Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Հայաստանի Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան

Երէկ, Երկուշաբթի, 10 Յուլիս 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10։30-ին, Ազգային միացեալ վարժարան այցելեց Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, ուր դիմաւորուեցաւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Շահէ Եպս․ Փանոսեանի, Ազգային իշխանութիւններու անդամներու, Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէնութեան ու ուսուցչական կազմի կողմէ։

Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շրջագայեցաւ Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ՝ մօտէն ծանօթանալու նորակառոյց կրթօճախին։ Ապա վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, որուն բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէն Թալին Մարտիրոսեան։ Ան նշեց, որ Սփիւռքի նախարարին անդրանիկ այցելութիւնը մեծ նշանակութիւն ունի, որպէս յետագայ համագործակցութեան եւ միացեալ ծրագիրներու իրագործման երաշխիք։

Մարտիրոսեան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ գործող ազգային վարժարանները ծառայած են հայ ժողովուրդի զաւակներուն՝ անոնց ջամբելով հայեցի դաստիարակութիւն, գիտութիւն, ուսուցանելով մայրենի լեզուն, սովորութիւնները, պատմութիւնը ու մշակոյթը, փոխանցելով ազգային արժէքները եւ մանաւանդ հայօրէն ապրելու եւ գոյատեւելու ոգին՝ հայրենիքէն հեռու ստեղծելով փոքր Հայաստան մը։ Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէնը աւելցուց, որ նորակառոյց վարժարանը միեւնոյն ոգիով ու հաւատքով պիտի շարունակէ ազգային վարժարաններու առաքելութիւնը։

Թալին Մարտիրոսեան ըսաւ, որ այսօր բոլոր ժամանակներէն աւելի կարիքը կը զգացուի Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք կապերու արմապնդման եւ զարգացման՝ մշակելու եւ իրականացնելու ի մասնաւորի կրթական-ուսումնական ոլորտին մէջ միացեալ ծրագիրներ, փոխանակելու փորձառութիւններ, երաշխաւորելու նորահաս սերունդի հայեցի դաստիարակութիւնը, որ ամէնէն ամուր պատուարն է ուծացման եւ այլասերման ալիքներու դէմ։

Ապա խօսք առաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, որ յայտնեց թէ նորակառոյց վարժարանի ծանօթացման անդրանիկ այցը ոգեւորիչ էր եւ տպաւորիչ։ Յակոբեան ըսաւ, որ Որակեալ շէնքը կ’արդիւնաւորուի, երբ կառոյցէն դուրս կու գան որակաւոր սերունդներ, որոնց դաստիարակութեան եւ կրթութեան մեծապէս կը նպաստեն արդիական մեթոտները եւ ուսուցիչները։ Ան մաղթեց, որ ուսուցիչները եռանդով եւ ոգեւորութեամբ կը կատարեն իրենց առաքելութիւնը՝ պատրաստելով մրցունակ հայեր եւ օտարութեան մէջ պահելով հայութեան գոյութիւնը։

Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ հայերը աշխարհին ապացուցած են, որ ուր որ ապրին, նպաստած են երկրի զարգացման, եւ այս իմաստով Լիբանանը լաւագոյն օրինակն է։ Խօսելով հայ ուսուցիչին մասին, Սփիւռքի նախարարը հաստատեց, որ ամէնէն մեծ բարերարները հայրենիքէն դուրս ապրող հայ ուսուցիչներն ու մանկավարժներն են, որոնք նուիրուած են ազգին, եւ որոնց միջոցով հայը հայ կը մնայ, կը պահպանուին մեր արժէքները եւ ժառանգութիւնը։ Աւարտին, Յակոբեան ըսաւ․ «Ուրախ եմ, որ կայ այսպիսի հզօր դպրոց մը մեր Սփիռքի մայրաքաղաք Լիբանանի մէջ, որ մեծագոյն նուէրն է ոչ միայն լիբանանահայութեան, այլ՝ համայն հայութեան․ կառոյց մը, որ  պիտի ծառայէ պատուական, ազգային, եւ բարոյական նպատակներու»։

Այցելութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս․ Փանոսեան, որ յայտնեց թէ Ազգային միացեալ վարժարանը կառուցուեցաւ, որպէսզի մեր համայնքի կեանքէն ներս հաստատուի կրթական նոր ոգեւորութիւն։ Սրբազան Առաջնորդը նշեց, որ հայութիւնը անցնող հարիւր տարիներուն կարողութիւնը ունեցած է իր գոյութիւնը պահելու, եւ յառաջիկային ալ պէտք է շարունակէ իր կեանքը վարել հայօրէն, գիտակցօրէն, միշտ մնալով հայաստանի կողքին եւ ապրելով հայութեան երազներու ճամբով։

Շահէ Եպս․ Փանոսեան ըսաւ․ «Հայութիւնը կ’ապրի իր եկեղեցիներով, իր դպրոցներով, ակումբներով, միութիւններով եւ կազմակերպութիւններով, եւ պիտի ապրի, որովհետեւ մենք երազներ ու իտէալներ ունեցող ժողովուրդ ենք։ Վերջապէս, բոլորս կը մաղթենք, որ Ազգային միացեալ վարժարանը առաջնորդուի Միացեալ Հայաստանի տեսլականով»։ Սրբազան Առաջնորդը շեշտեց, թէ գեղեցիկ շէնքը կ’իմաստաւորուի կրթական աշխատանքով եւ երեխաներու ճիչերով ու աղմուկով, յոյս յայտնելով, որ նոր տարեշրջանի վերամուտը կ’արձանագրէ նոր նուաճումներ։

Աւարտին, Սրբազան Առաջնորդը իր անդրանիկ այցելութեան առիթով Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին յանձնեց յուշանուէր մը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։

 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին