*ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ*
- Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Գողի մը Տարօրինակ Պատիժը
Պրէնթ Ֆրանքլին՝ Թէքսաս նահանգի Հիւսթըն քաղաքին մօտերը ունի շինարարական ընկերութիւն մը, ուր մէկ տարիէ կ՛աշխատի 17 ամեայ Մարք Անթհընի Տոյլը։ Այս տարուայ ամրան՝ գործատէրը կը հրաւիրէ գործաւորը որ բնակի իր մօտ։
Գործատէր Ֆրանքլին՝ գործի բերումով, մի քանի օրուայ համար կը բացակայի քաղաքէն։ Վերադարձին՝ գործատէրը վերահասու կը դառնայ որ գործաւորը մի քանի հազար Տոլարի արժէքով ապրանք գողցած է իր բնակարանէն, ներառեալ Rolex ժամացոյց մը։
Բայց Պրէնթ Ֆրանքլին՝ գողութենէն աւելի զայրացած է Մարքէն, որ ան սուտ խօսած է իրեն։ Կրնա՞ք երեւակայել որ մէկու մը վստահութիւնը չարաչար գործածուի, թէ գողութեամբ եւ թէ ալ ստախօսութեամբ . . .
Ուրեմն՝ որպէս պատիժ իր արարքին, գործատէրը հետեւեալ առաջարկը ներկայացուցած է գործաւորին։ Կամ բանտ կ’երթաս եւ կամ ալ փողոցի մը անկիւնը կեցած հետեւեալ գրութիւնը ձեռքդ կը բռնես, որ կ՛ըսէ «Ես գողութիւն կատարեցի եւ մեծաւորիս ալ սուտ խօսեցայ։ Այս արժանի պատիժս է՝ որ դարձի գամ։»
Առաւել, Մարք Տոյլի պարտադրուած է վարդագոյն շապիկ հագնիլ եւ շրթունքները կարմիր ներկել (տես նկարը)։ Պատիժին այս յաւելեալ մասի պատճառաբանութիւնը՝ մութ մնաց ինծի համար։
Անշուշտ, գործաւորը նախընտրած է փողոցին անկիւնը կենալ՝ քանի ժամուայ համար չկրցայ հասկնալ, քան թէ Montgomery գաւառի բանտը երթալ։ Խելացի ընտրութիւն է, չէ՞ք խորհիր:
2.Անգլիա
Մեծածախս Հարսանիք մը
Յունիս ամսուայ մէջ՝ Անգլիոյ Օքսֆորտշայր (Oxfordshire) քաղաքի Պլէնհայմ (Blenheim) Պալատին մէջ տեղի ունեցած է Նայճերիացի Ֆօլարինի եւ Իրանցի Նազանինի հարսանեկան խրախճանքը, որը արժած է 6.3 միլիոն Տոլար . . . Հոս տեղին է յիշել որ այս քաղաքը ծծնդավայրն է Մեծն Բրիտանիոյ հանգուցեալ Վարչապետ Ուինսթըն Չըրչըլի։
Հարսն ու փեսան իրարու ծանօթացած են Լոնտոն ուսանած շրջանին։ Հարսը կենսաբան է, իսկ փեսան՝ վաճառական։ Անոնք նշանուած էին անցեալ տարի եւ իրենց Նայճերական աւանդական ամուսնութիւնը տեղի ունեցած էր անցեալ Նոյեմբերին։
Մեծածախս այս հարսանիքը պիտի չզարմացնէ ձեզ երբ գիտնաք թէ փեսային մայրը՝ Ֆոլորունսօ Ալաքիճա, Ափրիկէի մեծահարուստ կիներէն մին է։ Ան Փոխ-Ատենապետն է Նայճերիայի մէջ գործող Ֆամֆա քառիւղի ընկերութեան։՝
Հիմա անցնինք սրահի զարդարանքին, հարսանեկան կարկանդակին եւ այլ մանրամասնութեանց, զորս պիտի նկարագրեմ առ ի գիտութիւն ձեզի։ Ուրեմն, սրահը զարդարուած էր մէկ միլիոն ճերմակ վարդերով (տես նկարը), կարկանդակի բարձրութիւնն էր 12 ոտք (3.5 մեթր), իսկ խրախճանքի աւարտին տեղի ունեցած է հրախաղութեան ցուցադրութիւն (fireworks show), նուագի ընկերակցութեամբ։
Անշուշտ պէտք չէ մոռնանք որ հարսին հագուստը բաղկացած էր երկու մասերէ, աւանդական ճերմակ տարազը, զոր հագած էր արարողութեան ընթացքին եւ պաշտօնական տարազը՝ զոր հագած էր խրախճանքի ընթացքին։ Է՜հ, դրամը ինչ՜եր կ՛ընէ . . .
Քանի հարսանիքներու մասին կը խօսինք, վերջին պահուն իմացայ որ Հալիվուտի Տոլպի սրահին մէջ տեղի ունեցած է հայկական հարսանիք մը՝ Լոլիթա Օսմանովայի եւ Գասպար Ավտոլեանի միջեւ (տես նկարը), որուն ծախսը անցած է 10 միլիոն Տոլարը։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ խրախճանքը ճոխացուցած է համբաւաւոր երգչուհի Լէյտի Կական, «big deal» պիտի կոչէր ամերիկացի բարեկամս։