Հինգշաբթի, 19. 09. 2024

spot_img

Հեռուէ Հեռու (Մըն Պաիտ Լա Պաիտ)

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Մինչ կարգ մը ապահովական տուեալներ կը հաստատեն, որ Արսէլի բարձրունքներուն վրայ գտնուող ծայրայեղական զինեալներու թիւը վերջին շրջանին հասած է 2000-ի, նոյն աղբիւրները հաւանական կը նկատեն, որ այդ թիւը շուտով բարձրանայ 5000-ի:

Հաւանական այս բարձրացումին պատճառը կը նկատուի Տաէշի կրած վերջին պարտութիւնները Իրաքի եւ  Սուրիոյ մէջ: Այս ընթացքով եթէ Ռաքքան ու Տէյր Զօրն ալ իյնան,  ապա ծայրայեղականներու միակ ապաստանը պիտի հանդիսանայ սուրիական Քալամունն ու Արսէլի բարձրունքները…:

Այս շատ վտանգաւոր ապահովական իրավիճակին, վրայ կու գայ աւելնալու սուրիացի գաղթականներու մեծ թիւի գոյութեան պատճառած տնտեսական տագնապը: Մինչ իրավիճակը շատոնց անցած է կարմիր գիծը, սուրիացի գաղթականներու հարցով Լիբանանեան կարգ մը կողմեր տակաւին կը յամենան յստակ պատկերացումով  մօտենալու այս չափազանց վտանգաւոր երեւոյթին իրենց անձնական շահերուն վերաբերող խնդրով, որն է խուսափիլ ականներու դաշտ մտնելէ…:

Եւ մինչ իրավիճակը կրնայ շուտով անզսպելի ըլլալ «ճարպիկ» լիբանանցին (լըպնէնի շաթէր) տակաւին կը շարունակէ հարցին հետ վերաբերիլ մըն պաիտ լա պաիտի (ան)տրամաբանութեամբ…:

Աստուած վերջը բարին բերէ…:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին