Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Լիբանանահայ Լրատուամիջոցներուն Դերակատարութիւնը Անփոխարինելի Է. Հրանոյշ Յակոբեան

ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Պէյրութ այցելութեան վերջին օրը՝ Ուրբաթ, 14 Յուլիս 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատունէն ներս ան հանդիպեցաւ լիբանանահայ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ:

Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի նախագահ Շահան Գանտահարեան ողջունեց ներկաներն ու նախարարը:

Նախարար Յակոբեան խօսք առնելով անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ նախորդող օրերուն Պիքֆայայի մէջ տեղի ունեցած «Սփիւռքը նոր հորիզոններու դիմաց. Սփիւռքի հայուն ինքնահասկացողութիւնը» խորագիրով համախմբումին` անոր ընթացքին քննարկուած հարցերուն ընդհանուր ներկայացումը կատարելով եւ շեշտելով, որ ինքնութեան պահպանման ծիրին մէջ անփոխարինելի եւ մեծ է թերթերուն դերակատարութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ յատուկ կերպով պէտք է ուշադրութիւն դարձնել երիտասարդութեան, համացանցային տարբեր միջոցներով միշտ փորձել անոնց հետ կապ պահել` միշտ ներկայացնելով հայկական իրականութեան մէջ պայծառ ու հպարտութիւն առթող դէմքերն ու դէպքերը, մղել զանոնք, որ հպարտ զգան իրենց հայկական ինքնութեամբ:

Նախարարը կարեւոր նկատեց նաեւ Արցախի նիւթը մնայուն լուսարձակի տակ պահել, ազատագրուած հողի պահպանման համար պայքարին վրայ շեշտը դնել, ինչպէս նաեւ անդրադառնալ Հայաստանի մէջ կատարուող բարեփոխումներուն, յատկապէս տնտեսական նոր քաղաքականութեան, որուն ճամբով առեւտրականներն ու գործարարները աւելի ընդարձակ կարելիութիւններ պիտի ունենան: Հրանուշ Յակոբեան շեշտեց, որ լրատուամիջոցները պէտք է գործեն այնպէս, որ հայաստանեան քիչ մը բարդ թուացող օրէնքները աւելի պարզ ու մատչելի ոճով ներկայացուին գործարարներուն, որպէսզի անոնք գիտակցին, թէ հայրենիքի մէջ աշխատանքի նախաձեռնելու ի՛նչ կարելիութիւններ կան:

Շնորհակալութիւն յայտնելով լրատուամիջոցներուն` Սփիւռքի նախարարութեան բազմաբնոյթ ու բազմաճիւղ աշխատանքներուն մասին հանրային կարծիքը տեղեակ պահելնուն համար` ան կարեւոր նկատեց այս մէկը, որովհետեւ, ըստ նախարարին, լրատուամիջոցները նախարարութեան նեցուկը, զէնքը, դեսպաններն ու ներկայացուցիչներն են, որոնց ճամբով նախարարութիւնը իրազեկ կ’ըլլայ Սփիւռքի պահանջներուն ու ակնկալութիւններուն, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայութիւնը կը ծանօթանայ նախարարութեան գործունէութեան:

Իր խօսքին աւարտին, Սփիւռքի նախարարը խօսեցաւ Համահայկական 6-րդ համաժողովին մասին, որուն շուրջ նախատեսուած է համախմբել 1500-1600 հայեր, «ինչ որ ցոյց կու տայ հայութեան հզօրութիւնը, միասնականութիւնը, նման նախաձեռնութիւն նաեւ ուժի ցուցադրութեան առիթ է` յաչս թշնամիին, ինչպէս նաեւ առիթ է տարբեր կողմերու միջեւ կապերու հաստատման, համագործակցութեան նոր հորիզոններու ստեղծման» ըսաւ յարգելի նախարարը:

Նախարարը խօսեցաւ համաժողովին ընթացքին տեղի ունենալիք ժողովներուն, կլոր սեղաններուն, մշակութային ձեռնարկներուն եւ տրուելիք այցելութիւններուն մասին, մաղթելով որ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները  մասնակցին նման կարեւոր համաժողովի:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին