Հինգշաբթի, 19. 09. 2024

spot_img

Արցախի Վարչապետը Հադրութի Շրջանին մէջ Աշխատանքային Խորհրդակցութիւն Իրականացուցած է

Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեանը Օգոստոս 2-ին այցելած է Հադրութի շրջան եւ շրջանի համայնքապետերու մասնակցութեամբ, իրականացուցած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն:

Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինի փոխանցած տեղեկութիւններով` իշխանութեան ղեկավարին ներկայացուած են հացահատիկային մշակաբոյսերու բերքահաւաքի արդիւնքները: Մասնաւորապէս, պատասխանատու պաշտօնեաները նշած են, որ տարին անբարենպաստ եղած է շրջանի հողօգտագործողներու համար, քանի որ աշնանացան ցանքերու մէկ մասը տուժած է կարկուտէն, ապա տեղումներու քանակը զգալիօրէն ցած եղած է տարեկան միջինէն: Ատոր հետեւանքով, շուրջ 10 հազար հեկտար ցորենի եւ գարիի մշակաբոյսերու կատարած ցանքէն հնձուած է մօտ 25 հազար թոն բերք:

Վարչապետը նշած է, որ  հակառակ եղանակային անբարենպաստ պայմաններուն, բերքահաւաքին արդիւնքները ցոյց կու տան, որ բոլոր այն հողօգտագործողները, որոնք հողի մշակումը իրականացուցած են հոգամշակման կանոններուն համաձայն, անհամեմատ աւելի բարձր բերք ստացած են` անջրդի պայմաններու մէջ ապահովելով 45-50ց բերք: «Տարիներ շարունակ հողի արդիւնաւէտ մշակութեան համար մեր կողմէն հնչեցուող կոչերուն ու խորհուրդներուն, ցաւօք, դեռ շատերը չեն հետեւիր: Բազմաթիւ օրինակներ ունինք, որ անոնք որոնք կը պահպանեն հողի մշակման կանոնները, երաշխաւորուած բարձր բերք կը ստանան, իսկ անոնք, որոնք կը շարունակեն անտարբեր ըլլալ կանոններուն նկատմամբ, ցած ցուցանիշներ կ՝ունենան»,- ըսած է Ա. Յարութիւնեանը եւ կրկին յորդորած է հետեւիլ իրենց այն գործընկերներու օրինակին, որոնք արդէն լուրջ ձեռքբերումներ ունին:

Ամփոփելով բերքահաւաքին արդիւնքները` վարչապետը խօսած է նաեւ աշնանացանի նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին` հետաքրքրուելով շրջանին մէջ առկայ իրավիճակով եւ կարեւոր համարելով աշխատանքներու ժամանակին կազմակերպումը: Այս ծիրէն ներս՝ վարչապետին խօսքով` կառավարութիւնը յառաջիկային լուրջ ուշադրութիւն պիտի դարձնէ նաեւ համայնքային հողերու մշակութեան հետ կապուած հարցերուն: Ա. Յարութիւնեանը, անդրադառնալով գիւղատնտեսութեան այլ ճիւղերու ներուժին, նաեւ նշած է, որ յառաջիկայ տարիներուն Արցախի մէջ մեծ ուշադրութիւն պիտի դարձուի այգեգործութեան` յատկապէս նուռի նոր այգիներու հիմնումին:

Վարչապետին խօսքով` կառավարութիւնը պիտի խրախուսէ բոլոր այն անհատները, որոնք պիտի հիմնեն նուռի այգիներ եւ անոնց մշակումն ու ոռոգումը պիտի իրականացնեն գիւղատնտեսութեան նախարարութեան պահանջներուն համապատասխան: Գործադիր իշխանութեան ղեկավարը նաեւ տեղեկացուցած է, որ աղքատութեան վերացման քաղաքականութեան ծիրէն ներս, յառաջիկային, իբրեւ պիլոտային ծրագիր, հանրապետութեան շրջաններուն մէջ նիւթապէս անապահով ընտանիքներուն պիտի տրամադրուին հաւի ճուտիկներ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին