Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

«Զարթօնք» Հայրենիքի Մէջ – Զ. – Այցելութիւն «Ուիքիմետիա Հայաստան» Կազմակերպութեան Գրասենեակը «Համացանցի Վրայ Հայերէնով Տեղեկատուութեան Առկայութիւնը Լեզուի Պահպանման Երաշխիքն Է». Սեւակ Յակոբեան

ՏԱԹԵՒ ԴԱՒԹԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից

Ուիքիփետիան բազմալեզու համացանցային ազատ հանրագիտարան է, որ կը ստեղծուի կամաւորներու համագործակցութեամբ: Ան կ’օգնէ տեղեկանալու մարդկութեան պատմութեան ընթացքին ստեղծուած գիտելիքներու ամբողջ պաշարին: Ան հիմնուած է ամերիկացիներ Ճիմի Ուելսի եւ Լարի Սանճէրի կողմէ 15 Յունուար 2001-ին:

Այսօրուայ դրութեամբ Ուիքիփետիան աշխարհի ամենամեծ հանրագիտարանն է: Ան օրական կը հարստացուի եւ կը պահպանուի աշխարհի մէջ տարածուած աւելի քան 14 միլիոն մասնակիցներու կողմէ: Ամէն ամիս Ուիքիփետիայէն կ’օգտուին 500 միլիոնէ աւելի այցելուներ:

Հայերէն Ուիքիփետիան Ուիքիփետիա բազմալեզու եւ ազատ հանրագիտարանի հայալեզու տարբերակն է: Բոլոր Ուիքիմետիա-նախագիծերն ալ, Հայերէն Ուիքիփետիայի բովանդակութիւնը եւս, ինչպէս վերը նշեցինք, կը գտնուին ազատ արտօնագիրի ներքոյ, եւ իւրաքանչիւր ոք կրնայ օգտագործել, խմբագրել ու տարածել այդ բովանդակութիւնը, քանի որ յետագայ տարբերակները կը տարածուին նոյն սկզբունքներով եւ կը նշուին հեղինակները:

Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր` Սեւակ Յակոբեան իր Երեւան կեցութեան միջոցին, այցելութիւն մը տուաւ իրեն սրտամօտիկ «Ուիքիմետիա Հայաստան» կազմակերպութեան գրասենեակը:

Այցելութիւնը տեղի  ունեցաւ շատ ջերմ ու մտերմիկ միջավայրի մէջ: Հանդիպման ընթացքին տեղի ունեցաւ զրոյց մը՝ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի Սփիւռքի մէջ տեղի ունեցած Ճամբարներու կազմակերպման եւ ընթացքին մասին: Մեր զրուցակիցն էր Արեւմտահայ Ուիքիմետիա կազմակերպութեան Արեւմտահայ բաժինի համակարգող Ազնիւ Ստեփանեանը, որ պատմեց Արեւմտահայ Ուիքիփետիայի ձեւաւորման եւ ընթացքին մասին:

Ազնիւ Ստեփանեան յիշեցուց, որ. «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան իր նախնական քայլերը սկսած է 2014 թուականէն։ 2015-էն սկսեալ՝ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրամի հովանաւորութեամբ՝ սկսած է Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի նախագիծը: Այդ ժամանակ սկսած են ճամբարներ կազմակերպուիլ: Առաջին դաընթաց-ճամբարին, որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ` կը մասնացէին Պէյրութէն եկած լրագրողներ եւ ուսուցիչներ, որպէսզի Պէյրութի մէջ տարածեն Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի գաղափարը: Այդ ժամանակ ծրագիր կար, որ նմանատիպ բան կազմակերպուի նաեւ Սփիւռքի ուսանողներու եւ աշակերտներու հետ, որուն համար յաջորդ դասընթացք-ճամբարը տեղի ունեցաւ Լիբանանի Զմառի վանքին մօտակայ տարածքին մէջ: Տարբեր դպրոցներէ կը մասնակցէին աշակերտներ: Իբրեւ առաջին աշխատանք՝ այս երկու դասընթացները տուին շատ յաջող արդիւնք: Պէյրութէն լաւագոյնս ներկայացած մասնակիցներէն եօթը մեզի հետ վերադարձան Հայաստան, որպէսզի մասնակցին Հայաստանի մէջ կազմակերպուող Ճամբարին: Յետագային սկսանք տարեկան երկու ճամբար կազմակերպել, մէկը՝ ամառնային, միւսը՝ ձմեռնային: Հայաստանեան ճամբարները մեծ մասամբ տեղի կ՝ունենան Հայաստանի Հանրապետութեան Կոտայքի մարզի Աղուերան լեռնային հանգստավայրին մէջ»:

«Այժմ, ընդհանրապէս մասնակցութիւնը վճարովի է նորեկներուն համար։ Անոնք, որոնք չեն ընտրուած, մասնակցելու համար կրնան վճարել եւ մասնակցիլ ճամբարներուն: Իսկ միւսները, իրենց աշխատանքներուն համաձայն, վիճակահանութեամբ կ’ընտրուին եւ կը մասնակցին ճամբարին: Անշուշտ որ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա պատրաստելու սկզբնական փուլը աւելի դանդաղ էր, մասնակիցները շատ էին, բայց արտադրանքը՝ քիչ։ Յատկապէս այս տարի, սկսաւ մեծնալ արտադրանքին թիւը: Բոլորը աշակերտներ են, որոնք յօդուածները կը խմբագրեն սիրայօժար կերպով: Բոլոր մասնակիցներուն անունները կը նշուին յօդուածին մէջ։ Եթէ այցելէք մասնակիցներու ներդրումներ էջը՝ պիտի տեսնէք իրենց խմբագրած յօդուածները, ներդրումները, յօդուածներուն թիւը, այսինքն՝ բոլոր մանրամասնութիւնները: Այդ տուեալներուն մէջ կը դրուի նաեւ այն, թէ որ ժամուն ինչ փոփոխութիւն եղած է տուեալ յօդուածին վրայ: Այսինքն, բոլոր տուեալները մանրամասնութեամբ թափանցիկ կերպով նշուած են». աւելցուց Ուիքիփետիայի պատասխանատուն:

Ըստ Ստեփանեանին, մեր զրոյցի պահուն Ուիքիփետիայի մէջ կայ 6064 Արեւմտահայերէն յօդուած: «Նպատակ ունինք Արեւմտահայերէնի համար առանձին Ուիքիփետիայի մեքանիզմ մը ունենալ: Դիմումը ներկայացուցած ենք եւ մեծ յոյս ունինք մինչեւ Կաղանդ ունենալու Արեւմտահայերէն առանձին Ուիքիփետիան» աւետեց Ստեփանեան:

«Ուքիփետիան կը տարածուի 270 լեզուներով։ Երբ ես նոր սկսած էի այս ոլորտին մէջ իմ գործունէութիւնը՝ Արեւելահայերէնը  41-րդ տեղն էր, իսկ այս տարի յառաջընթաց եղած է եւ անիկա արդէն 36-րդն է» վկայեց մեր զրուցակիցը:

«Բոլոր յօդուածները կը սրբագրուին, հաւաստի աղբիւրները պէտք է անպայման ըլլան: Ընդհանրապէս մեր ճամբարները հիմնուած էին Ուիքիփետիայի աշխատանքներուն վրայ, բայց այս տարի նորութիւն մտցուցինք` «լեզու մեզու», «թարգմանիչի անկիւն», «գրողի անկիւն», «ընթերցանութեան ժամ»: «Լեզու մեզու» բաժինով մասնակիցները կը քննարկեն լեզուական քերականական հարցերը, «թարգմանիչի անկիւն» բաժինով՝ մասնակիցները կը կատարեն թարգմանչական աշխատանքներ, «գրողի անկիւնը» բաժինով մասնակիցները իրենք կը փորձէին ստեղծագործել եւ ամէն մէկը կարդալ իր գրածը, որուն շուրջ կը սկսի փոքրիկ բանավէճ: Այս բաժինները շատ օգտակար  են եւ հետաքրքրական: Սփիւռքի մէջ մասնակիցներու տարիքային խումբը կազմուած է 16-26 տարեկաններէ, իսկ Հայաստանի մէջ, աւելի տարբեր տարիքային խումբեր կան. 11-16 տարեկան եւ աւելի բարձր: 11 տարեկանները, մեծ մասամբ, Ուիքիբառարան եւ Ուիքիդարան կը խմբագրեն, որ իրենց տարիքին աւելի յարմար է», տեղեկացուց Ստեփանեան:

Իմացանք, որ իւրաքանչիւր ճամբարի աւարտին՝ մասնակիցները կը պատրաստեն հարցաթերիկ, ուր կը նշեն ճամբարին ընթացքն ու իրենց տպաւորութիւնները: Այս տարի նորութիւն եղած է  նաեւ Ուիքիդարանը, որ գիրքերու շտեմարան է, ուր կը տեղադրուին  հաւաքուած ու թուայնացուած գիրքեր:

«Զարթօնք»ի գլխաւոր խմբագիրը իր հիւրընկալին հետ քննարկեց »Զարթօնք»ի թուայնացած հաւաքածոները Ուիքիդարանի վրայ զետեղելու կարելիութիւններու մասին եւ ընդհանրապէս այս ուղղութեամբ համագործակցութեան:

Յակոբեան շեշտեց, որ. «Համացանցի վրայ հայերէնով տեղեկատուութեան առկայութիւնը լեզուի պահպանման երաշխիքն է: Մինչ Սփիւռքի մէջ տարիներէ ի վեր ահազանգային դարձած է արեւմտահայերէնի գոյատեւման վտանգը,  այս ուղղութեամբ սակայն ինչպէս հայկական այլ հիմնախնդիրներու պարագային՝ նաեւ այս երեւոյթին նկատմամբ մէջտեղ դրուած են աւելի շատ լոզունգներ քան առնուած են գործնական քայլեր»:

«Ուիքիփետիայի միջոցով արեւմտահայերէնը համացանցային լեզուի վերածելու եւ այդ միջոցաւ նորահաս սերունդին հասցնելու հարցով ամենաօգտաշատ, անզուգական եւ գործնական նախաձեռնութիւնը եկած է Հայրենիքէն՝ Ուիքիմետիա Հայաստանի նախաձեռնութեամբ, որուն յաջողութեան ի խնդիր իր անսակարկ նպաստը բերած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը` հովանաւորելով արեւմտահայերէնը փրկելու վերոյիշեալ այս կենսական նախաձեռնութիւնը, որուն համար երկու հաստատութիւններուն ալ աւելի քան շնորհակալ եւ երախտապարտ ենք, այս առիթով նաեւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկի  Հայկական Բաժնի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեանին եւ Ուիքիմետիա Հայաստան կազմակերպութեան նախագահ Սուսաննա Մկրտչեանին», եզրափակեց Յակոբեան:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին