Չորեքշաբթի, 15. 01. 2025

spot_img

ՌԱԿ-ը Կը Հանդիսանայ Հարազատ Շառաւիղը 1885ին Հայրենի Հողի Վրայ Ծնունդ Առած Հայ Ազգային Քաղաքական Կուսակցութեան, Որդեգրած Ըլլալով Անոր Դաւանած Անխառն Հայրենասիրութեան Եւ Նուիրումի Ոգին

ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ

«Զարթօնք»ի երէց աշխատակից

 

Հայաստանի Տնտեսական-Քաղաքական Եւ Ընկերային Վիճակը Նախքան 1885

Մինչեւ 1800-ական թուականներու կէսերը ճշմարիտ գողգոթայ մը եղաւ նուաճուած եւ հինգ դարերէ ի վեր պետութենէ զուրկ հայ ժողովուրդին վիճակը։

Գրեթէ չկար ազգային-քաղաքական մտածողութիւն հայ անհատին մօտ։ Դարերով տգիտութեան եւ թշուառութեան մէջ ապրած հայ շինականը այլեւս համակերպած էր իր ստրկութեան. թուրքը եւ քիւրտը իրաւունք ունէին զինք կեղեքելու եւ շահագործելու՝ իրենց քմահաճոյքին համաձայն։

1839 Նոյեմբերին, Սուլթան Ապտիւլ Մեճիտ բարենորոգումներու խոստումներ կը հրապարակէ «Հաթթը Շէյիֆ» հրովարտակով, որ ծանօթ է որպէս «Թանզիմաթ»։ Այդ բարենորոգումները երբեք չեն գործադրուիր օրուան իշխանութիւններուն կողմէ։

Եւրոպական պետութեանց ճնշումին տակ, Սուլթանը հարկադրաբար երկրորդ «Թանզիմաթ» մը կը հրապարակէ 1856 Փետրուարին՝ «Հաթթը Հիւմայուն» անուան տակ։ Համաձայն այս վերջինին, բոլոր հպատակներուն կը խոստացուէր հաւասարութիւն օրէնքի առջեւ, ապահովութիւն կեանքի եւ ինչքի, ազատութիւն կրօնքի եւ վերացում կեղեքումներու։ Այս խոստումներն ալ առաջիններուն նման չեն վերածուիր գործի, քանի որ անոնք պարզապէս արտաքին միջամտութիւնը կանխելու խաբուսիկ միջոցներ էին։

Հայ յառաջդիմական խաւերուն կողմէ հին կարգերու դէմ շղթայազերծուած պայքարը, սակայն, ի վերջոյ յաջողութեամբ պիտի պսակուէր մշակումովը Ազգային Սահմանադրութեան, որ Սուլթանին կառավարութեան կողմէ պիտի վաւերացուէր 1863ին։

Լուսաւորութեան արշաւին շնորհիւ կը հրատարակուէին թերթեր, կը հիմնուէր հայ թատրոնը, հրապարակ կու գային նոր ըմբռնումներով դաստիարակուած գրողներ եւ հրապարակագիրներ։ Զէյթունի 1862ի ապստամբութիւնը նոր թափ կու տար հայութեան հասարակական-քաղաքական միտքի հասունացման եւ նախակարապետը կը հանդիսանար հայ ազատագրական շարժումին։

1878ի ռուս-թրքական պատերազմին, Թուրքիա չարաչար կը պարտուի եւ Սան Սթեֆանոյի դաշնագիրի 16րդ յօդուածով անոր կը պարտադրուի անյապաղ բարենորոգումներ ձեռնարկել Արեւմտեան Հայաստանի մէջ։ Համաձայն յօդուածին տրամադրութեան, ռուսական զօրքերը հայկական գրաւուած հողերու վրայ պիտի մնային, մինչեւ որ Սուլթանը գործադրէր բարենորոգումները։ Ասիկա առաջին լուրջ քայլն էր, որ կ՛առնուէր Հայկական Հարցին առնչութեամբ։

Նոր Տարուան Յունիսին կը բացուին Պերլինի վեհաժողովին դուռները եւ հիմնական փոփոխութեան կ’ենթարկուի Սան Սթեֆանոյի դաշնագիրը, որովհետեւ Անգլիա չէր կրնար հանդուրժել ռուսական ներկայութիւնը հայկական հողերուն վրայ։ Վեհաժողովը Հայկական Հարցին վերաբերող նախորդ 16րդ յօդուածը կը վերածէ 61րդ յօդուածի՝ որպէս մեռեալ տառ։

Մկրտիչ Խրիմեան եւ Մինաս Չերազ, որոնք ներկայ էին վեհաժողովին որպէս հայ պատուիրակութեան ներկայացուցիչներ, հիասթափ կը վերադառնան Պոլիս՝ համոզում գոյացուցած թէ մեր յոյսերը կապելու է երկաթէ շերեփի՝ զէնքի։

Մկրտիչ Փորթուգալեանի Գաղափարաբանութիւնը Եւ Գործունէութիւնը

Մկրտիչ Փորթուգալեան ծնած է 1848-ի Հոկտեմբեր 9-ին Պոլսոյ սեղանաւոր Ռափայէլի ընտանիքին մէջ։ Յաճախած է տեղւոյն մայր վարժարանը եւ ապա Սամաթիոյ Ս. Սահակեան դպրոցը, զոր աւարտած է 1868-ին։ Աշխատանքի սկսած է իր հայասէր ուսուցիչ Փիէռ Թրուայի մօտ՝ իբրեւ գրավաճառ։

Թրուա կը հրատարակէ «Հայկական Հարցը» պրակը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ 16 տարեկան պատանի Փորթուգալեանը, որուն վրայ արդէն ազդեցութիւն ձգած էին ֆրանսական յեղափոխութեան գաղափարները։ Այդ գաղափարներով կ՛առաջնորդուէին Պոլսոյ ժամանակակից հայ ռամկավար գործիչները, լրագրողները, հրապարակախօսները եւ ուսուցիչները։

1866-ին Փորթուգալեան կը բանայ իր սեփական գրախանութը եւ միաժամանակ կը զբաղի ուսուցչութեամբ։ Իր ազգային եւ հասարակական գործունէութեան գիծով ան սերտ յարաբերութիւն կը մշակէ Մկրտիչ Խրիմեան Հայրիկի, Գրիգոր Օտեանի եւ Ներսէս Վարժապետեանի հետ ու միասնաբար կը ձեռնարկեն ազգային-քաղաքական զարթօնքին։

1873-ին Փորթուգալեան Պոլսոյ մէջ հիմը կը դնէ Վարազդատեան Ընկերակցութեան, որուն նպատակն էր դասախօսութիւններով զարկ տալ ազգային զարթօնքին։

Շուտով, Խրիմեան Հայրիկի օժանդակութեամբ, ընկերակցութիւնը կը սկսի դասախօսներ ուղարկել Թուրքիոյ գաւառները եւ ճիւղաւորուիլ։

Այս շրջանին Փորթուգալեան կ՛աշխատակցի զանազան թերթերու, որոնց շարքին՝ Կովկասի «Մեղու»ն։

1876-ի Ապրիլին, Օրթագիւղի մէջ, գործակցութեամբը Արփիար Արփիարեանի եւ Զաւէն Շիշմանեանի, Փորթուգալեան հիմը կը դնէ Արարատեան Ընկերակցութիւն Հայոց կազմակերպութեան՝ ստանձնելով անոր ատենապետութիւնը։

Արարատեան Ընկերակցութեան գլխաւոր նպատակն էր լուսաւորութիւն տարածել, կրթել ազգը՝ դաստիարակելով հայրենասիրութիւն, սեփական իրաւունքներուն գիտակցելու ոգիով։ Փորթուգալեան նաեւ ջանք կը թափէ գաւառի թրքախօս հայութեան հայերէն լեզու սորվեցնելու։

Նոյն տարին ան կը մեկնի Կովկաս, ուր կը հանդիպի Գրիգոր Արծրունիի հետ եւ զայն տեղեակ կը պահէ Արեւմտահայաստանի մէջ կատարուող հայրենասիրական աշխատանքներէն։

Կովկասէն վերադառնալէ ետք, Փորթուգալեան կ՛որոշէ հաստատուիլ Վան, նկատի առնելով քաղաքին աշխարհագրական դիրքը՝ իր հայրենասիրական քարոզչութեան համար իբրեւ կեդրոնի։

Վանի մէջ իր առաջին քայլը կ՛ըլլայ հիմնել դպրոց մը Աղբիւր գիւղին մէջ, 1876-ի Նոյեմբերին, միաժամանակ դասաւանդելով Վանի Հայկազեան վարժարանին մէջ։

Աղբիւր գիւղի այդ դպրոցն է, որ յետագային կը դառնայ յայտնի Վարժապետանոցը։

Փորթուգալեանի քարոզչական աշխատանքները, հիմնած ընկերակցութիւնները եւ Վարժապետանոցը կը դառնան թիրախ թրքական հետազօտութեան։ Շրջան մը ան կ’ապաստանի Պարսկաստան (1877-1879) եւ ապա Կովկաս։ Դարձեալ դառնալով Վան, Մարկոս Նաթանեանի եւ Կոստանդին Կամսարականի հետ կը վերսկսի հայրենասիրական աշխատանքներու ծաւալումին, որուն հետեւանքով թրքական իշխանութիւնները կը փակեն Վարժապետանոցը 1880-ին։

Երկու տարի ետք ան Վանի մէջ հիմը կը դնէ գիշերային ակումբի մը եւ անոր անդամներուն համար դասախօսութիւններ կը կազմակերպէ Հայկազեան վարժարանի սրահին մէջ։

Հայրենիքի փրկութեան համար Փորթուգալեանի ծրագիրն էր. «…ո՛չ հայը ըմբոստացնել թուրքին դէմ եւ ոչ ալ գրգռել ռուսին դէմ. այլ՝ դաստիարակութեամբ հասցնել գիտակից սերունդ մը, ծանօթ հայոց հողային հարցին»։

Ասոր եւս չհանդուրժելով, թուրք իշխանութիւնները կը փակեն գիշերային ակումբը եւ Փորթուգալեանը կ՛աքսորեն երկրէն 1 Յունիս 1885-ին։

«Արմէնիա»ն

Մկրտիչ Փորթուգալեան Մարսէյլ ապաստանելէ ետք կը ձեռնարկէ «Արմէնիա» թերթին հրատարակութեան։ Առաջին թիւը լոյս կը տեսնէ 1885-ի Օգոստոսի 1-ին։

«Արմէնիա»ի թիւերը գաղտնի միջոցներով կը մտնեն Վան եւ Տարօն, ձեռքէ-ձեռք խլուելով կը կարդացուին իր աշակերտներուն եւ իր գաղափարներով տոգորուած երիտասարդներու կողմէ։ Թերթը չըլլալով հանդերձ բռնի ուժի եւ ամբոխավարական ցոյցերու ջատագով, յեղափոխական ոգի կը ներշնչէ Վասպուրականի երիտասարդ սերունդին եւ զայն կը մղէ ընդդէմ թուրքին։

Արմենական Կուսակցութեան Կազմութիւնը

Փորթուգալեանի Վարժապետանոցի սաները գաղտնաբար կը հաւաքուէին Մկրտիչ եւ Գրիգոր Թերլեմեզեան եղբայրներու այգիին մէջ, ուր անոնք ունէին կահ-կարասիէ զուրկ հնձան մը, որ կը կոչուէր Խսրի Տուն։ Ահա այս տան մէջ է, որ հայ ազատագրական շարժումը ծնունդ պիտի տար իր առաջին յեղափոխական կազմակերպութեան՝ Արմենական Կուսակցութեան, 1885ի Օգոստոսին։

Մկրտիչ Աւետիսեան-Թերլեմեզեան, որ հանդիսացաւ կուսակցութեան գործնական հիմնադիրը, իր գաղափարակիցներուն՝ Գրիգոր Պէօզիկեանի (Շիկահեր), Ղեւոնդ Խանճեանի, Գաբրիէլ Նաթանեանի, Մագնոս Պարութճեանի, Գարեգին Մանուկեանի, Գրիգոր Թերլեմեզեանի, Տոքթ. Գալուստ Ասլանեանի եւ Գրիգոր Աճեմեանի հետ, խմբագրեց ծրագիր-կանոնագիր մը եւ պաշտօնականացուց կազմակերպութեան գոյութիւնը՝ Վասպուրականը, որպէս կուսակցութեան կեդրոն ընտրելով։ Յետագային նաեւ ծրագիրներ մշակուեցան մասնաճիւղեր բանալու Սալմաստի, Մուշի, Բաղէշի, Տրապիզոնի եւ Պոլսոյ մէջ։ Կուսակցութիւնը սկսած էր յայտարարել թէ Արմենական Կազմակերպութեան նպատակն է յեղափոխութեամբ հայ ժողովուրդին համար իրաւունք ձեռք բերել ինքզինք կառավարելու համար։

Հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարին յաջող ելքը, հեռատես իմաստութեամբ, արմենականները կը տեսնէին համագործակցութեան եւ իրապաշտ միջոցներու գործածութեան մէջ. գոյացնել ներքին ուժ՝ իրարու միացնելով միեւնոյն գաղափարին ծառայող հայրենասէրներ, արթնցնել ժողովուրդը, առանց բռնի միջոցներու կազմակերպութեան մղել զայն՝ ընդհանուր դաստիարակութեամբ, վարժեցնել զայն զինակրթութեան եւ կարգապահութեան, անոր հայթայթել զէնք եւ դրամ, եւ պատրաստել զինուորական շարժուն խումբեր։

Հպարտութեամբ կը նշենք թէ Արմենական Կուսակցութիւնը եղաւ միակ հայ քաղաքական-յեղափոխական կազմակերպութիւնը, որ կազմուեցաւ ու գործեց մայր հողի վրայ, առանց իր նպատակակէտերու իրագործման համար աննպաստ քաղաքական վարդապետութիւններ քարոզելու։ Արմենական Կուսակցութեան անդամները սորվեցան գաղտնապահ ըլլալ եւ գործել յանդգնութեամբ, բայց անաղմուկ։ Արմենականները փարած մնացին հաւաքական ուժով եւ յարատեւ մարտական գործունէութեամբ հայրենիքը ազատագրելու համոզումին՝ փոխանակ օտար պետութիւններէ օգնութիւն ակնկալելու։ Յաջորդող տասնամեակին, Արմենականները ընդյատակեայ գործունէութեամբ կազմակերպեցին իրենց մարտական ուժը՝ գաղտնօրէն զինուելով։ Շուտով հիմնադիր խումբին միացան շարք մը յեղափոխաշունչ երիտասարդներ, որոնցմէ կ’արժէ յիշատակել Վանի կուսակցութեան գանձապահ Ռուբէն Շատուորեանը, դաստիարակ ու տնօրէն Գարեգին Բաղէշցեանը, Եղիշէ Քոնտաքճեանը, Արմենակ Եկարեանը, Արիստակէս Ախիկեանը, Միքայէլ Նաթանեանը, Արտակ Դարբինեանը, Յովհաննէս Գուլօղլեանը, սիրուած վիպասան եւ Պուլկարիոյ Փլովտիւ քաղաքի մասնաճիւղի հիմնադիր Արմէն Շիտանեանը, Մուշի եւ Պիթլիսի մասնաճիւղերու հիմնադիր Հայրապետ Խանիկեանը, նշանաւոր գեղանկարիչ Փանոս Թերլեմեզեանը։

Վրայ կը հասնին 1896ի համիտեան կոտորածները։ Արեւմտահայաստանի մէջ 300,000 անմեղ հայեր ջարդելէ ետք, ջարդարարները կը հասնին Վանի դուռներուն։ Գործի անցնելով, Մկրտիչ Աւետիսեան կը կազմակերպէ ու կը ղեկավարէ Վանի ինքնապաշտպանութիւնը, որ կը պսակուի յաջողութեամբ։ Ափսոս, սակայն, որ Աւետիսեան շրջանի հայութիւնը փրկելէ ետք, Պարսկաստան անցած պահուն՝ դաւադրաբար կը զոհուի Բարթողիմէոս վանքի մօտակայ դաշտին մէջ իր հարիւրաւոր զինակիցներուն հետ։

 

Արմենական Գաղափարաբանութիւնը Որպէս Հիմնաքար ՌԱԿ-Ի Կազմութեան

1896էն ետք Արմենակ Եկարեան յանձն կ’առնէ Աւետիսեանի մարտական զինակիցները համախմբել. իսկ Գրիգոր Պէօզիկեան, որ կուսակցութեան հիմնադիր կազմին մէջ էր, կը հանդիսանայ նոր մասնաճիւղեր հիմնելու ախոյեանը։ Կուսակցութեան ղեկավարութիւնը կը ստանձնէ Գրիգոր Աճեմեանը (հայրը հայրենի ողբացեալ գրող Գուրգէն Մահարիի), որ դժբախտաբար 1907ին զոհ կ’երթայ դաշնակցական դաւադիր գնդակի։

Մասնաճիւղերու կազմութենէն եւ աշխուժացումէն ետք, 1905ին, կը գումարուի կուսակցութեան պատգամաւորական ժողովը՝ վերատեսութեան ենթարկելու 1885ի ծրագիր-կանոնագիրը, որ ամբողջութեամբ կը վաւերացուի որպէս գաղափարականօրէն իրատես եւ գործնականօրէն արդարանալի ծրագիր։

1906ին Վանի խիզախ յեղափոխականներէն արմենական Սեպուհը կը ձեռնարկէ Արմենական Երիտասարդաց Միութեան կազմութեան եւ կը հրատարակէ «Կայծ» թերթը. բայց ան ալ զոհ կ’երթայ այս անգամ թուրք դաւադիր գնդակի մը, 1908ին։

Նոյն տարին Պէօզիկեան կը խորհրդակցի Պուլկարիոյ Միութենականներուն հետ, որոնց միաձուլումով Արմենական Կուսակցութեան՝ կը գոյանայ Հայ Գաղափարակցական Միութիւնը։

Պէօզիկեան ապա կ’անցնի Գահիրէ՝ տեսակցելու Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութեան ղեկավար Միհրան Տամատեանի հետ եւ այս անգամ վերակազմեալներուն հետ միաձուլումով գոյութիւն կ’առնէ Միացեալ Հայ Յեղափոխական Կազմակերպութիւնը, որ 1908ի թրքական Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք Հայ Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութիւն կը կոչուի եւ մասնաճիւղեր կ’ունենայ Արեւմտահայաստանի, արեւելեան Եւրոպայի եւ Եգիպտոսի մէջ։

Վերակազմեալ վերջին խմբակը, որ կը գործէր արեւմտեան Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ եւ որ կը կոչուէր Ազատական Կուսակցութիւն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ գործող Հայ Ժողովրդական Կուսակցութիւնը միաձուլուելով Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութեան հետ՝ 1 Հոկտեմբեր 1921ին Պոլսոյ մէջ մարմին կ’առնէ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը։

Այսօր, ՌԱԿ-ը կը հանդիսանայ հարազատ շառաւիղը 1885ին հայրենի հողի վրայ ծնունդ առած հայ ազգային քաղաքական կուսակցութեան, որդեգրած ըլլալով անոր դաւանած անխառն հայրենասիրութեան եւ նուիրումի ոգին։ Ան տասնամեակներէ ի վեր կը գործէ անխախտ հաւատքով, համաձայն իր ազգային-քաղաքական ուղեգիծին, առանց մատնաչափ իսկ շեղելու իր նպատակներէն ու անոնց իրագործման համար որդեգրած միջոցներէն։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին