*ՏԱԹԵՒ ԴԱՒԹԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից
«Շարժանկարի տաճարին մէջ կան կերպարներ, լոյս եւ իրականութիւն,
իսկ Սերգէյ Փարաջանովը այդ տաճարին վարպետն է»:
Ժան-Լիւք Կոտար
(ֆրանսացի բեմադրիչ)
Հայ մեծանուն շարժանկարի բեմադրիչ Սերգէյ Փարաջանովը ծնած է 1924 Յունուար 9-ին Թիֆլիս: 1964 թուականին Փարաջանովը նկարահանած է «Մոռցուած նախնիներու ստուերները» ֆիլմը, որ դարձած է 1960-ական թուականներու խորհրդային շարժանկարի ամենավառ իրադարձութիւններէն մէկը։ Անոր գլուխ գործոցը կարելի է համարել «Նռան գոյնը» ֆիլմը, որ կը պատմէ թիֆլիսահայ աշուղ Սայեաթ-Նովայի կեանքին մասին: Երկու երկար ֆիլմերն ալ ենթարկուած են խորհրդային գրաքննութեան: Այնուհետեւ, կառավարութիւնը կը փոխէ իր վերաբերմունքը Փարաջանովի հանդէպ եւ 1973 թուականի Դեկտեմբեր 17-ին, ան 5 տարի կը բանտարկուի: Կեանքի վերջին տարիներուն Փարաջանովը կը նկարէր ինքնակենսագրական «Խոստովանանք» ֆիլմը, որ անաւարտ մնացած է եւ յետագային ամբողջութեամբ օգտագործուած Միքայէլ Վարդանովի «Փարաջանով Վերջին Գարուն» վաւերագրական ֆիլմին մէջ: Փարաջանովը մահացած է 1990 թուականի Յուլիսին:
Այս շաբաթ, «Զարթօնք»-ը կ՝անդրադառնայ Սերգէյ Փարաջանովի անուան թանգարանին: Թանգարանին մէջ կեանքի կոչուած են անոր արուեստի գեղարուեստական եւ ցուցադրական սկզբունքները, որոնց մասին կը մանրամասնէ թանգարանի տնօրէն Զաւէն Սարգսեանը:
Զաւէն Սարգսեանը ծնած է Երեւան, 1947 թուականին: 1972 թուականին աւարտած է Երեւանի ճարտարագիտական ուսումնարանը: Ուսանելուն զուգահեռ` 1969-1972 թուականներուն, իբրեւ աւագ գիտաշխատող աշխատած է Երեւանի մաթեմաթիքական մեքենաներու գիտահետազօտական ուսումնարանին մէջ:
Մինչեւ 1974 թուականը եղած է Աբովեանի «Սիրիուս» գործարանի աւագ ճարտարապետ: 1974-1986 թուականներուն` ՀԽՍՀ նախարարներու խորհուրդի գործերու կառավարչութեան արտաքին կապերու բաժինի աւագ դիւանապետ:
1986 թուականին նշանակուած է Հայաստանի ժողովրդական արուեստի պետական թանգարանի տնօրէն: Այդ պաշտօնով աշխատած է մինչեւ 1992 թուական:
1992 թուականէն մինչ օրս կը ղեկավարէ Սերգէյ Փարաջանովի թանգարանը։
Եղած է Սերգէյ Փարաջանովի անձնական լուսանկարիչը: Հայաստանի ժուռնալիստներու միութեան անդամ:
Անհատական ցուցահանդէսներ ունեցած է Հայաստանի, ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Չինաստանի, Ռուսիոյ, Վրաստանի, Սերպիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ: Պարգեւատրուած է ՀՀ վարչապետի յուշամետալով :
«Զ.» -Պարոն Սարգսեան, գիտենք, որ եղած էք Սերգէյ Փարաջանովի անձնական լուսանկարիչը, կ’ըսէ՞ք ինչպիսի մարդ էր Փարաջանովը: Իր ստեղծագործական կեանքին մէջ ի՞նչ դժուարութիւններ ունեցած է:
Զ. Ս. – Փարաջանովը ունեցած է շատ ծանր կեանք: Ան հանճար էր, որուն չէին ձգեր աշխատի: Տարիներ շարունակ կը փակէին անոր ֆիլմերը եւ կը մերժէին: Երիտասարդ ժամանակ ան Քիեւ կ՝ապրէր եւ ֆիլմեր կը նկարէր: Անոնք սովետական ֆիլմեր էին `պատուիրուած էին, պարզապէս կու տային, որ բեմադրիչը նկարէ: Ան այդ ֆիլմերուն մէջ ոչինչ կրնար փոխել: Այդ ժամանակ ունէր աշխատանք, ամուսնացաւ, բնակարան ստացաւ, եւ նկարեց ֆիլմ մը, որ զինք ճանաչելի դարձուց ամբողջ աշխարհին: Այդ ֆիլմը «Մոռացուած նախնիներու ստուերներ» ֆիլմն էր, որ նկարահանուած է ուքրանացի գրող Միխայիլ Գոցիւպինսքիի վիպակին հիման վրայ, կատարող` Եուրի Իլիենքօ: Ֆիլմը Փարաջանովին համաշխարհային հռչակ կը բերէ: Ազգային հանդերձանքներու առատութեան, հետաքրքրական ու նորարարական եւ գիւղական կեանքի տարօրինակ ներկայացման շնորհիւ՝ ֆիլմը ստացած է բազմաթիւ միջազգային մրցանակներ եւ Փարաջանովը դարձուցած է յայտնի: Կարելի է ըսել, որ այս ֆիլմէն ետք սկսան Փարաջանովի դժուարութիւնները: Իշխանութեան համար հաճելի չէր անոր ուղղութիւնը, անոնք հասկցան, որ Փարաջանովի արուեստը սոցիլիզմէն հեռու է: Անոր արուեստը մարդոց կը ստիպէր ետ նայիլ, խորանալ ակունքներու մէջ, որ դէմ էր ամբողջ սովետական քաղաքականութեան եւ անոր համար էին անոր դժուարութիւնները: Անշուշտ ուրիշ հարցեր ալ կային: Ան ոգեւորուած առաջին ֆիլմին յաջողութենէն, շատ կ՝ուզէր Ժամանակակից թեմաներով ֆիլմ նկարել Քիեւի մասին: Ֆիլմը կը կոչուէր «Քիեւեան որմնանկարներ»։ Ֆիլմին սենարը դժուարութեամբ հաստատուելէ ետք՝ ան 1965 թուականին կը սկսի նկարահանումները: Ֆիլմը հակապատերազմեան էր, որուն միջոցով ան կ՝ըսէր, որ պատերազմները դժբախտութիւն են ժաղովուրդներու համար: Անոր վրայ մեծ ազդեցութիւն ձգած էր 1943 թուականին Ստալինի հրամանով Քիեւի պաշարումը, երբ քանի մը օրուան ընթացքին մէկ միլիոն մարդ զոհուեցաւ: Այս ֆիլմը ցաւօք արգիլուեցաւ, իսկ պահպանուած նիւթը կարգի բերուեցաւ քիեւեան շարժանկարի արտուեստանոցի մը մէջ: Այնուհետեւ, Փարաջանովը կը հրաւիրեն Հայաստան, Երեւանի մէջ աշխատելու: Այստեղ,1968 թուականին, Համօ Բեկնազարեանի անուան շարժանկարի արուեստանոցին մէջ, Փարաջանովը ձեռնամուխ կ՝ըլլայ նկարահանելու միջնադարեան հայ պոէտ, աշուղ Սայեաթ Նովային նուիրուած «Նռան գոյնը» ֆիլմը: Այս ֆիլմը անոր լաւագոյն ֆիլմն է Հայաստանի մասին: Անիկա կը պատմէ մեր ակունքներուն, մեր երկրի, կրօնի, հաւատքի, մեր եկեղեցիներուն մասին: Ֆիլմը շատ դժուաորութեամբ ներկայացաւ պաստառներու վրայ, որմէ ետք, Փարաջանովը՝ ունենալով բազմաթիւ սենարներ՝ 15 տարի ֆիլմ չնկարեց:
«Զ.» – Փարաջանովի անուան թանգարանը Երեւանի ամենաշատ այցելուներ ունեցող թանգարաններէն է: Հիմնադրման ի՞նչ պատմութիւն ունի անիկա: Ի՞նչ նմուշներ կը պահպանուին թանգարանին մէջ։ Բացի Փարաջանովի հաւաքածոյէն ուրիշ ի՞նչ նմուշներ կան:
Զ. Ս. – Այո, ճիշդ էք, անիկա Երեւանի ամենաշատ այցելուներ ունեցող թանգարաններէն է: Կը ներկայացնէ Փարաջանովի բազմազան գրական եւ գեղարուեստական ժառանգութիւնը: Հիմնադրուած է 1988 թուականին, Հայաստանի ժողովրդական արուեստի պետական թանգարանին մէջ կազմակերպուած Սերգէյ Փարաջանովի գործերու հայրենիքի մէջ առաջին ցուցահանդէսէն յետոյ: Նոյն թուականին, «Ձորագիւղ» ազգագրական թաղամասին մէջ, Փարաջանովին յատկացուեցաւ երկու կից կառոյց` բնակութեան եւ թանգարանի համար: 1988-ի երկրաշարժին պատճառով՝ Հայաստանի մէջ շինարարական աշխատանքները որոշ ժամանակով դադրեցուեցան: Այդ էր պատճառը, որ թանգարանը բացուեցաւ միայն 1991 թուականին:
Թանգարանը կը գտնուի աւանդական կովկասեան ոճի երկյարկանի կառոյցի մը մէջ: Թանգարանի հաւաքածոն կը կազմեն մօտ 1600 ցուցանմուշներ, որոնց հիմնական մասը Փարաջանովի աշխատանքներն են. գծանկարներ, ֆիլմերու համար էսքիզներ, տիկնիկներ, գլխարկներ, ինչպէս նաեւ անոր կամքով Երեւան տեղափոխուած Թիֆլիսի տան կահոյքը եւ անձնական իրերը: Թանգարանի ֆոնտերուն մէջ կը պահպանուին բեմադրիչի նամակագրութիւնը` նամակներ ուղղուած Լիլի Պրիքին, Ա. Դարգովսքիին, Ե. Նիկուլինին, Վ. Քաթանեանին եւ մշակոյթի այլ գոծիչներու: Թանգարանի ցուցադրութեան մէջ ընդգրկուած է շուրջ 700 ստեղծագործութիւն: Յուշային երկու սենեակներու մէջ վերականգնուած են Փարաջանովի Թիֆլիսի տան եւ Քիեւի բնակարանի ներքին յարդարանքի որոշ հատուածներ:
«Զ.» -Փարաջանովի փորձարարական ջիղը, անսպառ երեւակայութիւնն ու բնատուր շնորհքը լաւագոյն դրսեւորումը գտած են վերջինիս ստեղծած քոլաժներուh մէջ: Ի՞նչ էին անոնք: Ի՞նչով կը պատրաստուէին անոնք:
Զ. Ս. – Երբ անոր ֆիլմերը արգիլուեցան, ինչպէս նշեցի, ան 15 տարի ֆիլմ չնկարեց: Այդ վիճակով ան նոյնիսկ միջոցներ չունէր ապրելու: Սկսաւ նկարել ափսէներու վրայ եւ վաճառել զանոնք շուկայի մէջ: Կը հաւաքէր հին իրեր, որովհետեւ լաւ կը հասկնար հնաոճ իրերէն: Ան այս իրերը կը վերավաճառէր որպէսզի կարենայ ապրիլ: Իսկ 1973 թուականին անոր կը ձերբակալեն ու կը բանտարկեն: Պատճառը այն էր, որ կ՝ուզէին ոչնչացնել զինք եւ չէին ձգեր որ ստեղծագործէ։ Այդ ժամանակ սկսան անհիմն մեղադրել զինք` որ իբրեւ թէ մարդ բռնաբարած է, բայց յետոյ պարզուեցաւ, որ սուտ է: Զինք կը դատապարտեն հինգ տարուան ազատազրկման: Բանտին մէջ, ունենալով ահագին ժամանակ, կը սկսի ստեղծագործոլ եւ քոլաժներ պատրաստել: Լայնօրէն կիրառած է ապակի, ճենապակի, չորցած բոյսեր, կտորներ, թաւիշ, լաթեր, տիկնիկներ, ժանեակներ, գործիքներ ու երկաթէ իրեր, ինքնատիպ կերպով մեկնաբանած է Մոնա Լիզայի կերպարը: Այս բոլոր աշխատանքները, որոնք կրնաս գտնել մեր թանգարանին մէջ, կրնան մրցիլ աշխարհահռչակ գերիրապաշտներու (surrealist) գործերուն հետ: Անոր ստեծագործութիւնը իր համանմանը չունի համաշխարհային արուեստին մէջ: Անիկա ուշադրութիւն կը գրաւէ իր բարձր վարպետութեամբ, վառ երեւակայութեամբ եւ սրամտութեամբ: Անոր աշխատանքներուն առանձնակի հմայք եւ փայլ կը հաղորդէ օգտագործուած առարկաներու եւ նիւթի զանազանութիւնը: Թանգարանին մէջ կեանքի կոչուած են Սերգէյ Փարաջանովի արուեստի գեղարուեստական եւ ցուցադրական սկզբունքները:
«Զ.» -Ի՞նչ ցուցահանդէսներով յայտնի է թանգարանը: Տարիներու ընթացքին ի՞նչ յայտնի մարդիկ այցելած են թանգարան:
Զ. Ս. – Թանգարանը յայտնի է բազմաթիւ ցուցահանդէսներով, հրապարակումներով, պատուաւոր ընդունելութիւններով` ներառեալ Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» միջազգային փառատօնի հիւրերը: Փաուլօ Գոէլիօ, Ուիմ Վենտերս, Միքայէլ Վարդանով, Տօնինօ Կուէրա, Էնրիքա Անթոնինի, Ատոմ Էգոյեան, Նիկիտա Միխալկով, Վլատիմիր Փութին, Ալեքսանդր Լուքաշենքօ, Եւկենի Եւտուշենքօ, Արնոլտ Ռիւտէ, Վալտաս Ատամկուս, Տարեա Հալոնէն, Տոնալտ Գնուդ եւ այլ յայտնի մարդիկ այցելած են թանգարան:
Թանգարանը ունեցած է 65 ցուցահանդէս աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ` Գան, Աթէնք, Թոքիօ, Մոսկուա, Հռոմ, Թեհրան, Հոլիվուտ եւ այլուր: Մեծ ցուցահանդէս ունեցած ենք նաեւ Պէյրութի մէջ:
Փարաջանովը կը ներկայացնէր Հայաստանը` ճիշդ է ապրած է Վրաստանի մէջ, աշխատած է Ուքրանիոյ մէջ, բայց ան հայ է, արուեստագէտ է, որ կը ներկայացնէ հայ կեանքը եւ հայ մարդը: Փարաջանովը՝ յայտնուելով արտասահմանի մէջ՝ միշտ ձեռք կը բերէր ամենատարբեր իրեր, որպէսզի զանոնք նուիրէ իր հիւրերուն: Ան զարմանալի ուշադիր էր, նոյնիսկ Քիեւի մէջ ապրելու տարիներուն, երբ գումար չունէր, շատ հիւրասէր էր` մարդոց կը հրաւիրէր իր տուն եւ ոչ ոք առանց նուէրի կը հեռանար: Թանգարանը, նոյնպէս, հետեւելով Փարաջանովին, իր այցելուները ջերմ կ՝ընդունի եւ կը պատմէ ամէն ինչ Փարաջանովի կեանքին եւ գործունէութեան մասին:
«Զ.» – Շնորհակալութիւն հարցազրոյցին համար պարոն Սարգսեան: Փարաջանովն է, որ հայ ֆիլմը դարձուց համամարդկային նշանակութեան`բարձր հարթակին դնելով զայն:
Աւարտին կ՛արժէ տեղ տալ մեծ հանճարին կեանքի փիլիսոփայութեան.
«Ի՞նչ է իմ կեանքը: Դարդ. ահա անոր յաւերժական ձեւը: Իմ ողջ կեանքը շարժման մէջ դրած է նախանձը: Ես նախանձեցայ գեղեցիկին ու դարձայ համակրելի, ես նախանձեցայ խելօքներուն ու դարձայ անսպասելի: Նախանձեցայ տաղանդաւորներուն ու դարձայ հանճար:
Ուրիշներու արարքներուն վերաբերեցէք այնպէս, կարծես թէ ձեզի ընդամէնը մէկ օր մնացած է ապրելու. դուք վարուեցէք այնպէս, կարծես թէ դուք դեռ մէկ դար ալ պիտի ապրիք»:
Սերգէյ Փարաջանով
Նշենք, որ Փարաջանովի թանգարանը կը գտնուի Երեւանի Կեդրոն վարչական շրջանին մէջ, Ձորագիւղ ազգագրական թաղամասին վրայ.
հեռ. • +374-10-538473, կայք. www.parajanovmuseum.am