Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

Արցախի Անցումային Շրջանի Նախագահը Ընտրուած է

*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Արցախի աշխատակից

32 ներկայ, 1 բացակայ: Այս կազմով գումարուած է Արցախի Ազգային Ժողովի յատուկ նիստը: Օրակարգին Անցումային շրջանի նախագահի ընտրութեան հարցն է: Յատուկ նիստին հրաւիրուած են նաեւ իշխանութեան միւս թեւերու, արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերու եւ հասարակական հատուածի ներկայացուցիչները:

Ազգային ժողովի նախագահը յիշեցուցած է ընթացակարգը. թեկնածուներուն պէտք է ներկայացնեն անոնց առաջադրած քաղաքական ուժերը` այբբենական կարգով: Շարժում-88-ի ներկայացուցիչը ներկայացուցած է Էդուարդ Աղաբեկեանը: Թեկնածուն ծանրակշիռ կենսագրութեամբ կը յաւակնի պատասխանատու պաշտօնին: Քանի մը տասնամեակի փորձ` Արցախի առողջապահութեան համակարգին մէջ, մասնակցութիւն ազատամարտին, պատասխանատու պաշտօններ ռազմաբժշկական ծառայութեան մէջ, զօրացրուելէ յետոյ` աշխոյժ քաղաքական կեանք` արդէն իբրեւ Ստեփանակերտի քաղաքապետ, քաղաքական ուժի ղեկավար, պատգամաւոր: Մարտական Խաչ երկրորդ աստիճանի շքանշանի ասպետ է, պարգեւատրուած է նաեւ Մխիթար Գօշ մետալով:

Էդուարդ Աղաբեկեանը ամպիոնին կը մօտենայ խոստովանութեամբ. քաղաքական ուժերու դասաւորութեան հաշուարկով, գիտէ, որ ընտրուելու առիթ չունի, բայց որոշած է առաջադրուիլ ու բարձրաձայնել խնդիրները, որոնք կան եւ որոնց լուծումը, անկախ կազմէն, պէտք է Արցախի իշխանութեան օրակարգին ըլլայ: Անվտանգութեան ոլորտ, արտաքին քաղաքականութիւն, ՏԻՄ հիմնարկ, հասարակական խնդիրներ, ժողովրդագրութիւն. թուարկուած ուղղութիւններուն մէջ Էդուարդ Աղաբեկեանը կը գնահատէ գործող նախագահի կատարած աշխատանքը, անոնց արդիւնքը եւս, բայց ընելիքներ ալ կը տեսնէ:

Պատգամաւորներու հարցերուն պատասխանելէն ետք՝ ներկայացուած է նախագահի երկրորդ թեկնածուն: Բակօ Սահակեանը առաջադրելու հիմքերը ներկայացուցած են զինք սատարող քաղաքական երեք ուժերը: Երեքն ալ 2007-էն համատեղ առաջադրած են եւ պաշտպանած գործող նախագահի թեկնածութիւնը: Համագործակցութեան արդիւնքներէն գոհ են եւ կողմնակից են շարունակելու քաղաքական համերաշխութեան ընթացքը:

Արցախի գործող նախագահ, անցումային շրջանի նախագահի թեկնածու Բակօ Սահակեան ամպիոնին մօտեցած է նախորդ տարիներուն եղած իւրօրինակ հաշուետուութեամբ: 2007-էն ի վեր տարեկան 9.8 տոկոս տնտեսական աճ, 2007-16 թուականներուն ՀՆԱ-ի աճ` երկուքկէս անգամ, տարբերակուած տնտեսութիւն, ուժանիւթի ինքնաբաւութիւն, տասնեակ հասարակական ծրագիրներ, դրական տեղաշարժեր Ժողովրդագրութեան մէջ: «Ապրիլեան պատերազմն ալ ցոյց տուաւ, որ մեր բանակը պատրաստ է զսպելու հակառակորդը, ձախողելու անգամ տարիներով նախապատրաստուած պլից-գրիկը: Այդ պատերազմին Արցախը մէկ անգամ եւս զգաց ողջ հայութեան աջակցութիւնը եւ հայութեան միասնականութեան ուժը: Պատերազմը նաեւ երեւան հանեց որոշ խնդիրներ, որոնց լուծման ուղղուած ջանքերը արդէն արդիւնքներ կու տան: Պաշտպանական համակարգի կատարելագործման մեր ջանքերը պիտի շարունակուին»,- իր խօսքին մէջ վստահեցուցած է Արցախի նախագահը: Յառաջիկայ տարիներուն գլխաւոր ընելիքը՝  առկայ մարտահրաւէրներուն համապատասխան ծրագիրներու իրականացման հետ՝ պիտի ըլլայ Սահմանադրութեան պահանջներէն բխող փոփոխութիւններու իրագործումը: Ատիկա պէտք է աւարտի մինչեւ 2020 թուականը:

Պատգամաւոր Հայկ Խանումեանի հարցը քաղաքական ոլորտէն էր. ՀՀ նախագահը հարցազրոյցներէն մէկուն ընթացքին յայտարարած է, թէ Երեւանը պատրաստ էր ստորագրելու Գազանեան փաստաթուղթը, որ նաեւ տարածքային զիջումներ կ՝ենթադրէ: Ինչպէս կը վերաբերի ատոր Ստեփանակերտը: Բակօ Սահակեան կը գնահատէ Երեւանի ջանքերը կարգաւորման գործընթացին մէջ եւ կ՝ընդգծէ` Արցախը համահայկական խնդիր է, եւ այդ հարցով վերջնական կարգաւորման ցանկացած տարբերակի համար հիմք պիտի ըլլայ ո՛չ թէ մէկ քաղաքական գործիչի յայտարարութիւնը, անգամ եթէ ան նախագահ է, այլ ողջ ժողովուրդի կամքը. Սերժ Սարգսեան ինքն ալ բազմիցս յայտարարած է, որ առաջնայինը նոյնինքն Արցախի բնակչութեան կամարտայայտութեան խնդիրն է, յիշեցուցած է Բակօ Սահակեան:

Պատգամաւորներու ելոյթները իրավիճակը վերջնականապէս յստակեցուցած են: Թեկնածուներ առաջադրած խմբակցութիւններու մօտեցումները, բնականաբար, պարզ էին: Ընդդիմադիր վերածնունդ խմբակցութեան միակ անդամը նախապէս յայտարարած էր, յատուկ նիստի ժամանակ ալ մէկ անգամ եւս բարձրաձայնեց, որ պիտի ընտրէ Էդուարդ Աղաբեկեանը:

Արսէն Առստամեանը, որ Խորհրդարանի միակ պատգամաւորն է, որ խմբակցութիւններէն եւ ոչ մէկուն մէջ ընդգրկուած է, նախապէս յայտարարած էր, յատուկ նիստի ընթացքին ալ հաստատեց, որ պիտի սատարէ Բակօ Սահակեանին:

Նիստը ընդմիջուած է` գաղտնի քուէարկութեան համար: Գաղտնի քուէարկութեան արդիւնքները ներկայացուցած է հաշուիչ յանձնաժողովի նախագահ Ռոմելա Դադայեանը: Էդուարդ Աղաբեկեանի օգտին քուէարկած է 4, Բակօ Սահակեանի օգտին` 28 պատգամաւոր:

Անցումային շրջանի նախագահը պիտի պաշտօնավարէ մինչեւ ներկայ Խորհրդարանի լիազօրութիւններու աւարտը: Սեպտեմբերին, գործող նախագահի պաշտօնավարման աւարտին պիտի մեկնարկէ անցումային շրջանի նախագահի պաշտօնավարումը:

Ստեփանակերտ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին