խորագիրը` Իմ Արցախ, գլխաւոր հերոսը` Դանիէլ Տէքըրեան… Հրաւիրատոմսին վրայ գրուածը ո՛չ կատակի արդիւնք է, ո՛չ ալ` տառասխալի: Աշխարհահռչակ երաժիշտ Դանիէլ Տէքըրը նաեւ հայկական անձնագիր ունի` հայացուած մականունով: «Ես հայ եմ ո՛չ թէ ծնունդով, այլ` ընտրութեամբ»,- կը վստահեցնէ Դանիէլ Տէքըր: Հայն ու հայկականը կը գերակշռէին ո՛չ միայն անձնագիրին մէջ:

     Փորթո-Ռիքօ ծնած երգիչին, Շուշիի մէջ կայացած մենահամերգը, անցած է հայկական շունչով: Նորայր Դաւթեանի գլխաւորած Հայաստանի ազգային նուագարաններու պետական նուագախումբին նուագակցութեամբ` համերգի երգացանկին մէջ, յատկապէս, հայկական երգեր էին` Սայեաթ Նովայէն մինչեւ մեր օրերը` Նազանի, Քելէ, եարօ, Հին ֆայտոն, Մարտիկի երգը: Իսկ Հայոց աշխարհ երգը յայտնի երգիչին հետ կատարողը, երաժշտութեան հեղինակն էր` Լէյլա Սարիբէկեանը. «Երբ Դանիէլ Տէքըրը առաջարկեց զուգերգ՝ անմիջապէս համաձայնեցայ: Եւ երբ, Սեպտեմբեր 2-ին, հրապարակին վրայ տեսայ հանդիսատեսին արձագանգը, հասկցայ, որ այս զուգերգով իմ երգը նոր կեանք ստացաւ»,- կը խոստովանի Լէյլա Սարիբէկեան:

     Համերգին մասնակցած հայկական աստղաբոյլին մէջ էին նաեւ Մերի Մնջոյեանը, Եւա Եկանեանը, Անահիտ Շահբազեանը, Համլէթ Գէորգեանը: Իսկ «Տլէ Եաման»ը հանդիսատեսը վայելեց իր` Տէքըրի կատարումով:

     Համերգին ընթացքին հանդիսատեսը հնարաւորութիւն ունեցաւ ո՛չ միայն երգիչ, այլեւ՝ դաշնակահար եւ խմբավար Դանիէլ Տէքըրը տեսնելու: «Հրաշալի մարդ է, հրաշալի կատարողական արուեստ ունի: Անոր հետ համագործակցութեան որոշ փորձ արդէն ունինք: Ասիկա մեր երկրորդ համատեղ համերգն է»,- կը պատմէ Հայաստանի ազգային նուագարաններու պետական նուագախումբի գեղ. ղեկավար, գլխաւոր խմբավար Նորայր Դաւթեան: «Որքան շատ նման մարդիկ մեզի մօտ ըլլան, հայկականը ներկայացնեն նաեւ դուրսը՝ այնքան աւելի լաւ»,- կը գնահատէ համերգին իբրեւ հանդիսատես մասնակցող Շուշիի Վարանդա երգչախումբի հիմնադիր Զաքար Քէշիշեանը:

     Երեկոյին ընթացքին հնչած եզակի, ոչ հայերէն երգերն ալ` Ատանան, Արաքսը եւ Նոյի աղօթքը, հայկական էին իրենց բովանդակութեամբ: Ես ակամայ կը դառնամ Հայոց դատի պաշտպանը` կը խոստովանի Դանիէլ Տէքըր. «Անշուշտ: Շատ տեղեր կ’երթամ: Շատ մարդոց հետ կը հանդիպիմ: Կը խօսիմ Ցեղասպանութեան մասին, Արցախի խնդիրին մասին: Ամէն տեղ ալ հայերուն կոչ կ’ընեմ աւելի միասնական ու հետեւողական աշխատելու` հայրենիքը զարգացնելու համար։ Ապրիլեան պատերազմի օրերուն ալ Հայաստան եկած էի՝ իմ զօրակցութիւնը յայտնելու»:

     Իսկական անակնկալը, սակայն, համերգի աւարտին էր` նոր երգի տեսքով` Շուշիի մէջ, Արցախին նուիրուած նոր ձօն հնչեց` Դանիէլ Տէքըրի Արցախը:

     Արցախ երգը արցախցիներուն ձգեց, իսկ իրեն հետ՝ Դանիէլ Տէքըրը՝ տարաւ Շուշիի բանալին: Յուշանուէրը մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարէն ստացաւ` նախարարութեան մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ: Բանալին ու հադիպումը յետագայ համագործակցութիւնը պիտի խորհրդանշէ, խոստացած է հանրածանօթ երգիչը. «Յոյս ունիմ, որ ասիկա Արցախի մէջ ապագայ շատ ծրագիրներու առաջին քայլն է»:

Ստեփանակերտ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին