Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս Եւ Անդրանիկ Սեւան Մասնակցեցան Սեն Ժոզէֆի Կազմակերպած Համալիբանանեան Ռալիին

Շաբաթ եւ Կիրակի, 2-3 Սեպտեմբեր 2017-ին, Սեն  Ճոզէֆի սկաուտութեան երէցական խումբը կազմակերպեց համալիբանանեան  տարողութեամբ  երկօրեայ  Ռալի մը, որուն մասնակցեցան   լիբանանեան 15 սկաուտական խումբեր:

Ռալին սկսաւ Շաբաթ առաւօտեան ժամը  8-ին: Ռալիին  մասնակցելու հրաւէր ստացած էին ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասը եւ ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանը:  Մեր զոյգ սկաուտական խումբերէն՝  խմբապետական կազմի անդամներ, ինչպէս նաեւ երէցներ  եւ  քառավելներ լաւագոյնս դրսեւորեցին  ՀԵԸ-ի  սկաուտական դպրոցի  աւանդութիւնները:

 Իւրաքանչիւր մասնակցող սկաուտական խումբ առանձնաբար  պիտի  ունենար  շարժական եւ   աշխատանքային ենթախումբեր: Աշխատանքային խմբակը պիտի օգնէր  ինքնաշարժով շրջող  իր  խմբակիցներուն:

  ՀԵԸ –Անդրանիկ Անթիլիասի շարժական խումբը  կը  բաղկանար եօթ անձերէ: Գալով աշխատանքային  խմբակին, սկաուտական  շարժումի  քսանէ աւելի  անդամ-անդամուհիներ, նոյնիսկ՝ արենուշներ, սկաուտներ,  ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան  կեդրոնէն հետեւեցան  Ռալիի ընթացքին եւ  շնորհիւ իրենց կազմակերպուած  խմբային աշխատանքին,առաւելագոյն  չափով  օգնեցին  շարժականի  իրենց ենթախմբակիցներուն: ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի շարժական խումբը կ’ընդգրկէր հինգ անձ: Անոնց աշխատանքային խումբը  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի  Զապէլ Մովսէսեան կեդրոնէն կը հետեւէր Ռալիին:

 Սկզբունքով, ինքնաշարժով շրջող խմբակը  իրեն յղուած  հարցումները  կը ղրկէր  աշխատանքային խմբակին: Այս  վերջինիս մաս կազմողները  համացանցի  միջոցով կը   յայտնաբերէին  հարցումին պատասխանը եւ կը  փոխանցէին  շարժական խումբի իրենց խմբակիցներուն:  Հարցարաններուն  կողքին, Ռալիի  մասնակցողներուն առջեւ  առկայ էին ֆիզիքական մարտահրաւէրներ, ինչպէս՝ լողալ,  լեռ մագլցիլ եւ այլն:  Շարժական  խմբակները  շրջեցան  Լիբանանի գրեթէ  բոլոր  կողմերը՝  Էհտին, Պեքաա,  Պշարի, Մէյրուպա,Էնֆէ,  Միզիարա, Լաքլուք, Հատատ էլ  Ժեպէ…: Շուրջ   քսանհինգ տարբեր  շրջաններ:

 Միւս  կողմէ, Ռալի ին կազմակերպիչները յատուկ  բարենիշերով գնահատեցին   սկաուտական այն խումբերը, որոնք  կամաւորաբար ընդառաջեցին մարդասիրական  Donner Sang Compter-ի  կազմակերպած արեան հանգանակութեան արշաւը: ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի  վեց անձեր մասնակցեցան արեան տուչութեան:

Շարժական  բոլոր խումբերը  Շաբաթ օր  գիշերեցին միեւնոյն  վայրին մէջ: Իսկ աշխատանքային խումբերը, ՀԵԸ-ի պարագային՝  ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Զապէլ Մովսէսեան կեդրոններուն մէջ:

Կիրակի առաւօտեան   ժամը  8-ին Ռալիին վերսկսաւ  եւ աւարտեցաւ   երեկոյեան  ժամը   9-ին:  Բոլոր  մասնակիցները   համախմբուած էին Սեն Ճոզէֆ,  իրազեկ դառնալու  երկօրեայ  Ռալիի արդիւնքներուն:   Առաջին եւ երկրորդ դիրքերը գրաւեցին Սեն Ճոզէֆը ներկայացնող  խումբերը: ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս  մասնակցող   15 խումբերուն մէջ գրաւեց  երրորդ պատուաբեր դիրքը:  ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան չորրորդ հանդիսացաւ:

Արդիւնքները   գնահատելի  էին մեր զոյգ սկաուտական միաւորներուն  համար, նկատի ունենալով որ  անոնք առաջին անգամ ըլլալով  կը մասնակցէին նման  տարողութեամբ  Ռալիի մը: 

ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ  ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին