Ուրբաթ, 13. 06. 2025

spot_img

Հ. Բ. Ը. Մ. Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարանի Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

ՍՈՆԻԱ ՏԷԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

Կիրակի, 18 Յունիս 2017ին, տօնական մթնոլորտ կը տիրէր ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարանի Մանկապարտէզէն ներս,  ուր աշակերտները կանուխէն ժամանած էին նկարուելու եւ հանդիսութեան պատրաստուելու համար:

Վարժարանիս գեղեցկօրէն յարդարուած սրահը հետզհետէ կը լեցուէր խուռներամ բազմութեամբ  ծնողներու եւ հարազատներու, որոնք  կը փութային դիտելու Մանկապարտէզի Վկայականաց Բաշխման Հանդէսը, հովանաւորուած ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբին կողմէ:

          Լիբանանի, Հայաստանի ու ՀԲԸՄ-ի քայլերգներու յաջորդական ունկնդրութենէն ետք բեմահարթակ բարձրացան Ծիլ դասարանցիները, միանալու Մանկապարտէզի միացեալ երգչախումբին, ներկայացնելու եօթ հրաշալի երգեր՝ «Իմ Երկրի Վրայ Շողում Է», «Ամենալաւ Մայրիկը», «Գետաշէն» եւայլն: Մանկական երգը հնչեց զիլ ու անկաշկանդ, հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն՝ մեծ հաճոյք պատճառելով ներկաներուն:

          Ծափահարութիւններու առաջին ալիքէն ետք խօսք առաւ Մանկապարտիզպանուհի Օրդ. Սոնիա Տէիրմենճեանը, որ դրուատեց անցնող տարուան իրադարձութիւնները, անդրադարձաւ Կարմիրեան վարժարանի կրթական առաքելութեան արդիական միջոցներուն մասին եւ շնորհաւորեց շրջանաւարտները: Աւարտին հրաւիրեց ծնողները պահպանելու հայոց ընտիր լեզուն, հարուստ մշակոյթն ու նուիրական ժառանգութիւնները, որոնք կը կազմաւորեն հայու նկարագիրն ու ապրելակերպը եւ կը հանդիսանան պատգամը գալիք սերունդներուն:

          Յայտագիրը շարունակեց իր հեզասահ ընթացքը եւ քանի որ հանդէսին խորագիրը «Փայլուն Աստղեր» էր, երեխաները բեմին վրայ սկսան ցուցադրել իրենց զանազան ձիրքերը: Մարզիկը, պարուհին, խոհարարը, ղեկավարը, երգիչը, գծագրիչը, նկարիչը, դերձակուհին… փոքրիկ ներկայացումներ իրարու յաջորդեցին ու զարմանալի էր, թէ փոքրիկները ինչպէս ըմբռնած եւ ինչպիսի հարազատութեամբ կը խաղային իրենց դերերը:

          Հանդիսութեան ընթացքին խանդավառ պարով ելոյթ ունեցան Ծիլ դասարանցիները, արժանանալով սրահի ջերմ ծափողջոյններուն:

          Բողբոջ դասարանցիները սիրուն տարազներով ներկայացուցին եւրոպական պար մը, որուն յաջորդեցին «Ամառ» եւ «Օդանաւ» խմբային արտասանութիւնները:

          Կոկոն դասարանցիները գունագեղ զգեստներով հրամցուցին հնդկական պար մը, որուն յաջորդեցին հայրիկին ու մայրիկին նուիրուած արտասանութիւններ:

          Ծաղիկ դասարանցիները՝ օրուան փայլուն աստղերը հանդէս եկան «Fireball» եւ հայկական պարերով, որոնց յաջորդեցին Հայաստանի, Լիբանանի ու համայն մանուկներուն նուիրուած արտասանութիւններ՝ հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով:

Հիանալի ճկունութեամբ հնչեցին անգլերէնն ու արաբերէնը, քաղցր եւ դիւթիչ հայերէնի կողքին, ինչ որ ցոյց տուաւ թէ աշակերտները ամբողջ տարուան ընթացքին շատ լաւ սորված եւ իւրացուցած էին ամէն ինչ: Միւս կողմէ, տարազներու բծախնդիր ընտրութիւնը աւելի արտայայտիչ ու տպաւորիչ դարձուցին հայկական թէ օտար պարերը:

          Վկայականներու բաշխումէն առաջ բեմ բարձրացաւ ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի Տնօրէնուհի՝ Տիկ. Մարալ Պալէօզեանը, որ խօսեցաւ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Վարժարաններու վերջին տարիներու շինիչ իրագործումներուն եւ ipad-ի գործածութեան մասին: 2017-ի վերամուտին  Ա. դասարանի դասընթացքին մեծագոյն բաժինը պիտի ընթանայ արդիական ipad գործիքով, որ պիտի փոխարինէ դպրոցական ծանր պայուսակը, ընդգրկելով դաստիարակչական խաղեր, որոնք ուսուցումը աւելի եւս հրապուրիչ պիտի դարձնեն:  Տիկ. Պալէօզեան եզրափակեց իր խօսքը շնորհակալութիւն յայտնելով ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբին սոյն ծրագրի իրականացման համար:

          Վերտիի աւանդական դարձած երաժշտութեան հնչիւններով սրահ մուտք գործեցին շրջանաւարտները, որոնցմէ Շանէլ Էլսուէյտին համարձակօրէն արտասանեց հայերէն ուղերձը, արժանանալով ներկաներուն բուռն ծափահարութիւններուն:    

          Վկայականներու տուուչութիւնը կատարուեցաւ ձեռամբ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ Տիկ. Սինթիա Մենտիլեանի, Կարմիրեան բարերար ընտանիքի դուստր՝ Տիկ. Սոնիա Զաւզաւաթճեանի, ՀԲԸՄ վարժարաններու Ընդհանուր Տնօրէն՝ Պրն. Արա Վասիլեանի, ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի Տնօրէնուհի՝ Տիկ. Մարալ Պալէօզեանի ու Մանկապարտիզպանուհի՝ Օրդ. Սոնիա Տէիրմենճեանի:

          Փակման պարին մասնակցեցան մանկապարտէզի բոլոր աշակերտները, որոնք ինքնավստահ եւ հաստատ քայլերով հեռացան սրահէն:

          Այս ուրախառիթ հանդիսութեան աւարտին, դպրոցի գետնայարկ տարածքին վրայ տեղի ունեցաւ տօնական կարկանդակին հատումը: Այնուհետեւ, յիշատակի նկարներ առնուեցան, զուարճութեան արտայայտութիւններ, գովասանքներ ու շնորհաւորական խօսքեր փոխանցուեցան: Բոլորը գոհ էին եւ զուարթ:

          Լաւ գործ մը կատարած ըլլալու գոհունակութեամբ եւ նորանոր նուաճումներ արձանագրելու ակնկալութեամբ, բարի երթ կը մաղթենք մեր սիրելի վարժարանին ու անոր մանկապարտէզին:

          Վարձքը կատար բոլորին:

Անուանացանկ

 

1

Ադամեան

Ռայըն

2

Պետրոսեան

Գառնի

3

Տագէսեան

Վանա

4

Տէր Արթինեան

Մարիլին

5

Էլսուէյտի

Շանէլ

6

Ճուլֆայեան

Գրիգոր

7

Ճունթոյեան

Ալեքս

8

Գալտընեան

Կալին

9

Քէքլիկեան

Նոյ

10

Մարսուպեան

Էլէնա

11

Փարթամեան

Գէորգ

12

Շէքէրճի

Քարլ

13

Շէքէրճի

Լուքաս

14

Սիմոնեան

Ժէնի

15

Թէքիրեան

Մկրտիչ

16

Թորոյեան

Հրաչ

17

Թորոյեան

Մարտօ

18

Վարդանեան

Ժագ

19

Թաննուս

Շարպէլ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին