Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

«Նրանք Նկարում Էին Պատերազմը»

Երէկ՝ Հինգշաբթի, 7 Սեպտեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոնի 7-րդ յարկի «Գերսամ Ահարոնեան» սրահը վայրը հանդիսացաւ «Նրանք Նկարում Էին Պատերազմը» իւրայատուկ ժողովածոյին՝ Շնորհահանդէսին:

Շնորհահանդէսը կազմակերպուած էր «Զարթօնք»ի 80 ամեակի առիթով ձեռնարկներու ծիրէն ներս:

Ձեռնարկը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ՝ ընկ. Յակոբ Գասարճեան, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ ընկ. Տոքթ. Աւետիս Տաքեսեան, Լիբանանի մէջ ՀՀ հիւպատոս՝ Պրն. Աշոտ Վարդանեան, քոյր թերթերու խմբագիրներ եւ շատ մը յարգելի հիւրեր, ընկերներ եւ «Զարթօնք»ի բարեկամներ:

Շնորհահահնդէսի նիւթ գիրքը, պատրաստուած էր լրագրողներ՝ Անահիտ Յարութիւնեանի եւ Ռուզան Բագրատունեանի կողմէ կ’ընդգրկէ հարցազրոյցներ 34 անձերու հետ, որոնք 1991-1994-ին եղած են Արցախի ճակատներուն վրայ եւ վաւերացուցած են Արցախեան պատերազմի տարեգրութիւնը: Գիրքին մէջ տեղ գտած են նաեւ անոնց կենսագրական տուեալները, ֆիլմագրութիւնը եւ անոնց նկարահանումներու ընտրանին` երկու խտասկաւառակով:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Զարթօնք»ի գլխաւոր խմբագիր ընկ. Սեւակ Յակոբեան: Գիրքը հանգամանօրէն ներկայացուց երիտասարդ լրագրող՝ Շիրազ Ճէրէճեան: Գեղարուեստական բաժնով հանդէս եկան ԹՄՄ նորակազմ՝ Երիտասարդական Նուագախումբի անդամներէն փունջ մը, որոնք նուագեցին ու կատարեցին գիրքին բովանդակութեան համահունջ կտոր մը:

Գիրքին բովանդակութենէն տեսերիզ մը սփռուեցաւ ներկաներուն, որոնք հպարտութեամբ դիտեցին հայ քաջարի տղոց սխրանքները ճակատի վրայ:

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ գիրքը պատրաստող զոյգը  եւ իւրաքանչիւրը հակիրճ կերպով իր խօսքը ուղղեց հետաքրքրասէր ներկաներուն:

Աւարտին կատարուեցաւ աւանդական գինեձօնը, որմէ ետք գիրքը պատրաստող տիկինները ներկաներուն մակագրեցին գիրքէն օրինակներ:

Մանրամասնութիւնները յաջորդիւ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին