ՏԱԹԵՒ ԴԱՒԹԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից
«Առաջին անգամ աշխարհում տեսած
Իմ առաւօտն է այնտեղ մնացել,
Նա, որ բուրում էր իբրեւ ցորեն հաց
Եւ բուրում իբրեւ գարնան հող ու ցել…»
«Ծննդավայր» – Վահագն Դաւթեան
Գտնուելով հայրենիք եւ վայելելով զայն, «Արի Տուն»ի 7րդ փուլի մասնակից լիբանանահայ աշակերտներուն համար կարելի չէր մոռնալ ծննդավայր Լիբանանը, ուր անոնք ծնած, հասակ առած, դպրոց գացած, սիրած ու սիրուած են:
Այս իսկ պատճառով առաջնորդութեամբ «Զարթօնք»ի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեանին, Շաբաթ 5 Օգոստոս 2017-ի առաւօտեան աշակերտները այցելութիւն մը տուին Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Պրն. Ժան Մաաքարոնին: Աշակերտներուն ընկերակցեցան Վահան Թէքէեան Վարժարանի ուսուցչուհի Օրդ. Սեդա Պագալեան եւ խմբագիրին ընտանիքը:
Պրն. Դեսպանը լիբանանեան հիւրասիրութեան միայն յատուկ արժանիքով պատուեց իր պատանի հիւրերը եւ ամբողջ ժամ մը տրամադրեց զրուցելու անոնց հետ: Ան հետաքրքրուեցաւ իւրաքանչիւր աշակերտի Պէյրութի մէջ յաճախած դպրոցին եւ իրենց ուսումնական ապագայ ծրագիրներուն մասին, շեշտը դնելով ուսման կարեւորութեան վրայ: Աշակերտներուն մէջ կային տղաք, որոնք հետաքրքրուած էին քաղաքական գիտութեամբ եւ դիւանագիտութեամբ: Պրն. Դեսպանը համբերութեամբ բացատրեց դիւանագիտութեան բերած կարեւոր նպաստին մասին՝ աշխարհի վրայ խաղաղութիւն հաստատելու ի խնդիր:
Հայրենիքի մէջ Լիբանանի դեսպանին հետ հանդիպումը առիթ մըն էր «Զարթօնք»ի խմբագիրին՝ դեսպանին հետ քննարկելու Հայաստան հաստատուած լիբանանահայերու, թէ արաբ լիբանանցիներու Հայաստանի մէջ տարած գործունէութիւններուն ու Հայրենիքի տնտեսութեան մէջ անոնց բերած կարեւոր ներդրումին մասին:
Աշակերտներուն համար հաճելի էր տեղեկանալ Հայրենիքի մէջ լիբանանցիներու ձեռքբերումներուն ու յաջողութիւններուն մասին, որոնք օրինակ պէտք է ծառայեն շատերուն: Պրն. Դեսպանը յիշեց, Լիբանանցի Նիքոլա Ապու Ֆայսալի ծրագիրը՝ Լիբանանի Պէքաա հովիտի Կարտենիա ընկերութեան սեփականատէրը, որ հողատարածքներ գնած է Եղուարդ շրջանէն, (Երեւանի շրջանակին մէջ կը գտնուի, քաղաքի կեդրոնէն 5-10 քմ. հեռաւորութեամբ) այս տարածքներուն մէջ հազարաւոր ամերիկեան ընկոյզի ծառեր տնկելու համար: «Ան վերջապէս ունեցաւ իր ընկերութիւնը, ուր ներկայիս կ’աշխատին բազմաթիւ մարդիկ». ըսաւ Պրն. Դեսպանը: Ան աշակերտներուն փոխանցեց, որ լիբանանցի մը շուրջ տարի մը առաջ աղբահաւաքման գործի պայմանագիր շահած էր: «Այսօր Երեւանի եւ շրջակայքին մէջ ուր որ երթաք, Լիբանանեան Սանիթէք աղբամաններու կը հանդիպիք, որոնք ի հակասութիւն Լիբանանի աղբամաններուն, մաքուր եւ պարապ են…» կատակեց հաճելի եւ սրտբաց զրուցակիցի առաքինութիւն ունեցող դեսպանը: Պրն. Դեսպանը աշակերտներուն իմացուց, որ 20 տարիներ առաջ Հայաստան եկած է լիբանանցի Սամիր Խնայսըրը, որ Լիբանանեան սուրճի խարկման ու բաժնելու եւ մատակարարման հսկայ առեւտուր կ’ընէ: Աշակերտները իմացան, որ կայ նաեւ ուրիշ յայտնի ընտանիք մը՝ հանրածանօթ Պաղտատեան եղբայրք, որոնք տուրմի (շոքոլա) նշանաւոր գործարան ունին: «Ասոնց կողքին կայ նաեւ Պիպլոս պանքը, ինչպէս նաեւ Անելիք պանքը, որ կապուած է լիբանանեան Քրետիթ պանքին հետ», աւելցուց Պրն. Մաաքարոն: «Կայ նաեւ Ռաֆֆի Սէմէրճեան գործարարը, որ զանազան ձեւի գործեր կը վարէ Հայաստանի մէջ: Յաջողակ գործարարներու կարգին է նաեւ՝ բջջային Վիվա Սել ընկերութեան տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան, որ շատ աշխոյժ աշխատանք կը տանի, ինչպէս նաեւ Ֆաթթուշ ընտանիքը, որ մեծ ներդրումներ ըրած է յատկապէս բջիջային հեռախօսի մարզին մէջ», աւելցուց Պրն. Դեսպանը: Գեղարդի ճամբուն վրայ զբօսաշրջային հանգստարան մը կայ «Հայլէնտզ» անունով, որ կը պատկանի լիբանանցի տիկնոջ մը, ուր լիբանանեան ճաշեր կը մատուցուին: Ըստ յարգելի դեսպանին, վերջերս շատ լիբանանցիներ եկած են Հայաստան, ուր ճաշարաններ կը բանան եւ կը յաջողին իրենց ձեռնարկած գործերուն մէջ: «Լիբանանեան ճաշերը տարածուած են արդէն Հայաստանի մէջ», աշակերտներուն հաստատեց Պրն. Դեսպանը:
Դեսպանը դրուատիքով արտայայտուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ գոյութիւն ունեցող եղբայրական յարաբերութեան մասին. «Ուրախ եմ, որ կը ծառայեմ հայրենիքիս՝ Լիբանանին, Հայաստանի նման աննման երկիրի մը մէջ». եզրափակեց Պրն. Դեսպանը:
Այցելութեան աւարտին «Զարթօնք»ի խմբագիրը շնորհակալութիւն յայտնեց Պրն. Մաաքարոնին՝ երկու մշակոյթները իրար կապելու իր ջանքերուն համար, կարեւորելով Լիբանանի դիւանագիտական ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ: Այս ուղղութեամբ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Լիբանանի դեսպանատան անձնակազմի անդամ՝ Յովիկ Էօրտէքեանին: Պրն. Դեսպանն ալ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց «Զարթօնք»ի խմբագրութեան, որ Հայրենիք գտնուելու միջոցին չի մոռնար Լիբանանի դեսպանութիւնը: Ան կոչ ըրաւ աշակերտներուն միշտ հպարտ ըլլալ Լիբանանով եւ Հայաստանով:
Լիբանանի Դեսպանի բնակարանէն լաւ տպաւորութիւններով բաժնուած աշակերտները փափաք յայտնեցին այցելել «Մայր Հայաստան» յուշակոթողը, որուն սիրով ընդառաջեց «Զարթօնք»ի գլխաւոր խմբագիրը:
Այնուհետեւ ուղղուելով «Յաղթանակի Այգի» Լիբանանահայ աշակերտները առիթը ունեցան այցելելու յաղթանակի թանգարանը, ուր ծանօթացան Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին Նացցի բռնակալութենէն աշխարհը փրկելու եւ Արցախի ազատագրութեան համար ինկած հայ հերոսներու պատմութեան՝ երդուելով քալել անոնց ուղիով: