Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Եթէ Հակառակորդը Յարձակի, Մենք Չենք Սահմանափակուիր Պաշտպանութեամբ. Երիտասարդներու Հետ Հանդիպման Ժամանակ շեշտած Է ՊԲ Հրամանատարը

*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*

Այս օրերուն Արցախի բազմաթիւ բնակավայրերու մէջ երիտասարդական ճամբարներ կ’իրականանան: Ատիկա երիտասարդներուն ոչ միայն աշխոյժ հանգիստի, այլեւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ հանդիպումներու, քննարկումներու լաւ հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ:

Պատարայի երիտասարդական ճամբարին մէջ, հերթական հիւրը Արցախի պաշտպանութեան նախարարն է: Լեւոն Մնացականեանը ՊԲ հնարաւորութիւններու արդիականացման ընթացքէն մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է երիտասարդներուն: Սպառազինութիւնը արդիականացնելու հետ` նաեւ անձնակազմի պատրաստութիւնը նոր մակարդակի կը բերուի: «Մեր սպառազինութիւնը կը համալրուի նոր, ժամանակակից հնարաւորութիւններով: Մենք ունինք արդէն արդի ճարտարագիտութիւններ պարունակող միջոցներ: Անոնք օգտագործելու համար մենք պէտք է անձնակազմը պատրաստենք: Մենք ատիկա արդէն կ՝ընենք»,- կը վստահեցնէ Արցախի պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանը:

Առաջնագիծի վերազինումն ու համալրումը իր արդիւնքը կու տայ. հակառակորդը փաստացի հնարաւորութիւն չունի յարձակողական գործողութիւններ իրականացնելու: Այսօր աւելի շատ պաշտպանութեա՞ն, թէ յարձակման կը նախապատրաստուինք, հետաքրքրուած են երիտասարդները: Պաշտպանութեան բանակի խնդիրը երկրի անվտանգութիւնը պահելն է, սակայն եթէ հակառակորդը յարձակման անցնի՝ Արցախի բանակը պիտի չբաւարարուի միայն պաշտպանութեամբ, փակագիծերը մինչեւ վերջ չի բանար Լեւոն Մնացականեանը: Նախարարին ուղղուած հարցերէն մէկը առաջնագիծ քաղաքացիական խումբերու յաճախակի այցերուն մասին էր: Արդեօք պէտք է արտօնե՞լ: Պաշտպանութեան նախարարին կարծիքը միանշանակ է. «Մենք պէտք է ամէն ինչ ընենք, որ ե՛ւ ներկայանան, ե՛ւ տեսնեն, ե՛ւ այդ ամէնը փակ պահենք` մեր հակառակորդին համար: Ատիկա կը կատարուի անոր համար, որ մեր հասարակութիւնը մէկ անգամ եւս համոզուի անով, որ մենք կը ներկայացնենք մեր բանակի, առաջնագծի վրայ տիրող իրավիճակի, մեր զինուորներու բարոյահոգեբանական վիճակի մասին, ամբողջութեամբ կը համապատասխանէ իրականութեան»:

Պաշտպանութեան նախարարը երիտասարդական ճամբարի վերջին հիւրն էր: Հանդիպումներուն շարքը նախապէս բացած էր Ազգային ժողովի նախագահը: Ճամբարականները ժամանցային ծրագիրներէն ոչ պակաս կարեւոր կը համարեն այդ հանդիպումները: «Ինծի համար փորձերն էին կարեւոր ու հանդիպումները: Ահագին նոր տեղեկութիւններ ստացանք»,- կը գնահատէ երիտասարդական հաւաքի մասնակիցներէն Անժէլիքա Զաքարեանը:

Նման ձեւաչափի հանդիպումները պահանջուած են ու արդիւնաւէտ` հանրապետութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներն ալ համոզուած են: Երիտասարդներ ոչ միայն հարցեր կու տան, այլեւ առաջարկներ կը ներկայացնեն: «Նման հանդիպումները եւ քննարկումները  երկու խնդիր կը լուծեն: Առաջինը` երիտասարդները կը տեղեկանան, թէ ինչի վրայ կը ծախսուին պետական միջոցները, ինչպէս կ’իրականացուի այս կամ այն ծրագիրը, երկրորդը` երիտասարդներու առաջարկները կը հասնին մեզի, թէ ինչպէս կարելի է աւելի արդիւնաւէտ դարձնել գործող ծրագիրները»,- կը վստահեցնէ Արցախի ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեանը:

Ստեփանակերտ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին