Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եւ այլ արտայայտութիւններու կիրարկումը արգիլող օրէնքի ընդունման փաստը «իսկապէս զաւեշտալի է, նոյնիսկ ծիծաղելի կարելի է նկատել»: Այս մասին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին ըսած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան:
Դեմոյեան ընդգծեց, որ «տրամաբանօրէն անիկա կը համապատասխանէ այն բոլոր զարգացումներուն, ինչ որ այսօր տեղի կ՛ունենայ Թուրքիոյ մէջ` Էրտողանի իշխանավարումէն սկսեալ, եւ յատկապէս 2016-ի ամրան տեղի ունեցած անյաջող յեղաշրջման փորձէն ետք, երբ Թուրքիոյ մէջ մեծածաւալ ընդգրկունութիւն ստացած են հալածանքները` բոլոր մարզերուն մէջ»:
Այդ յեղաշրջման փորձը, ըստ Դեմոյեանի, առիթ տուաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանին ամբողջ թափով հալածանքներու մեծ մեքենայ մը ի գործ դնել, որուն իբրեւ հետեւանք տասնեակ հազարաւոր զինուորականներ հեռացուեցան պաշտօններէ: «Շուրջ 8 հազար դասախօսներ եւ ակադեմականներ, այսինքն` հետազօտողներ, հեռացուած են համալսարաններէ, լրագրողները` նոյնպէս հազարներով: Այսինքն` այսպիսի աննախադէպ հալածանքներու ալիք Թուրքիոյ մէջ վերջին 50 տարուան ընթացքին չէր եղած», նշած է ան:
Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի կանոնակարգին մէջ կատարուած վերջին փոփոխութիւններով, որոնք Հայկ Դեմոյեանը «տխրահռչակ որոշում» որակած է, անոր կարծիքով` աւելի շատ ազդակներ կ՛ուղղեն երկրին ներսը` ազատական շրջանակներուն: «Ասիկա տրամաբանօրէն այն շարքին մէջ կարելի է դիտել, որ Էրտողանը սկսած է` վերջին շրջանին ազատական շրջանակները փորձել ոչնչացնել իր լիակատար մենիշխանութիւնը ապահովելու համար` այս է ամբողջ տրամաբանութիւնը», շեշտած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէնը: