Չորեքշաբթի, 13. 11. 2024

spot_img

Նոր Սահմանադրութեամբ Նախագահը Պիտի Զբաղի Նաեւ Կառավարութեան Գործունէութեամբ․ Դաւիթ Բաբայեան

  Արցախի նախագահի մամուլի խօսնակ Դաւիթ Բաբայեան Sputnik Արմէնիայի հետ զրոյցի ընթացքին տեղեկացուցած է, որ Սեպտեմբեր 7-ին նախագահի երդմնակալութեան ժամանակ ամէն ինչ պիտի ընթանայ արդէն ձեւաւորուած աւանդոյթով, իսկ կառավարութեան կազմին մէջ նոր պաշտօն պիտի աւելնայ` պետական նախարար:

    Ան նշած է, որ վարչապետի պաշտօն պիտի չըլլայ այլեւս, նոր Սահմանադրութեամբ կառավարութիւնը պիտի ղեկավարէ նախագահը:

    Նախագահ Բակօ Սահակեանի երդմնակալութիւնը պիտի կայանայ Արցախի Ազգային Ժողովի յատուկ նիստի ժամանակ, իսկ նախարարները մինչեւ նոր նշանակումները պիտի կատարեն իրենց ստանձնած պարտականութիւնները:

  Փոխարէնը՝ կառավարութեան մէջ պիտի ըլլայ նոր պաշտօն` պետական նախարար: Պետնախարարը պիտի համակարգէ կառավարութեան աշխատանքը, նախագահի անունէն պիտի կառավարէ կառավարութեան նիստը:

     Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնի ստանձնման նուիրուած Ազգային ժողովի յատուկ նիստը պիտի գումարուի Սսեպտեմբեր 7-ին, ժամը 12:00-ին, Ազգային ժողովի նիստերու դահլիճին մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին