Երեքշաբթի, 14. 01. 2025

spot_img

Ելոյթէն Տարի մը Ետք Բեմայարդարումը կը Շարունակուի

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Վհուկներու Որս .-  Թուրքիոյ մէջ անցեալ տարուան 15 Յուլիսին կատարուած «հակակշռուած յեղաշրջման հարուածը»

(coup contrôlé)  հարցականներ կը յառաջացնէ նոյնիսկ Թուրքիոյ «հակակշռուած ընդիմութեան»  մօտ: Գործակատար … ներողութիւն, վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ, որ ծանօթ է իր բթամտութեամբ, «հարուածի»  յաջորդ առաւօտ յայտարարած է. «Յեղաշրջումը հարիւր տոկոս յաջողած է … բայց մաքրագործումը դեռ չէ աւարտած»: Հոգեբաններ այդ կը կոչեն «լեզուի սայթաքում» (lapsus de langue): Յաջողութեան ոչ մէկ հաւանականութիւն ունեցող շարժումին անմիջապէս յաջորդեցին կատաղած ամբոխի խժդժութիւնները եւ ապա ծովածաւալ մաքրագործում որ դեռ եւս կը շարունակուի:  Հաւատաքննութեան ատեանները անդուլ կը գործեն: Կը դատուին յատկապէս պետական մարդիկ, զինուորականներ եւ լրագրողներ: Անփորձ զինկոչիկներ խոշտանգող եւ նոյնիսկ մորթող խուժանը կը կրէր նախնական զէնքեր (դանակ, ցողեր, եւն): Ամբոխը այժմ անհամեմատ աւելի լաւ զինուած է: Կողքի նկարը ցոյց կու տայ գերմանական MP-5 տիպի գնդաձիր ճոճող ԱԶԿ-ի երիտասարդական թեւի ղեկավար Մէհմէթ Այպէքը որ էրտողանի ըսած է. «Ռէյիս, քու մէկ խօսքդ կը բաւէ որ իջնենք մէյտան»: (1) Այս անշուշտ կը կատարուի սարսափի մթնոլորտ ստեղծելու համար: Այժմ գոյութիւն ունի մարտական զանգուած մը, որոնք կը կոչուին «պատանքաւորներ»: Կողքի նկարի պաստառը կ’ըսէ. «Մեր պատանքներով եկանք, մահուան գնով քեզի հետ ենք»: Ամբոխը կազմուած է անյոյս անապագայ երիտասարդներէ: Թուրքիա արագ կ’ընթանայ դէպի կրօնաշպար ֆաշիզմ:

Արդարութիւն եւ Զարգացում Կուսակցութիւնը (այսուհետեւ ԱԶԿ) 2002-ին իշխանութեան հասաւ ընտրութեան ճամբով, որովհետեւ կը յենէր լայն դաշինքի մը վրայ: Թուրքիոյ իսլամական «թաշրա»-յի (ներքին անտեսուած շրջաններ) վերելքը, սակայն,  սկսած էր շատ աւելի կանուխ, 80-ական թուականներուն,  Թուրկութ Էօզալի օրով: «Անատոլուի վագրերու» արագ հարստացումը հիմնուած էր ծոցի երկիրներու  «կանաչ դրամը»-ին եւ պետական հոյագումար գործարքներու «հալալ թալան»-ին վրայ: Պետական  պիւտճէի ծանօթ մասը կը գնահատուի աւելի քան 250 միլիառ տոլարով …

Դաշինքի երկու հիմնական թեւերն էին Նաքշիպենտի եւ Նուրճի եղբայրութիւնները որ ճանչցուած են որպէս «ճեմաաթ»-ներ: Անուանումը կը ծագի «Էհլուլ սուննա ուալ ճամա’ա» (أهل السنة و الجماعة) դարձուածքէն, որ կուգայ Գորանէն: Կը նշանակէ «ուղղափառներու հաւաքականութիւն»: Թերեւս հետաքրքրական է նշել որ Սուննի խմբաւորումներու համատարած պառակտումը նոյնպէս հիմնուած է Գորանի վրայ որ մօտաւորապէս կ’ըսէ. «Ումմէն պիտի բաժնուի 73  «ֆրքա»-ներու (խումբերու), անոնցմէ մէկը դրախտ պիտի երթայ իսկ 72-ը՝ դժոխք … Իւրաքանչիւր «ֆրքա» ուղղափառ պիտի դաւանի լոկ ինքզինք եւ հրճուի … (Մու’ումինուն 53 եւ Ռում 32): Թուրքիոյ մէջ կը գործեն աւելի քան երեսուն իրարամերժ «թարիքաթ»-ներ: Իսկ Սուրիոյ մէջ …

Վերաքաղ.-  Թուրքիոյ Իսլամական շարժումի երկփեղումին հանգամանօրէն անդրադարձած եմ նախքան ենթադրեալ «յեղաշրջում»-ի փորձը : (2) Ի գին որոշ կրկնութեան, հարկ է շեշտել որոշ կէտեր.-

Էրտողան, Թուրկութ Էօզալ եւ բազմաթիւ այլ ականաւոր պետական մարդիկ կը պատկանին Նաքշիպենտի ճէմաաթներու, որոնք պատմականօրէն ներառուած էր սուլթանական վարչական մեքենայէն ներս: Քեմալական պետութիւնը փորձեց  վերացնել անոնց դերը: Նուրճի ճէմաաթը, այսինքն Կիւլէնական տաղաւարը հեռու մնացած էր քաղաքական կեանքէն: Անոնք կը նախընտրէին գետին շահիլ, կը գործէին երկարաժամկէտ ծրագիրներով: Ունէին ուսումնական եւ ընկերային ծառայութեան հոյածաւալ ցանցեր ոչ միայն թուրքիոյ այլեւ աւելի քան հարիւր այլ երկիրներու մէջ: Պետական հաստատութիւններու, համալսարաններու, դատական մարմինի, ոստիկանութեան եւ բանակի մէջ ունէին հարիւր հազարաւոր որակեալ քատրեր:

Էրտողանի առաջին, տնտեսական «հրաշքը« կը յենէր առնուազն չորս  գործօններու: Անոր ցաւոտ օրէնսդրական վիրաբուժութիւնը IMF-ի կողմէ կատարած էր Քեմալ Տէրվիշ: Ապա եկաւ արաբական ծոցի «կանաչ դրամը»: Պէտք չէ մոռնալ ճեմաաթական դրամատուներու շահոյթները Ծոցի գողօն գումարները լուալու գործարքին մէջ: (3)  Հարկ է յիշել նաեւ այն որ իսլամական քատրերը գրեթէ ամբողջութեամբ պատրաստուած էին Կիւլէնական ուսումնական բարձրորակ հաստատութիւններու մէջ: Առանց անոնց աջակցութեան կարելի պիտի չըլլար ստանձնել պետական մեքենան: (4) ԱԶԿ եւ Կիւլէնակլաններ ունէին սերտ գործակցութիւն: Աւելի՛ն, ԱԶԿ կը հենէր Կիւլէնականներու վրայ:

Դաշինքը մեռաւ, կեցցէ՛ նոր դաշինքը.-  Ճեմաաթներու գործունէութիւնը անտեսանելի եւ անիմանալի են ոչ միայն մեզ, այլ նոյնիսկ հետազոտական հաստատութիւններու համար: Կարելի չէ ունենալ հաւաստի տեղեկութիւն: Նաքշի- Նուրսի լարուածութիւնը սկսաւ ակնյայտ դառնալ շուրջ 2009 թուականին: Հաւանաբար սկսած էր շատ աւելի կանուխ: Գլխաւոր պատճառը աւարի բաժանումն էր: Նախայարձակը 2012-ին եղաւ ԱԶԿ, փակելով Կիւլէնական սերտարանները: Յետագայ քայլերը հաւանաբար ընթերցողին ծանօթ են:

Բոլորին համար  յստակ էր որ Էրտողան հրաշագործ մը չէ եւ որ շրջապատուած է պատեհապաշտ-նիւթապաշտ մարդուկներով: ԱԶԿ-ի հիմնադիր կարող դէմքերը հեռացած կամ հեռացուած են: Կարելի է յիշել Ապտիւլլահ Կիւլ, Պիւլէնթ Արընչ, Ճէմիլ Չիչէք, Ապտիւլլաթիֆ Շէնէր, Մէհմէթ Ալի Շահին, Հիւսէյին Չէլիք, Ապտուլքատիր Աքսու, … Այս դէմքերու չէզոքացման մէջ գործօն դեր ունեցած է Էրտողանի գործակատարներու ցեխարձակ ջոկատը, որ ճանչցուած էր որպէս «Փելիքան Հիզպի»: Կողքի նկարը առնուած է «Միլլի Հապէր» քեմալական մամուլի 2 Մայիս 2016-ի թիւէն: Մօտաւորապէս կ’ըսէ.- ԱԶԿ-ի մէջ երկրաշարժ, համակիր շուկայի հաշիւները խառնուեցան»:

Ֆաշիստական կուսակցութիւնները կազմուած են բռնատէր մենատէր «ղեկավար»-ի մը շուրջ.- գերմաներէնով «Մայն Ֆիւհրեր», իտալերէնով՝ «Իլ Տուչէ», սպաներէնով «Էլ Քոտիյյօ», …

Էրտողանի 2րդ «հրաշք»-ը .- Երկրորդ «հրաշքը» կատարուեցաւ վերջին ընտրութիւններու ընթացքին:ԱԶԿ, որ 7 Յունիս 2015-ին չէր յաջողած ձեռք բերել բացարձակ մեծամասնութիւն: Նուազ քան հինգ ամիս ետք, ի հեճուկս կիւլէնական ճէմաաթներու դէմ շղթայազերծած անխնայ գրոհին, ի հեճուկս նոյնինքն ԱԶԿ-ի այլ ղեկավարներու մաքրագործութեան եւ ի հեճուկս տասնամեակ մը տեւող յուսախաբութեան, յաջողեցաւ շուրջ վաթսուն աթոռ խլել, եւ Մէճլիսէն ներս ապահովել 58%-ի հանգիստ մեծամասնութիւն:  Ինչպէ՞ս հասկնալ այս հրաշքը:

Կողքի տախտակը ցոյց կու տայ, որ Հանրապետական Ժողովրդավար կուսակցութեան  (ՀԺԿ կամ CHP իմա՝ քեմալականներու) աթոռներու թիւը մնացած է գրեթէ անփոփոխ: ԱԶԿ-ի աւելեալ աթոռները եկած են գլխաւորաբար Ազգայնական Շարժում Կուսակցութեան (MHP) համակիրներէն: Աթոռ կորսնցուցած է նաեւ քրտական Ժողովուրդներու Ռամկավար Կուսակցութիւն (HDP): Ըստ վերլուծաբաններու, մարդիկ որոնք Յունիսին  քուէարկած էին HDP –ի, Նոյեմբերին ոչ թէ քուէարկած են ԱԶԿ-ի, այլ պարզապէս մնացած են ձեռնպահ: Այս պատահած է արեւելեան այն նահանգներու մէջ ուր քիւրտեր մեծամասնութիւն չեն կազմեր: (5) Քրտական հարցը ուսումնասիրութեան առանձին նիւթ է:

Թշնամիիս թշնամին .-  12 Յունուար 2016-ին տխրահռչակ ազգայնամոլ Տողու Փիրինչէք (6)  Հապէրթիւրք կայանի «Թէքէ-թէք» ծրագրէն յայտարարած է  (տառացի թարգմանութեամբ) «Էրտողաններու դէպի մեր դիրքերը գալէն ուրախութիւն կը զգանք»: Յաջոդ առաւօտ լուրը տեղ գտած էր բազմաթիւ օրաթերթերու ճակտին: Փերինչէք վերջերս բազմաթիւ առիթներով յայտարարած է թէ իր  գլխաւորած «Վաթան Փարթիսի»-ն (1992-2015 «Իշչի Փարթիսի») իսլամական Ճէմաաթներու դէմ պայքարելու սկսած էր 1970-ական թուականներէն ի վեր: Այսինքն Էրտողանի գրոհէն չորս տասնամեակ առաջ: Փերինչէքի ելոյթը մեծխօսիկ էր, բայց ոչ անհիմն:

Իսլամը ազգութիւններ  չի ճանչնար: Կը տեսնենք թէ  «Իսլամական Պետութիւնը» զօրակցութիւն կը ստանայ հեռաւոր երկիրներէ: Ցեղային-ծինային, երեւակայածին տուեալներու վրայ հիմնուած ազգայնականութիւնը գլխովին հակադիր է նման հակումներու: Փերինչեք եւ իր  նման ազգայնականներու իսկական թշնամին Թուրքիոյ զանգուածները իսլամական ասքով կազմակերպած Ճէմաաթներն են, զորս կը գլխաւորէ Ֆէթհուլլահ Կիւլէն: Էրտողաններ կու գան ու կ’երթան: Հարիւրաւոր տարիներու վաստակ ունեցող իսլամական ճէմաաթներու հսկայական ցանցը կը մնայ: Էրտողան-Կիւլէն հակամարտութիւնը ոսկի առիթ մըն էր: Անոնք լաւ կը գիտակցէին որ հանրապետութիւնը հիմնած բայց մեծապէս վարկաբեկուած CHP ոչ մէկ յոյս ունի իշխանութեան հասնելու: Ճեմաաթը հարուածելու գործնական այլընտրանքն է Էրտողանը պահել իշխանութեան գլուխ:

Ընտրարշաւի ընթացքին ազգայնականներ, յատկապէս Փերինչէք,  չքօղարկեցին իրենց զօրակցութիւնը ԱԶԿ-ի: Էրտողան իր կողմէ սկսաւ որդեգրել ազգայնական ասքը: (7) Բայց չյայտարարուած դաշինքը շատ աւելի հեռու կ’երթար: Էրտողան սկսաւ ազատ արձակել «Էրկենեքոն» (8) եւ «Պալէօզ» (կռան) գործողութիւններով դատապարտուած զինուորականները: Անոնց փոխարէն սկսաւ բանտարկել դատական կազմի Կիւլէնական այն անհատները, որոնք դատապարտած էին զինուորականները: Սպայակոյտի հանդիսութեան ընթացքին Էրտողան «խոստովանեցաւ» թէ ինք խաբուած է (Ալտաթըլտը՛մ) Կիւլէնական դատակազմին կողմէ:  Ընտրութիւններու անմիջական նախօրեակին, թուրք զինեալ ուժերու նախկին հրամանատար Իլքէր Պաշպուղ  դատարանին մէջ բացայատօրէն դատապարտեց կիւլէնական կազմակերպութիւնը Թղթակիցներուն յայտարարեց թէ ինք դատարան եկած է ոչ թէ պաշտպանուելու, այլ գրոհելու համար: Պաշպուղ ճշգրիտ կը նկարագրէր կացութիւնը: Ազգայնականներն ու Էրտողանի պետական մեքենան իսկապէս գրոհի անցած էին Կիւլէնական շարժումին դէմ: Ահա թէ ինչպէս Էրտողան յաջողեցաւ շահիլ յաւելեալ աթոռներ:

Կիւլէնականներ վերամբարձ կեցուածք ունէին, կը կոխկռտէին բոլորը: Անոնց վերացումը առիթ կու տայ փոքրերուն: Գրեթէ բոլորը Էրտողանի կողմ անցած Ճեմաաթներու զօրակցութիւնը վճարովի է: Բազմաթիւ լրատուական աղբիւրներ կը նշեն որ պետութեան չյայտարարուած ծախսերը վերջին տարուայ ընթացքին աւելի քան տասնապատկուած են:

Էրտողան նաեւ կը փորձէ սիրաշահիլ եւ ներգրաւել դրամատէր «սպիտակ թուրքերը»:  Այսինքն Քոչ, Սապանճի եւ նման ընտանիքներ: (Տես կողքի նկարը): 29 Ապրիլ 2017-ին կոչ ուղղած է «անկողինին տակ պահուած դրամները» դուրս բերելու եւ ներդրում կատարելու: Դրամատէրեր նման խորհուրդի կարիք չունին: Էրտողան հաւանաբար կը խոստանար յաւելեալ օրինսդրական դիւրութիւններ ընծայել: Այս անհրաժեշտ է որովհետեւ արտաքին ներդրումներու հոսքը գրեթէ դադրած է :

Ազգայնականներու եւ դրամատէրերու զօրակցութիւնը այս օրերուն կ’արտայայտուի անոնց կեցուածքով ընդդէմ քեմալականներու «Ատալէթ» (արդարութիւն) քայլարշաւին: ԱՇԿ-ի նախագահ Պահչելի հեգնական եւ սպառնալից ելոյթներ կ’ունենայ ՀԺԿ-ի քայլարշաւին դէմ: Կը պաշտպանէ նաեւ Էրտողանի անձը: «Էրտողանը նախատել կը նշանակէ նախատել թուրքիան», կ’ըսէ ան: Քրտական կուսակցութիւնը վերապահ զօրակցութիւն յայտնած է: Այս աւելի քան հասկնալի է նկատի առած քեմալականներու սեւ անցեալը: 

Ապրի՛ Էրտողան .-  Էրտողանի բռնապետութիւնը առնուազն մօտիկ ապագան նկատի առած, կործանարար են Թուրքիոյ համար: Եւրոպա մուտքը աներեւակայելի է:  Ներդրումները դադրած են, մեծապէս նուազած է ժողովուրդի խնայողութիւնը դրամատուներու մէջ: Արտաքին պարտքը քառապատկուած է: Այս խորքին մէջ ծանրակշիռ է որովհետեւ թրքական լիրան արժեքազրկուած է շուրջ 45 առ հարիւրով: Սղաճը հասած է %12-ի: Պետական անձնակազմի, համալսարաններու եւ բանակի որակը յարատեւ անկումի մէջ է որովհետեւ կարող անձիք կը փոխարինուին էրտողանական տականքներով: Սպայական վարժարանի տնօրէն նշանակուած է ոչ զինուորական համակիր մը:

Կիւլէնական ահաւոր ցանցը կ’ընկրկի ոչ միայն թուրքիոյ, այլեւ արտասահմանի մէջ: Նախապէս Կիւլէնական ըլլալ կը նշանակէր նպաստաւոր ըլլալ, իսկ այժմ կ’ենթադրէ վտանգ: Քիչեր պատրաստ են նման զոհողութեան:

Էրտողան փառամոլ է եւ վատառողջ: Շաքարախտը կը խաթարէ անոր տրամաբանութիւնը: Կուսակցական լայնածաւալ, յաճախ անտեղի մաքրագործումները ցոյց կու տան որ ան այլեւս ոչ ոքի կը վստահի: Կողքի նկարին մէջ կը տեսնենք, որ զինք բարեւող պահակազօրը զինաթափուած է: Կարող անձերու մաքրագործումը կը նշանակէ նաեւ որ ներկայ ԱԶԿ-ի համար գրեթէ անկարելի պիտի ըլլայ Էրտողանի յաջորդ մը ունենալ: Այս աննպաստ իրադարձութիւնները եւ վտանգները իհարկէ ծանօփ են բոլորին: Անձնապէս կը կարծեմ որ Յուլիս 15-ի զինուորական շարժումը փորձ մըն էր ձերբազատուելու ոչ թէ ԱԶԿ-ի իշխանութենէն, այլ Էրտողանի խնդրայարոյց անձէն:

Կիւլէնական համաշխարհային շարժումը շատ աւելի վտանգաւոր է քան ԱԶԿ, որ այժմ գլխաւորաբար կազմուած է անորակ պատեհապաշտներէ: Այդ շարժումի թուլացումը նպաստաւոր է: Ապրի՛ Էրտողան: ԱԶԿ-ի հետ գործակցութեան պատճառով երկփեղուած է Գորշ Գայլերու Ազգային Շարժում Կուսակցութիւնը: (10) Ապրի՛ Էրտողան:Կ’ըսուի թէ Անգարա-Իսթանպուլ քայլարշաւէն ետք կայացած բողոքի հաւաքին ներկայ եղած են աւելի քան երկու միլիոն անձ: (11) Թուրքիա միստարր երկիր մը չէ: Սիւննի եւ այլ էթնիք հաւաքականութիւններու միջեւ հակադրութիւնը այժմ խորացած է: Ապրի՛ Էրտողան: Նոյնինքն ԱԶԿ կուսակցութեան կազմակերպած հարցախոյզը ցոյց տուած է թէ սիւննի մեծամասնութեան շուրջ %80-ը դժգոհ է պետութեան վարքագծէն: Ապրի՛ Էրտողան:

 

 

  1. «MP5-ով share ընող ԱԶԿ-ի անդամը ազատ է», Հապէրսոլ 200117, 17 Յունիս 2017
  2. « Թուրքիոյ մէջ իսլամական հայեցակարգի պատմականը Ապտիւլ Համիտ Բ.էն մինչեւ Էրտողան», Ազդակ բացառիկ, Ապրիլ 2015, էջեր 193-212       
  3. «ԱԶԿ- Ճէմաաթ պատերազմի տնտեսական տարածաչափը», Մ. Թէքկէօզ Sendika փետ.2014
  4. «Տնտեսա-քաղաքական կապերու վերաբերեալ պատահարները ԱԶԿ-Ճեմաաթի միջեւ», Ի. Քօթուք եւ Է. Օսման, Թուրքիաթ Հետազոտութիւններու Ամսագիր, թիւ 35, 10 Յունիս 2014Uuu
  5. Տես, օրինակ, https://cilekagaci.com/2015/11/05/kasim-2015-secim-analizi-ve-oy-gecisleri/    եւ կամ birikimdergisi.com/guncel-yazilar/7301/1-kasim-2015-secimleri-ve-hdp-kayiplar-kazanclar-ve-sonuclar#.VsC3c0Drhkg
  6. 15 Հոկտ 2015-ին Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանը Փիրինչէքի իրաւունք ճանչցաւ հայկական ցեղասպանութիւնը ուրանալու:
  7. Տես, օրինակ, «Փերինչէքի Ուղղութեամբ դէպի աջ», Սետաթ Լաչինէր, HABERDAR, 5 Սեպտ. 2015
  8. «Ոչ թէ պաշտպանութիւն, այլ գրոհ», İlker Başbuğ, Միլլիյէթ 8 հոկտ. 2015
  9. Daniel Dombey ,   “Collapse in the country’s savings rate”,  Financial Times  Nov 28 2013
  10. Կ’ենթադրուի որ կուսակցութենէ արտաքսուածները Մերալ Աքշէնէրի գլխաւորութեամ կազմեն նոր կուսակցութիւն մը:
  11. ՀԺԿ-ի քաղաքական վարքը ուսումնասիրութեան առանձին նիւթ է:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին