Յուլիս 12-ին, Թէքէեան կեդրոնին մէջ, Հայ լուսանկարիչներու ազգային ընկերակցութեան, Photopodium.com համացանցային կեդրոնի եւ «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամին աջակցութեամբ՝ կայացաւ լուսանկարիչի օրուան նուիրուած «Լուսանկարչի օրագիրէն» խորագիրով ցուցահանդէսին բացումը:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին հայաստանցի 27 լուսանկարիչներու լաւագոյն 52 աշխատանքները, որոնք բազմազան էին ու բազմաբնոյթ. ցուցահանդէսը հետաքրքրական էր անով, որ չունէր թեմա եւ ոճային սահմանափակումներ:
Հեղինակներուն, մասնագիտական տօնին առիթով, շնորհաւորեցին եւ ողջոյնի խօսք ըսին «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամի տնօրէն Արմէն Ծուլիկեանը, Photopodium.com-ի հայաստանեան ներկայացուցիչ Արմէն Ենգոյեանը, Ֆոթոսիրողներու ակումբի հիմնադիրներ Էդգար Մարտիրոսեանը եւ Կարէն Ներսիսեանը: Անոնք յոյս յայտնեցին, որ իրենց համագործակցութիւնը պիտի ըլլայ շարունակական եւ կեանքի պիտի կոչէ մշակութային արժէք ունեցող այլ ձեռնարկներ:
Հայ լուսանկարիչներու ազգային ընկերակցութեան նախագահ Սերգէյ Յակոբեանը՝ խորին շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր գործընկերներուն՝ ցուցահանդէսը իրականութիւն դարձնելու համար, աւելցուց. «Լուսանկարելու համար պարտադիր չէ ունենալ լաւ խցիկ կամ տիրապետել լուսանկարչութեան բոլոր հնարքներուն. կարեւորը կարենալ տեսնել այն, ինչ կը կատարուի շուրջդ: Լուսանկարիչ ըլլալու համար պէտք է պարզապէս սիրել մարդոց հետ շփուելու լեզուի այս տեսակը…»
Ջերմ ու դրական մթնոլորտով յագեցած երեկոն եզրափակուեցաւ բոլոր հեղինակերուն շնորհակալագրերու յանձնումով:
Նշենք, որ ցուցահանդէսը Թէքէեան կեդրոնին մէջ պիտի շարունակուի մինչեւ Յուլիս 26: