ՀՀ Նախագահ, զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան, երէկ, երկրի բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ, Սարդարապատի յուշահամալիրին մէջ, մասնակցած է ռազմաուսումնական հաստատութիւններու 2016-2017 ուսումնական տարուան շրջանաւարտներու աւարտական հանդիսաւոր ձեռնարկին:
ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւննրով՝ Նախագահը ողջունած է արարողութեան մասնակիցները, շնորհաւորած ռազմաուսումնական հաստատութիւններու 2017-ի շրջանաւարտները աւարտական արարողութեան առիթով եւ մաղթած բարի ծառայութիւն ու մեծ յաջողութիւններ:
ՀՀ ՊՆ հրամանով՝ 279 շրջանաւարտներու շնորհուած է առաջին սպայական կոչում: Ձեռնարկին ծիրէն ներս՝ ռազմաուսումնական հաստատութիւններու շրջանաւարտները ստացած են իրենց աւարտական փաստաթուղթերը եւ դաշոյնները, որոնք անոնց յանձնած են Հանրապետութեան Նախագահը եւ ԱԱԽ (Ազգային անվտանգութեան խորհուրդ) անդամները:
Հանդիսութիւնը աւարտած է մարտական դրօշներուն շրջանաւարտներու հրաժեշտի արարողութեամբ եւ հանդիսաւոր քայլերթով: