Հինգշաբթի, 19. 09. 2024

spot_img

Եւրոդատարանը Արդէն Սկսած է Ապրիլեան Պատերազմի Վերաբերեալ Հայցերու Քննութիւնը

Ապրիլեան պատերազմի օրերուն ազրպէյճանցիներու կողմէ խոշտանգուած զինուորականներու եւ խաղաղ բնակիչներու, ինչպէս նաեւ պատերազմի հետեւանքով տեղահանուած խաղաղ բնակիչներու գործերով 359 հայց ներկայացուած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան (ՄԻԵԴ): Միջազգային իրաւունքի մասնագէտ Արա Ղազարեան «Ազատութեան» հարցումին ի պատասխան ըսած է, որ ատոնցմէ աւելի քան 20-ը արդէն քննութեան փուլի մէջ են:

Քննութեան ընթացքի մէջ գտնուող երկու տասնեակէ աւելի հայցերով Սթրազպուրկի դատարանը արդէն հարցեր ուղղած է Ազրպէյճանին, խնդրելով որոշ տեղեկութիւններ հաղորդել` մասնաւորապէս, թէ ինչ հանգամանքներով զոհուած են զինուորները կամ խաղաղ բնակիչները, որոնց մարմինները խոշտանգուած եղած են:

«Մենք կ՛ակնկալենք իրաւական պաշտպանութեան արդարացի փոխհատուցում` ատիկա կրնայ ըլլալ ե՛ւ խախտումը ճանչնալ, ե՛ւ յետագային արդէն նիւթական փոխհատուցում` նիւթական վնասի, բարոյական վնասի դիմաց: Բայց առաջին հերթին դեռ պէտք է հասնիլ անոր, որ Եւրոպական դատարանը ճանչնայ, որ տեղի ունեցած է խախտում», – ըսած է միջազգային իրաւունքի մասնագէտը:

Ղազարեան նշած է, որ Սթրազպուրկի դատարանէն կը պահանջեն ընդունիլ Ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրի շարք մը յօդուածներու խախտումները, ինչպէս նաեւ գոյքային փոխհատուցում տալ տուժածներուն: Ազրպէյճան ազգային խտրականութիւն դրսեւորած է` կեանքէ զրկած, խոշտանգած հայ զինուորները եւ խաղաղ բնակիչները, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին ուղղուած դիմումներուն մէջ գրած են Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիները:

«Մասնաւորապէս, պատկերացուցէք` բնակիչը իր նամակին մէջ մեզի կը գրէ, կ՛ըսէ` «Մենք արդէն շատոնց է քնանալէ առաջ մեր անձնագիրները, երեխաներուն ծննդեան վկայականները կը դնենք փոքրիկ պայուսակներու մէջ եւ զանոնք կը կախենք դրան բռնակէն»: Կը պատկերացէ՞ք այդ մարդոց վիճակը, այսինքն` իրենք ամէն օր կը սպասեն ռմբակոծութեան` որպէսզի կարենան դուրս գալ եւ վերցնեն առաջին իրերը եւ նետուին դուրս», – ըսած է Արա Ղազարեան:

Սթրազպուրկի դատարանին մէջ քննուող գործերու շարքին են գլխատուած երեք զինուորականներու գործը, Վալերի եւ Ռազմելա Խալափեաններու սպաննութիւնները:

Լեռնային Ղարաբաղի դատախազութեան տուեալներով, ընդհանուր առմամբ` քառօրեայ պատերազմի ժամանակ Պաշտպանութեան բանակի 19 զինծառայողներու սպաննութեան եւ անոնց մարմիններու խոշտանգումներու կապակցութեամբ յարուցուած էր 6 քրէական գործ: 3 առանձին քրէական գործեր յարուցուած էին` 19-ամեայ եզիտի զինծառայող Քեարամ Սլոյեանի, վարորդ Հրանդ Ղարիբեանի եւ 31-ամեայ մայոր Հայկ Թորոյեանի գլխատման փաստերով: Ընդ դէպ, փորձաքննութիւններու արդիւնքներուն համաձայն` Սլոյեանն ու Ղարիբեանը գլխատուած են իրենց մահէն ետք, մինչդեռ Թորոյեանը ազրպէյճանցիները գլխատած են կենդանի: Լեռնային Ղարաբաղի դատախազութիւնը տեղեկացուցած էր նաեւ, որ 15 հայ զինծառայողներու ականջները կտրուած են, քանի մը հոգիին մատները կտրուած  իսկ աչքերը՝ հանուած:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին