Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս Շահեցաւ Լիբանանի Ճատրակի BLITZ Տիտղոսը

ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի  տղոց ճատրակի խումբը տիտղոս մը եւս  աւելցուց յաղթանակներով փայլուն իր  էջերուն   մէջ, երբ  շահեցաւ  Լիբանանի  ճատրակի Blitz ախոյեանութեան  տիտղոսը:

Ախոյեանութեան  տիտղոսին համար պայքարող 17 խումբերուն մէջ  ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս  գերազանցեց իր բոլոր մրցակիցները, արձանագրելով ինը յաղթանակ  եւ  18  կէտով արժանաւորապէս  գրաւեց առաջին դիրքը:

 Ախոյեանութեան  մրցումները  տեղի ունեցան Կիրակի, 6 Օգոստոս 2017, Լիբանանի ճատրակի  ֆետերասիոնին կազմակերպութեամբ, ֆետերասիոնի նախագահ Իզէթ Քրայթէմի  եւ այլ անդամներու  անմիջական հովանաւորութեան տակ, Սայտայի  քաղաքապետարանին մէջ:

ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի  Գործադիր  Մարմինի ատենապետ  Գրիգոր Քէշիշեան եւ Գործադիրի անդամ,  ճատրակի պատասխանատու Տիգրան  Զէյթճեան  իրենց ներկայութեամբ մօտէն հետեւեցան ախոյեանութեան մրցումներուն:

Մրցումներու աւարտին,  ֆետերասիոնի նախագահը հանդիսաւորապէս ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի  կազմին յանձնեց ախոյեանութեան  բաժակը եւ  մետալները:

Ստորեւ ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի կատարած  մրցումներուն  թեքնիք արդիւնքները.

ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս – Ահլի  Սայտա՝  6-0

ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս – Լիբանանեան բանակ՝ 5-1

ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս –ՀՄԸՄ՝  4-2

ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս – Սովիէթ՝ 4,5-1,5

ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս – Էնիմէյշըն՝ 6-0

ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս – Ֆրեր՝ 5-1

ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս  -Անսար՝ 5-1

ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս – Երկրաչափներու  Սենտիքա՝ 5-1

ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս – Թենմիյէ՝  5,5-0,5

ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս յառաջիկայ  Կիրակի, 13 Օգոստոսին,  պիտի մասնակցի  Լիբանանի  ճատրակի  Rapid ախոյեանութեան: Մրցումները  տեղի պիտի ունենան Թրիփոլիի  մէջ: Իսկ  6-14  Սեպտեմբերին  տեղի պիտի  ունենայ Լիբանանի ճատրակի խմբային ախոյեանութիւնը՝ ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան  կեդրոնին մէջ:

Կ’արժէ նշել, որ   Յուլիս ամսուան  վերջաւորութեան տեղի ունեցան Լիբանանի  ճատրակի  անհատական  մրցումները: ՀեԸ Անդրանիկ Անթիլիասի  մարզիկներէն  Ֆայսալ  Խէյրալլա  գրաւեց  երկրորդ դիրքը, իսկ  Անթուան   Քասիս՝  հինգերորդ:

Սրտանց  կը շնորհաւորենք  ՀԵԸ Անդրանիկ  Անթիլիասի  ճատրակի  խումբին մարզիկները մարզական այս  նոր նուաճումին առիթով,  մաղթելով նորանոր  յաջողութիւններ:

ՀԵԸ ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ  ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին