Օգոստոս 14-ին ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ «Արի տուն» ծրագիրի վերջին` 8-րդ փուլի բացման արարողութիւնը:
Ողջունելով ներկաները` Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան բարի երթ եւ բարձր տրամադրութիւն մաղթեց Սփիւռքի տարբեր համայնքներէն ժամանած պատանիներուն: «Օգտուէ՛ք Հայրենիքի ընձեռած բոլոր հնարաւորութիւններից, այս ընթացքում աւելի կատարելագործէք հայերէնի ձեր իմացութիւնը եւ խօսէ՛ք մայրենի լեզուով»,-ընդգծեց Սերժ Սրապիոնեան:
«Արի տուն» ծրագիրի 8-րդ փուլին կը մասնակցին 67 պատանիներ 13 երկրէ` Ռուսատանէն, Ուքրանիայէն, Վրաստանէն, Թուրքիայէն, Ապխազիայէն, ԱԵՄ-էն, Սուրիայէն, Լաթվիայէն, Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Ռումանիայէն, Մեծն Բրիտանիայէն եւ Լեհաստանէն:
2017 թուականին «Արի տուն» հայրենաճանաչութեան ծրագիրը հիւրընկալած է 36 երկիրէ ժամանած 1061 սփիւռքահայ երիտասարդներու: