Կիրակի, 03. 12. 2023

spot_img

2016-2017 Տարեշրջանի Հպարտացնող Բերքը

ՀԲԸՄիութեան Լեւոն Կ. Նազարեան վարժարանը, իր տնօրէնութեամբ, ուսուցչակազմով, ծնողքով եւ աշակերտութեամբ, բուռն ոգեւորութիւն կ’ապրէր, հոգեկան լիութեամբ կը շնչէր, որովհետեւ պահը հասած էր իր 2016-2017 տարեշրջանի աւարտական բերքը քաղելու:

  Արդարեւ, 24 Յունիս 2017-ին, Զապէլ Մովսէսեան կը փութային շրջանաւարտներու ծնողներն ու հարազատները, բարեկամներն ու հիւրերը, միասնաբար դիմաւորելու, վայելելու, նշելու ու շնորհաւորելու 55-ամեայ վարժարանին 21 աւարտականներու ամավերջի հանդէսը:

  Բեմը կը բուրէր հայկականութեամբ, զարդարուած ըլլալով ազգային աւանդութեան որոշ նմոյշներով, ինչպէս կուժ, սափոր, բաժակ, փսիաթ, գորգ, եւ այլն, որոնք յատուկ գոյն մը տուած էին սրահին:

  Քայլերգներու՝ Լիբանանի, Հայաստանի ու ՀԲԸՄիութեան, յոտընկայս ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը արտասանեց՝ հայերէնագիտական նիւթերու վաստակաւոր ուսուցչուհի-դաստիարակուհի՝ Տիկ. Յասմիկ Տեմիրճեան, որ շեշտը դրաւ դպրոցին առաքելութեան ու դերակատարութեան, բերած նպաստին ու ներգործութեան վրայ, գիտակից ու մտացի, աշխատասէր ու տիպար սերունդ պատրաստելու ի խնդիր:

Շրջանաւարտներու «կենդանի պատկեր»ը ուշագրաւ էր, Յովհաննէս Թումանեանի «Ամէնէն Լաւ Տուն«ը դիպաշարով, ուր ցոյց կը տրուէր հայկական օճախին անփոխարինելիութիւնն ու հարազատութիւնը, ի դէմս տարբեր երկիրներու (Լոնտոն, Փարիզ, եւայլն), որոնք երբեք չեն կրնար փոխարինուիլ հայրենական տունով:

Այս պատմողականութիւնն ու ցուցադրութիւնը, մէջընդմէջ, կը պատկերուէին ու կը կերպարաւորուէին, գեղարուեստական կատարողութիւններով, օրինակ՝ երգ-պարով (Ռահպանիական), ջութակ-դաշնամուր՝ Հրանդ եւ Արաքս Էլմայեան, արեւմտեան արդիական պար (Up Town), անգլերէնով արտասանութիւն (Family Ties)՝ Գլարիթա Սթեֆանօ, խմբային երգ («J’ai Quitté Mon Pays»), մեներգ, «Մարտիկի Երգը»՝ Ռիթա Չարըքեան, խմբային պար «Նինօ», խմբերգ «Ընտանիք»՝ Մարինէ Մխիթարեան:

  Այս բոլորը կատարուեցան շրջանաւարտներուն կողմէ, լաւագոյն ու տպաւորիչ արտայայտութիւններով, պար-եղանակներով եւ երգամատուցումներով, արժանանալով ներկաներու գնահատանքին, որոնց յաջողութեան մէջ, օգտակար դեր ունեցած են պարուսոյց՝ Տիկ. Հայարփի Ճերեճեանը եւ երաժշտութեան ուսուցչուհի՝ Տիկ. Նորա Եղեայեանը:

  Տնօրէնութեան խօսքը արտասանեց՝ Տեսչուհի՝ Տիկ. Ցոլինէ Էլմայեան, որ անդրադարձաւ «ընտանիք» հասկացողութեան ու նուիրականութեան վրայ, կարեւորելով անոր դրական ու կառուցողական ազդեցութիւնը առողջ սերունդի մը կազմաւորման մէջ, դառնալով լրացուցիչ լծակը հայ դպրոցին ու դաստիարակութեան, որմէ ետք՝ բեմ հրաւիրուեցան Բժ. Վարուժան Մարկոսեանը, Տնօրէն Արա Վասիլեանը, Տեսչուհի՝ Ցոլինէ Էլմայեանը, որպէսզի մրցանակաբաշխութիւնները կատարեն՝ Գերազանց, Բարձր Պատուոյ Յիշատակութեանց , եւ Վարքի արժանացող աշակերտներուն:

  Այնուհետեւ, հանդիսաւորապէս ու ներկաներու բուռն ծափահարութեան տակ, սրահ մուտք գործեցին շրջանաւարտները, մինչ շրջանաւարտներ Արէն Վասիլեան «խօսք Երախտիքի՝ Հ.Բ.Ը.Միութեան», Ռիթա Չարըքեան, Ֆրանսերէնով, Ճօ Հելվաճեան անգլերէնով, կարդացին իրենց ուղերձները, որոնց յաջորդեցին Աւետիս Յակոբեան՝ արաբերէն, Հրանդ Էլմայեան՝ հայերէն ուղերձներով, բոլորն ալ իրենց շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան զգացումները արտայայտելով:

  Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանի նախկին շրջանաւարտներէն՝ Բժ. Վարուժան Մարկոսեան, որուն կենսագրութիւնը ներկայացուց՝ Տիկ. Յասմիկ Տեմիրճեան:

  Բժ. Մարկոսեանը, վերյիշելով իր դպրոցական տարիներու փորձառութիւնները եւ յիշատակելի պահերն ու երեւոյթները, յորդորներ տուաւ աւարտականներուն, հաւատարիմ մնալու իրենց լեզուին՛ ինքնութեան ու մշակոյթին, դառնալով օրինակելի քաղաքացիներ ու հայրենասէրներ: ……

  Վկայականները բաշխելու համար, բեմ հրաւիրուեցան՝ Շրջանակային Յանձնաժողովի անդամուհի՝ Տիկ. Արտա Եանըգեան, Կրթական Յանձնախումբի անդամ՝ Պրն. Մայք Կիրիթլեան, Տնօրէն Պրն. Արա Վասիլեան եւ Տեսչուհի Տիկ. Ցոլինէ Էլմայեան:

  Զոյգ խմբերգներով՝ »Վերջին Զանգ» եւ «Նազարեան» վարժարանի քայլերգ, խանդավառ տրամադրութեամբ վերջ գտաւ հանդէսը, շնորհաւորանքներու եւ ողջագուրումներու ջերմ մթնոլորտի մէջ:

  Շնորհաւորելի են շրջանաւարտ-շրջանաւարտուհիները, նաեւ հանդիսավարուհի՝ Տիկ. Յասմիկ Տեմիրճեանը, որ իր պաշտօնակիցներուն հետ, նման գեղեցիկ ու վարակիչ հանդիսութիւն մը նուիրեցին ծնողներուն եւ հանդիսականներուն, որոնք, գոհունակ ու շնորհակալական զգացումներով, բաժնուեցան սրահէն:

Շրջանաւարտներու Անուանացանկ

 

 

1.

Ապտըլ Նուր Ճոհան

12.

Չարըքեան Ռիթա*

2.

Ապտըլ Նուր Քէվըն

13.

Գոթահալեան Սելինա

3.

Աղասարգիսեան Սեպուհ

14.

Մելիքեան Սամուէլ

4.

Պոյաճեան Կալի

15.

Մուրատեան Սելինա

5.

Տէքէրմենճեան Մարք*

16.

Սահակեան Քրիս

6.

Տեմիրճեան Փաթիլ

17.

Սթեֆանօ Գլարիթա

7.

Էքմէքճեան Սէրուժ

18.

Թորոսեան Սթեֆանի

8.

Էլմայեան Հրանդ**

19.

Վասիլեան Արէն*

9.

Կիրակոսեան Կարօտ

20.

Ուաննէս Էլիզա

10.

Յակոբեան Աւետիս**

21.

Ուաննէս Գարէն

11.

Հելվաճեան Ճօ*

 

 

**Բարձր Պատուոյ Յիշատակութիւն

*Պատուոյ  Յիշատակութիւն

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին