*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից
Քարին տակ գիւղէն ոչ հեռու, դիմահայեաց լանջին, հերթական տարին է, որ կ’աշխատին խումբ մը հնագէտներ: Անոնք արդէն հասցուցած են, առնուազն հնագիտական շրջանակներու մէջ, շրջանառութեան մէջ դնել նոր անուն` Քարին տակի քարանձաւը: «Ընտրած ենք ա՛յս անունը, քանի որ արդէն կայ յաջող փորձը: Ազոխի քարանձաւը մեծ դեր կը խաղայ, որ Ազոխ գիւղը եւս հանրաճանաչ դառնայ: Այս պարագային ալ՝ որոշեցինք Քարին տակի անունը յաւերժացնել: Ե՛ւ յարմար է, ե՛ւ մեզի համար հոգեհարազատ»,- մանրամասներ կը պատմէ ՀՀ ԳԱԱ Մոլեքիւլային Կենսաբանութեան Ուսումնարանի Ցեղածննդական տարրալուծարանի վարիչ, կենսաբանական գիտութիւններու դոկտոր, Քարին տակի հնագիտական արշաւախումբի ղեկավար Լեւոն Եպիսկոպոսեանը:
Քարանձաւը յայտնաբերուած է 2011-ին: 2014-15 թուականներուն այնտեղ իրականացուած են հետախուզական աշխատանքներ` Ազոխի արշաւախումբի անդամներու եւ հրաւիրուած արտասահմանցի մասնագէտներու մասնակցութեամբ: «Բայց ատոր հետ մէկտեղ պէտք է ըսել, որ ե՛ւ 2014, ե՛ւ 2015 թուականներուն մենք ունեցանք հետաքրքրական գտածոներ, որոնք յետագային ներկայացուած են բաւական լուրջ աշխատանքներու մէջ»,- կը վստահեցնէ Լեւոն Եպիսկոպոսեանը:
Քարանձաւին մէջ մշակութային շերտը ունի 100 հազար տարուան պատմութիւն: 2015-ին այստեղ գտնուած գործիքը՝ ժամանակակից ճարտարագիտական միջոցներու կիրառումով՝ ուսումնասիրուած ու թուագրուած է, ունի 35 հազար տարուան հնութիւն: Ասիկա հիմք կու տայ արշաւախումբի ղեկավարին ակնկալիքներուն` այս քարանձաւին մէջ գտնելու վերին պալէոլիթին պատկանող ոսկրանիւթ. անիկա դեռ չէ գտնուած Հայաստանի տարածքին վրայ: Ասիկա նոր պեղավայրի առաջին գրաւիչ կողմն է: Քարանձաւի երկրորդ գրաւչութիւնը՝ անոր կայուն բնակլիմայական պայմաններն են: «Ձմրան ընթացքին այս քարանձաւին մէջ մօտ 7-8 աստիճան տաքութիւն է, ամրան ընթացքին՝ 11-12: Ինչպէս կը տեսնէք՝ միջակայքը բաւական փոքր է: Իսկ երբ ջերմաստիճանի եւ խոնաւութեան տատանումներու միջակայքը փոքր է, հաւանականութիւնը մեծ է, որ ՏՆԹ-ն պահպանուած ըլլայ»,- լաւատեսութիւնը կը հիմնաւորէ Լեւոն Եպիսկոպոսեանը: Ատով արդէն իսկ համոզուած են: 2015-ի պեղումներուն ընթացքին այստեղ ակռայ գտնուեցաւ: ՏՆԹ-ն պահպանուած էր: Ուսումնասիրած են քանի մը մակարդակով, արդիւնքները համեմատած: «Մէկ-մէկուկէս ամիս առաջ լոյս տեսաւ յօդուածը, ուր մենք կը պնդենք ու կը հաստատենք, հայ ժողովուրդի ծինի պատմութիւնը ունի առնուազն 8-10 հազար տարուան տեւողութիւն: Այդ ակռայէն գտնուած ՏՆԹ-ն ամբողջովին կը համընկնի հայու այսօրուան ՏՆԹ-ին»,- կը նշէ ՀՀ ԳԱԱ Մոլեքիւլային Կենսաբանութեան Ուսումնարանի Ցեղածննդական տարրալուծարանի վարիչ, կենսաբանական գիտութիւններու դոկտոր, Քարին տակի հնագիտական արշաւախումբի ղեկավար Լեւոն Եպիսկոպոսեանը:
Աւելի պարզ. Եթէ Ազոխի քարանձաւը ապացոյցն էր, որ Ափրիկէէն դէպի հիւսիս մեծ տեղաշարժը նաեւ ներառած է Արցախի տարածքը, ուստի Քարին տակի քարանձաւի պեղումներէն արդէն եղած հետեւութիւնները կ’ապացուցեն, որ հայերու նախնիները այս տարածքին վրայ հաստատուած են առնուազն 7-8 հազար տարի առաջ: Եւ ատիկա` միայն հայ գիտնականներու պնդումը չէ: «Ատիկա միայն մենք չենք ըսեր: Ե՛ւ պեղումները, ե՛ւ գտնուած նիւթի յետագայ ուսումնասիրութիւնը կատարած ենք հանրածանօթ միջազգային գիտական կեդրոններու ներկայացուցիչներու մասակցութեամբ՝ Դանիայէն, Ռուսիայէն: Հայկական կողմէն ալ մասնակցած է մեր տարրալուծարանը»,- կ’ընդգծէ Լեւոն Եպիսկոպոսեանը:
2017-ի պեղումներու արդիւնքներուն մասին Լեւոն Եպիսկոպոսեանը դեռ չի խօսիր: Գտնուած նիւթը ուսումնասիրելու եւ հանրութեան ներկայացնելու համար՝ պիտի օգտագործեն յառաջիկայ մէկ տարին:
Ստեփանակերտ