Ամավերջի հանդէսներն ու վկայականներու բաշխման արարողութիւնները, անտարակոյս, մեծագոյն հոգեբաւարարութիւն կը պարգեւեն բոլոր անոնց, որոնք այս կամ այն ձեւով առընչուած են անոնց կատարման, արտայայտման կամ նշման հետ:
Իրաւամբ, ի՞նչ կայ աւելի հպարտալի ու ցնծալի, երբ՝ ծնողք, տնօրէնութիւն եւ ուսուցչակազմ, վայելքը կ’ապրին, խոր ու անսահման գոհունակութեամբ, իրենց զաւակներուն եւ աշակերտներուն շրջանաւարտութեան, դէպի նոր եւ յաջորդական հանգրուաններու մէջ տեսնելու զանոնք, բարձրագոյն վկայականներու ու մասնագիտութիւններու տիրանալու բարի կամեցողութեամբ:
Վստահաբար, երկրորդականէն շրջանաւարտ ըլլալու շուրջ երկժամեայ հանդիսութիւնը, իր մէջ կը ներփակէ ու ներամփոփէ այն բոլորը, որոնք աշակերտութեան, տնօրէնութեան, ուսուցչութեան ու ծնողներուն մօտ, տարիներու ընթացքին կուտակուած են, իսկ այժմ եկած է պահը զայն ըմբոշխնելու, ի տես այն հոյակապ առիթին ու տեսարանին, որ պարզուեցաւ 2 Յուլիս 2017ին, ՀԲԸՄիութեան Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ, հովանաւորութեամբ ՀԲԸՄ-ի Կրթական Յանձնախումբին:
Արդարեւ, մինչ ծնողներ ու հարազատներ, հիւրեր ու բարեկամներ կը ժամանէին հանդիսասրահ, առ այդ, շրջանաւարտները յուզումի եւ ուրախութեան զգացումներու մէջ էին, նոյնն էր պարագան տնօրէնութեան եւ ուսուցչակազմին, որոնք ներքին հրճուանքով կը դիտէին ու կը հետեւէին իրենց հոգեզաւակներու մէն մի շարժումներուն, արտայայտութիւններուն ու հոգեվիճակներուն:
Ժամը ճիշդ 7:00-ին, սրահը արդէն նեղ կու գար հասարակութեան, որուն ակնդէտ հայեացքներուն եւ երաժշտական հնչեղութեան տակ, շրջանաւարտ-շրջանաւարտուհիները, առաջնորդութեամբ աւագ ուսուցիչ Պրն. Աւետիս Չաքմաքեանի, մուտք գործեցին ու գրաւեցին իրենց տեղերը:
Յոտընկայս ունկնդրուեցան Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀԲԸՄիութեան քայլերգները, որմէ ետք՝ Պրն. Աւետիս Չաքմաքեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն9 յիշելով Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ.ի, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ու ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեան խօսքերէն հատուածներ, որոնք կը վերաբերէին Հ.Բ.Ը.Միութեան դերին ու առաքելութեան, նպաստին ու գործունէութեան:
Վարժարանի Տնօրէն Պրն. Արա Վասիլեան, համապարփակ ձեւով ներկայացուց կրթական խօսքը, շեշտելով այն իրագործումներուն ու նուաճումներուն վրայ, որոնք անցնող տարեշրջանին արձանագրուած են ներդպրոցական եւ արտադպրոցական մակարդակներու վրայ, ուր մեր աշակերտներէն բազմաթիւներ պատուաբեր բարձրագոյն մրցանակներու արժանացած են, որոնց վերջինը՝ «Brevet»-ի պետական քննութեանց պատուաբեր յաջողութիւնը:
Կարգը եկաւ անհամբեր սպասուած պահուն, վկայականներու ու մրցանակներու բաշխման, երբ իւրաքանչիւր վկայականակիր ու մրցանակակիր, հպարտութեամբ բեմ բարձրացաւ, իր տարիներու ուսումնական աշխատանքին եւ աշխատասիրութեան արդար «հատուցում»ը ստանալու, ձեռամբ Միութեան Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենադպրուհի՝ Տիկ. Սիլվա Լիպարիտեանի, Կրթական Յանձնախումբի ատենապետուհի՝ Տիկ. Լենա Իւրնէշլեանի ու Տնօրէն9 Պրն. Արա Վասիլեանի, ծնողներու եւ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու բուռն ծափողջոյններու տարափին տակ:
Շրջանաւարտուհիներ՝ Նինա-Ռիթա Պէօյիւքեան, դաշնամուրի նուագով («Հայկական Պար», Ալ. Յարութիւնեան), իսկ Մարիա Թորոսեան, մեներգով («Buona Sera»), տպաւորիչ ու հաղորդական ելոյթներով հանդէս եկան, որոնք ջերմապէս գնահատուեցան:
Այնուհետեւ, շրջանաւարտներ Բալիկ Մխսիճրճեան (հայերէնով), Սոֆի Տիշաքճեան (արաբերէնով), Լիւսի Թապաքեան (անգլերէնով), ոգեշունչ, բովանդակալից, ուսանելի ու նշանակելի ուղերձներ կարդացին, իսկ Արեւ-Արին Սեֆէրեան «երախտագիտութեան խօսք»ով մը, յանուն իր եւ դասընկեր-դասընկերուհիներուն, իր երախտապարտական ու շնորհակալական խօսքերը ուղղեց այն բոլորին, որոնք նպաստեցին իրենց շրջանաւարտութեան:
«Հուսկ Բանք»ը արտասանեց միջազգային իրաւագէտ՝ Պրն. Ռուբէն Աւշարեան (1980ի շրջանաւարտ9 Յովակիմեան-Մանուկեանէն), որուն կենսագրական գիծերը, ուսման եւ ասպարէզային մարզերէն ներս, ներկայացուց Պրն. Աւետիս Չաքմաքեան:
Պրն. Աւշարեան իր անհուն գոհունակութիւնը յայտնեց տնօրէնութեան, այս առիթը իրեն շնորհուած ըլլալուն համար, ապա, իմաստալից ելոյթով մը հանդէս եկաւ, ազգային ու միջազգային իրադարձութիւններու ընդմէջէն, շահեկան վերլուծումներ կատարելով:
Ան ընդգծեց որ՝ աշխարհը միշտ յղի է անսկնկալներով, տխուր եւ անբաղձալի հետեւանքներով, որոնցմէ զերծ չի կրնար ըլլալ նաեւ հայ ժողովուրդը, մանաւանդ տարտղնուած սփիւռքահայութիւնը, որուն դիմաց, պէտք է համապատասխանաբար վերաբերուիլ ու նախապատրաստուիլ, առաջին հերթին որդեգրելով ազգային անվտանգութեան լիարժէք ու միասնական քաղաքականութիւն մը, թելադրական գտնելով որ նոր սերունդը (իմա9 աւարտականները) հետեւի այդ ուղեգիծին:
Նաեւ կոչ ըրաւ, որ մեր երիտասարդութիւնը չվարանի մուտք գործելէ լիբանանեան պետական հաստատութիւններու մէջ, ատոնք ըլլան9 կրթական, մշակութային, տնտեսական, զինուորական, ներքին եւ գործոց կամ այլ նախարարութիւններու մէջ, քաղաքացիական պարտականութեամբ եւ իրաւունքով:
«Աւարտականներու ուխտ»ը, զոր կարդաց շրջանաւարտ Ժիրայր Թոսունեան, կրկնութեամբը բոլոր աւարտականներուն, ցոյց տուաւ որ մեր նորահաս սերունդը, գիտակից է իր ազգային պարտականութիւններուն հարազատ մնալու առաջադրութեան եւ այդ սկզբունքով ալ կ0ուխտէ հաւատարիմ մնալ անոնց:
Պրն. Աւետիս Չաքմաքեան, անգամ մը եւս շնորհաւորեց աւարտականները, անոնց յաջողութիւն ու բարի ճանապարհ մաղթելով, ապա, մէկ առ մէկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մարմիններուն, հաստատութիւններուն, հիմնարկներուն ու անձնաւորութիւններուն, որոնք զօրավիգ կանգնեցան ու կը կանգնին Դարուհի-Յովակիմեան վարժարանին բարօրութեան ու բարեկեցութեան ի խնդիր:
Շնորհաւորանքները շարունակուեցան կեդրոնի բացօդեայ պատշգամին մէջ, ճոխ հիւրասիրութեամբ, ուր ողջագուրումներն ու մաղթանքները իրար յաջորդեցեցին, մինչ, այս առիթով, յատուկ կարկանդակը հատուցուեցաւ ուրախ ու խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ:
ՀԲԸՄ ԴԱՐՈՒՀԻ-ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐ
2016-2017 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆ
ՊԱՔԱԼՈՐԻԱ ԸՆԿԵՐԱ- ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆ (SOCIO-ECONOMICS)
- ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ ԱԼԵՔՍ
- ՊԵՏՐՈՍ ԳԱԲՐԻԷԼ
- ՊԻԹԱՐ ԳԱՐԻՆ
- ԷՔՄԷՔՃԵԱՆ ԺԻՐԱՅՐ
- ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ ՌԻԹԱ-ՄԱՐԻԱ
- ԳՐԱՃԵԱՆ ԳԱՐՄԷՆ
- ՆԻԿՈԼԵԱՆ ՄԻՐԷԼԼԱ
- ՍԱՄԱՆԼԵԱՆ ՑՈԼԵՐ
- ԹԱՊԱՔԵԱՆ ԼԻՒՍԻ**
- ԹՕՓԷՅԵԱՆ ՀԵՐՄԻԿ
- ԹՈՐՈՍԵԱՆ ՄԱՐԻԱ
ՊԱՔԱԼՈՐԻԱ ԳԻՏԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆ (GENERAL SCIENCES)
- ՏԻՇԱՔՃԵԱՆ ՍՈՖԻ*
- ՍԹԵՖԱՆՕ ՔՐԻՍԹԷԼ
- ԹՈՐԳՈՄԵԱՆ ՌՈՏՐԻԿ
- ՆԻԿՈԼԵԱՆ ՄԱՐԿԱՐԻԹԱ
ՊԱՔԱԼՈՐԻԱ ԿԵՆՍԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԻՆ (LIFE SCIENCES)
- ՊԷՕՅԻՒՔԵԱՆ ՆԻՆԱ-ՌԻԹԱ
- ՖՐԷՆԿԻՉԵԱՆ ԳՐԻԳՈՐ
- ՄԽՍԻՃՐՃԵԱՆ ԲԱԼԻԿ*
- ՍԷՖԷՐԵԱՆ ԱՐԵՒ-ԱՐԻՆ
- ՉՕՊԱՆԵԱՆ ԳԷՈՐԳ
- ԹՈՓՈՒԶԽԱՆԵԱՆ ՍԱՀԱԿ
- ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ ԺԻՐԱՅՐ
- ՄԱՎԼԵԱՆ ՍԵՒԱԿ
- ՀԱԼԱՃԵԱՆ ՓԻԵՌ
** Բարձր Պատուոյ Յիշատակութիւն
* Պատուոյ Յիշատակութիւն