Աջակցութիւն հայ դպրոցին ծրագիրին ծիրէն ներս՝ Թէքէեան Կեդրոն հիմնադրամին հովանաւորութեամբ՝ Հայաստանի եւ Արցախի Վ. Թէքէեան դպրոցներու 10-14 տարեկան 67 աշակերտ ամառնային հանգիստը անցուց Հանքաւանի Արագած բանակավայրին մէջ: Բանակումին ծրագիրը կը կրէ շարունակական բնոյթ եւ կ’իրականացուի ութերորդ տարին ըլլալով՝ նպաստելով մեր երկրի տարբեր շրջաններու մէջ բնակող պզտիկներու մերձեցման, անոնց մտաւոր, ֆիզիքական, անհատական զարգացման: Առ այսօր բանակումի ծրագիրը ընդգրկած է 545 մասնակից, եւ այս տարի եւս՝ ծրագիրին մասնակցած են մասնաւորապէս գերազանց առաջադիմութիւն ունեցող, անապահով եւ բազմազաւակ ընտանիքներու պզտիկներ Երեւանէն, Գիւմրիէն, Ստեփանաւանէն, Կարբիէն եւ Բերձորէն:
Հանքաւանի հրաշալի բնութեան գիրկին մէջ գտնուող բանակավայրը մեծ սիրով ու ջերմութեամբ հիւրընկալեց եւ համախմբեց թէքէեանցիները, որոնք Արագածի մէջ ապրեցան բանակողի կեանքի հետաքրքրական կարգով` առաւօտեան շեփորի կանչ, մարզանք, տողանցքներ ու շքերթներ: Թէքէեանցի մանկավարժներու եւ բանակումի ջոկատավարներու համատեղ աշխատանքին շնորհիւ՝ պզտիկներու առօրեան յագեցած էր մտաւոր, մարզական, մշակութային ձեռնարկներով:
Մեծ խանդավառութեամբ՝ պզտիկները մասնակցեցան ուսուցանող խաղերուն, զարգացման մրցոյթներուն, դաստիարակչական տարբեր թեմաներով զրոյց-բանավէճերուն, մարզական խաղերուն, արշաւներուն, սորվեցան ժողովրդական երգեր ու պարեր: Մրցութային ձեռնարկներու լաւագոյն մասնակիցները պարգեւատրուեցան բաժակներով ու շնորհակալագիրներով: Կազմակերպուեցան Բանակի օր, Արցախի օր, Ազգային երգի-պարի օր ձեռնարկները, որոնցմէ ակնառու էր հայ դպրոցականի ազգային ոգին, յաղթանակի ցանկութիւնը:
Հանգիստի վերջին օրը վառեցաւ հրաժեշտի աւանդական խարոյկը: Բաժանումը յուզիչ էր` լի արցունքներով եւ ջերմ խօսքերով: Դժուար էր հեռանալ մտերիմ ընկերներէն, հարազատ դարձած Արագածէն, որ իրենց պարգեւեց անկրկնելի հանգիստ, անմոռանալի տպաւորութիւններ ու նոր գիտելիքներ: Թէքէեանցիները հրաժեշտ տուին բանակավայրին՝ կրկին վերադառնալու ակնկալիքով: