Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Թումանեանական Հերոսներու Քանդակները Նոր Երանգ Պիտի Հաղորդեն Դսեղի Մէջ Թումանեանի Տուն-թանգարանին

Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեայ յոբելեանին ընդառաջ տասներկու քարէ եւ տասը փայտէ իւրայատուկ քանդակներ պիտի զարդարեն Դսեղի կեդրոնական հատուածը եւ Յ. Թումանեանի տուն-թանգարանի տարածքը: Կերպարները Թումանեանի ստեղծագործութիւններու յայտնի հերոսներն են` Անոյշը, Սարօն, Գիքորը, Քաջ Նազարը եւ այլք: Լրագրողները քանդակները տեսնելու եւ ատոնց հեղինակներուն հետ ծանօթանալու հնարաւորութիւն ունեցան Յուլիս 17-ին, Դսեղի մէջ:

«Քանդակներու հեղինակները երիտասարդ ստեղծագործողներ են Հայաստանի տարբեր մարզերէն, Արցախէն եւ Ջաւախքէն: Բոլոր կերպարները թումանեանական հերոսներ են, եւ ատոնք պիտի տեղադրուին Դսեղի կեդրոնական շրջանաձեւ այգիին, տուն-թանգարանին մէջ Դսեղը աւելի աշխուժացնելու եւ տարածքը գեղեցկացնելու նպատակով»,-«Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` նշած ՀՀ մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան:

Նախարարին խօսքով` թանգարանի տարածքին գտնուած ծառերը, որոնք վտանգ ներկայացուցած են կառոյցի համար, հատուած են եւ անոնց բուները օգտագործուած են փայտէ քանդակներու համար:

«Զարմանալի հեքիաթային մթնոլորտ ստեղծուած է, եւ մարդը կը ցանկայ երկար մնալ այստեղ: Կը կարծեմ, որ քանդակները նոր շունչ պիտի տան թանգարանին, համայնքին»,-շեշտած է Ամիրեան եւ աւելցուցած, որ նման ծրագիրներ պիտի իրականացուին նաեւ այլ մեծերու թանգարաններու տարածքին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին