Սեպտեմբեր 3-ին Ծալկայի շրջանի Այազմա հայկական գիւղին մէջ մեծ շուքով նշուած է Աշուղ Հաւասիի 121-ամեակը: Օրը նշանաւոր դարձած է մեծանուն աշուղի յուշարձանի բացման հանդիսաւոր արարողութեամբ: Անիկա կառուցուած է ծագումով Ղզլքիլիսայէն, այժմ Մոսկուա բնակող Էդգար Արամեանի բարերարութեամբ:
Արարողութեան ներկայ եղած են Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Ծալկայի ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդ Հոգեշնորհ Տէր Բաբգէն վարդապետ Սալբիյեանը, Ծալկայի հայկական համայնքներու հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տէր Ղեւոնդ քահանայ Թօփաշեանը, Արագովայի եւ յարակից գիւղերու հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տէր Թադէոս քահանայ Տէր-Մկրտչեանը, Ծալկայի տեղական իշխանութեան ներկայացուցիչները` Վրաստանի խորհրդարանի պատգամաւոր Գախաբէր Օքրիաշվիլիի գլխաւորութեամբ, Վրաստանի խորհրդարանի հայ պատգամաւորներ Հենզել Մկոյեանն ու Սամուէլ Մանուկեանը, ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր Շիրակ Թորոսեանը:
Բացման արարողութենէն ետք, Հոգեշնորհ Տէր Բաբգէն վարդապետ Սալբիեանի գլխաւորութեամբ, կատարուած է հոգեհանգստեան կարգ: Այնուհետեւ տեղի ունեցած է դաշտահանդէս: