Հինգշաբթի, 19. 09. 2024

spot_img

Տեղի Ունեցած Է Նալպանտեան – Մամետեարով Հանդիպումը

Յուլիս 11-ին, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալպանտեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը` ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Ռիչըրտ Հոկլընտի (Միացեալ Նահանգներ), Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա) նախաձեռնութեամբ, որուն ներկայ էր նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճեյ Քասփրչիկը: Այս մասին կը տեղեկացնէ ԱԳՆ լրատուական ծառայութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին շարունակուեցան ղարաբաղեան կարգաւորման բանակցային գործընթացը առաջ մղելու նպատակով համապատասխան պայմաններ ստեղծելու շուրջ քննարկումները:

Էդուարդ Նալպանտեան ընդգծած է շփման գիծի վրամ իրավիճակի կայունացման անհրաժեշտութիւնը ու այդ նպատակով շեշտած Վիեննայի եւ Ս․Փեթերզպուրկի գագաթնաժողովներուն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրագործումը:

Եռանախագահները արտաքին գործոց նախարարներէն խնդրած  են նախագահներուն փոխանցել իրենց առաջարկը այս տարուան ընթացքին գագաթնաժողովի կազմակերպման վերաբերեալ:

Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ արտաքին գործոց նախարարներու յաջորդ հանդիպումը կայացնել Սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ` ՄԱԿ-ի գլխաւոր նստաշրջանի ծիրէն ներս:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին