Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Յակոբ Գասարճեանի «Նուիրում ՌԱԿ-ի Ճամբով Յիսնամեայ Գործունէութեան Արձանագրութիւն» Գիրքը Ի Պատուի. Շնորհանդէս եւ Գինեձօն Հատորին Հրատարակութեան Առիթով

5 Յուլիս 201-ին, Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթին նախաձեռնութեամբ եւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ, Երեւանի Թէքէեան Կեդրոնի մեծ դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ, Լիբանանի խորհրդարանի նախկին անդամ, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմինի ատենապետ՝ Ընկ. Յակոբ Գասարճեանի «Նուիրում ՌԱԿ-ի Ճամբով Յիսնամեայ Գործունէութեան Արձանագրութիւն» գիրքին շնորհանդէսը, որուն կը մասնակցէր ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան: Շնորհանդէսը կազմակերպուած էր «Զարթօնք» օրաթերթի 80-ամեակին առիթով կազմակերպուող ձեռնարկներու ծիրէն ներս:

Հատորը կ’ընդգրկէ Յակոբ Գասարճեանի` տարբեր տարիներու արձանագրութիւնները, նօթերը, անձնական արխիւը եւ մամուլի մէջ լոյս տեսած նիւթերը, հաւաքագրուած եւ խմբագրուած՝ բանասէր Յովիկ Էօրտէքեանի կողմէ:

Ձախէն՝-Ընկերներ-Յովիկ-Էօրտէքեան-եւ-Յակոբ-Գասարճեան-Պրն.-Սերժ-Սրապիոնեան-ընկերներ-Սեւակ-Յակոբեան-եւ-Վիգէն-Խաչատրեան

Հայաստանի, Լիբանանի եւ ՌԱԿ-ի օրհներգներու ոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, «Զարթօնք»ի գլխաւոր խմբագիր ընկ. Սեւակ Յակոբեան մտերմիկ խօսքով մը ողջունեց ներկաները, յիշելով որ իրենց ներկայութեան կը պարտի «Զարթօնք»ի համար Լիբանանի սահմաններէն անդին, թէկուզ Հայրենիքի մէջ, հեռակայ կարգով ձեռնարկներ յաջողցնելու փաստը: Ան այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան մշտական, անսակարկ եւ անվերապահ աջակցութեան համար:

Քայլերգներու ունկնդրութեան պահուն
Քայլերգներու ունկնդրութեան պահուն

Բացման խօսքով եկաւ «Զարթօնք» օրաթերթի երկարամեայ աշխատակից՝ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ ընկհ. Ճենի Գրիգորեան-Բարսեղեանը:

Ընկհի Ճենին նախ ողջունելէ ետք նոյն օրը զուգադիպող ՀՀ Սահմանադրութեան Տօնը հետեւեալ խօսքով հանդէս եկաւ.

Ընկհի Ճենի Գրիգորեան-Բարսեղեան

Մեծայարգ Պրն. Սերժ Սրապիոնեան՝ ՀՀ Սփիւռքի Փոխ նարարար

Մեծայարգ Պրն. Վլատիմիր Պօղոսեան՝ Լիբանանի մէջ ՀՀ Դեսպանութեան դիւանագիտական Կազմի Անդամ

Յարգելի ընկ. Յակոբ Գասարճեան

Յարգելի ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկերներ

Սիրելի ընկերուհիներ եւ ընկերներ, Հայրենի եւ Սփիւռքահայ մտաւորականներ ու մամլոյ ներկայացուցիչներ

Շատ սիրելի ներկաներ

Ինչպէս ձեզմէ շատերուն ծանօթ է, վերջերս լոյս տեսաւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ, Լիբանանի խորհրդանանի նախկին անդամ եւ Թ.Մ.Մ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ Ընկ. Յակոբ Գասարճեանի «Նուիրում ՌԱԿ-ի Ճամբով Յիսնամեայ գործունէութեան Արձանագրութիւն» գիրքը:

Գիրքը առաջին անգամ եւ բնականաբար ներկայացուեցաւ Պէյրութի մէջ ընկերական սեղմ եւ մտերմիկ շրջանակի մը մէջ: Կարելի չէր սակայն Հայրենիքի մէջ ալ չկազմակերպել Ընկ. Յակոբ Գասարճեանի գիրքին Շնորհանդէսը: Ա՛յն Հայրենիքին, որուն գոյութեան կենսականութեան խորապէս հաւատացած է ընկեր Գասարճեանը ու անոր բարօրութեան համար անվերապահօրէն աշխատած: Գիտակցելով այս շատ կարեւոր կէտին, «Զարթօնք» միշտ հաւատարիմ իր ազգային եւ կուսակցական յանձնառութիւններուն, բնականաբար իր վրայ առաւ այսօրուայ Շնորհանդէսի կազմակերպումը, որուն համար ո՛չ մէկ ճիգ խնայեց անոր խմբագրութիւնը:

Գիրքը իւրայատուկ յուշագրութիւն մըն է, ուր ամփոփուած է Ընկ. Յակոբ Գասարճեանի շուրջ կէս դարեայ ազգային-քաղաքական եւ միութենական-կուսակցական գործունէութիւնը:

Ընկ. Գասարճեան իր գիրքին մէջ պատմութեան համար տուած է իր գործունէութեան կարեւորագոյն հանգրուանները, որոնք կառնչուին իր ընտանիքին, ՀԵԸ-ին, ՀԲԸՄ-ին, ՌԱԿ-ին, ԹՄՄ-ին, Հայրենիքին, Արցախին եւ լիբանանեան քաղաքական կեանքին:

Անցնող 50 տարին Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ «Վերելքներով եւ ընկրկումներով հարուստ ժամանակաշրջան մըն էր, որ անկասկած իր հետքը ձգեց գործունէութեանս տարիներուն վրայ». իր գիրքին մէջ կ’ըսէ ընկ. Գասարճեան:

Այս ներշնչող եւ ուսանելի գիրքին նիւթերը հաւաքած եւ խմբագրած է ընկ. Յովիկ Էօրտէքեան, որ ի մի բերած է ընկ. Յակոբ Գասարճեանի տարբեր տարիներու գրառումները, նօթերը, անձնական արխիւը եւ մամուլի մէջ լոյս տեսած նիւթերը:

Սփիւռքահայ պատմութեամբ հետաքրքրուողներուն եւ ապագայ ուսումնասիրողներուն հարուստ նիւթ եւ ատաղձ հայթաթելէն անդին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան պատմութեան մէջ իր իւրայատուկ տեղը ունեցող այս գիրքը Հայրենիքի մէջ ո՞վ լաւագոյնս կրնար ներկայացնել բացի՝ մեր կուսակցութեան պատմութեան հետ մեծապէս առնչուած Հայրենի քաղաքական գործիչ ընկեր Վիգէն Խաչատրեանէն, որուն «Զարթօնք»ի անունով մեր շնորհակալութիւնը կը յայտնենք:

Փոխ-Նախարար Սերժ Սրապիոնեան

Ապա խօսքը տրուեցաւ ՀՀ Սփիւռքի Փոխ-Նախարար Պրն. Սերժ Սրապիոնեանին: Պրն. Սրապիոնեան ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը եւ շնորհաւորանքը ներկաներուն եւ մեծարեալին փոխանցելէ ետք Շնորհանդէսին նիւթ՝ գիրքին ինչպէս նաեւ ՌԱԿ-ին անդրադարձաւ հետեւեալ կարեւոր խօսքով.

«Մենք դեռ շատ մութ էջեր ունինք մեր պատմութեան մէջ եւ այդ մութ էջերէն մէկն ալ մեր ազգային կուսակցութիւններուն պատմութիւնն է, որ իսկապէս, ո՛չ Սփիւռքի, ո՛չ հայրենիքի առանձնացուած պատմութիւն է` ատիկա պատմութիւն  է ամբողջ ժողովուրդի մը, որ ցաքուցրիւ ըլլալով աշխարհի տարբեր ծայրերու մէջ՝ գոյութեան կռիւ տալով, իր ազգային նկարագիրը պահելու համար դիմած է տարբեր միջոցներու եւ ամենատարբեր գաղափարներու շուրջ հաւաքած նուիրեալ մարդոց: Այդ նուիրեալ մարդոցմէ են Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան անդամները, որոնք՝ մեր երկրի եւ ժողովուրդի համար ամենադժուարին ժամանակաշրջանին՝ հաւատարիմ մնացին հայրենիքի եւ հայրենասիրութեան գաղափարին:

Այլ կուսակցութիւններու վերաբերեալ ես ոչինչ կրնամ ըսել, ո՛չ ալ իմ խնդիրն է քննել կամ քննարկել, բայց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, որքան որ ես ծանօթ եմ իբրեւ մտաւորական եւ իբրեւ հայ ժողովուրդի պատմութեամբ հետաքրքրուած անձ` միշտ կանգնած եղած է վեր այն բոլոր գոյներէն, որոնք կրած են երկիրն ու ժողովուրդը ամենատարբեր քաղաքական պայմաններու մէջ` կարմիր Ռուսիոյ հետ, սպիտակ Ռուսիոյ հետ, սրճագոյն Ռուսիոյ հետ, թէ առանց անոր։ Մեր հիմնական խնդիրը եղած է երկրի պահպանումը, ժողովուրդի ծնատիպի փրկութիւնը, որուն անվերջ նուիրուած եղած է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը». շեշտեց յարգելի փոխ-նախարարը:

Ապա իր խօսքը եզրափակելով ան ըսաւ. «Այսօր այս գիրքը սպասուած գիրք էր` Յակոբ Գասարճեանի նման ականատեսի, մասնակիցի, կերտիչի եւ քաղաքական մտածողի կողմէ ստեղծուած գիրք է, ուր փաստերը հաւաստի են, որուն մէջ լոյս սփռուած է մեր պատմութեան մութ էջի մը վրայ եւ մենք շատ աւելի մեծ գաղափար կը կազմենք մեր երկրի եւ մեր ժողովուրդի անցած պատմութեան՝ շուրջ կէս դարեայ ժամանակահատուածի վրայ: Այս իմաստով նաեւ դասեր կը քաղենք. ասիկա ուսուցանող գիրք է»:

Ընկեր Յակոբ Անդրէասեան

 

ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան անունով ողջոյնի խօսքը ընթերցեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկ. Յակոբ Անդրէասեանը (ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ողջոյնի խօսքը տեսնել էջ 2-ի վրայ – խմբ.-):

Կարգը եկած էր օրուայ գլխաւոր բանախօսին, որուն հետեւեալ խօսքերով ծանօթացուց ընկ. Սեւակ Յակոբեան.

Վիգէն Խաչատրեան. Հայրենի Քաղաքական Գործիչ. Հայաստանի խորհրդարանի ընտրուած անդամ երկու անգամ, 1990-ին, որպէս ՀՌԱԿ-ի պատգամաւոր եւ 1995-ին։  Եղած է Հայաստանի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հիմնադիր անդամներէն: 1994-ին հիմնած է Ռամկավար Ազատական (լիբերալ-դեմոկրատական) կուսակցութիւնը: Եղած է Լոռիի մարզպետ եւ Երեւանի փոխ-քաղաքապետ:

1998-ին, որպէս թեկնածու մասնակցած է Հայաստանի նախագահական ընտրութիւններուն: Հրապարակած է քաղաքագիտական յօդուածներ եւ աշխատութիւն մը:

Վիգէն Խաչատրեան

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Բեմը ստանձնելով Վիգէն Խաչատրեան խորունկ վերլուծումներով ներկայացուց գիրքը: Ան նախ նշելէ ետք, որ  «Նուիրում ՌԱԿ-ի Ճամբով Յիսնամեայ գործունէութեան Արձանագրութիւն» գիրքը իւրայատուկ յուշագրութիւն է, որուն մէջ ամփոփուած է Յակոբ Գասարճեանի շուրջ կէսդարեայ ազգային-քաղաքական եւ միութենական-կուսակցական գործունէութիւնը։ Գիրքը իր իւրայատուկ տեղը կը գրաւէ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան պատմութեան մէջ. «Գասարճեանը իր գիրքին մէջ պատմութեան համար տուած է իր գործունութեան կարեւորագոյն հանգրուանները, որոնք կ’առնչուին իր ընտանիքին, ՀԵԸ-ին, ՀԲԸՄ-ին, ՌԱԿ-ին, կուսակցութեան ներքին խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն, ԹՄՄ-ին, Հայրենիքին, Արցախին եւ լիբանանեան քաղաքական կեանքին», ըսաւ.

«Ըստ էութեան հեղինակը կոչ կ’ընէ վերյիշելու եւ վերարժեւորելու անցեալ տասնամեակներու անցած կեանքը եւ անոնցմէ դասեր քաղելու համար: Հեղինակը մինչեւ իսկ ներողութիւն կը խնդրէ իր հնարաւոր սխալներուն համար: Գիրքին մէջ այսպիսի խօսքեր կան. «Պէյրութը Սփիւռքի սիրտն է, իսկ սիրտը պէտք է բաբախէ»:  Կը կարծեմ, որ ռամկավար եւ ոչ ռամկավար՝ այս գիրքը ընթերցելով, պիտի սկսի բաբախել ե՛ւ սիրտը ե՛ւ միտքը: Ես անկեղծ ըսեմ, որ մեծ բաւականութիւն ստացած եմ գիրքին մէջ հրատարակուած նիւթերէն եւ այստեղ է, որ կ’ուզեմ բոլորս կրկին շնորահաւորել՝ Սահմանադրութեան օրուան առիթով: Ինքը՝ Սահմանադրութիւնը, սկիզբ կը դնէ ազգային արժանապատուութեան հաստատման: Մեր ազգը այդ արժանապատուութեան անհրաժեշտութիւնը ունէր եւ հասաւ իր նպատակին: Այսօր մենք ունինք մեր պետութիւնը, ի հարկէ Սահմանադրութիւնը կատարեալ չէ, պետութիւնը կատարեալ չէ, բայց ազգային արժանապատուութեան սկիզբը դրուած է. ատիկա իրօք տօն է մեզի համար, եւ այն, որ ամէն մէկ քաղաքացի, ամէն մէկ հայ մարդ ատիկա իբրեւ տօն չի նշեր, ատիկա իր մեղքը չէ արդէն: Փաստը այն է, որ այսօր մենք հաւաքուած ենք տօնական օրով: Սահմանադրութեան հաստատումը անիմաստ պիտի ըլլար, եթէ անիկա նպատակաուղղուած չըլլար մարդկային արժանապատուութեան հաստատումով: Եւ սահմանադրութեան արժէքը կը կայանայ այն բանի մէջ, որ անիկա սկիզբ կը դնէ նաեւ անհատական արժանապատուութեան հաստատման: Շնորհիւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան՝ պատիւ ունեցած եմ շփուելու շատ նուիրեալ ու պատկառելի հայերու հետ եւ հասկցած եմ, որ մարդկայնօրէն երջանիկ չեն, որ իրենց երկրին մէջ չեն: Այդուհանդերձ, հայ մարդու համար արժանապատուութիւնը Հայաստանի մէջ կը հաստատուի:

Այն դժուար ապրումները, որ մարդը կրնայ կորսնցնել իր ազգային պատկանելիութիւնը, իր հայ ըլլալու հանգամանքը շատ շատերը դժբախտ կը դարձնէ: Եւ Յակոբ Գասարճեանը այն մարդոցմէ է, որ իր կեանքը նուիրած է հայ մնալու խնդիրին: Երբ կը խօսինք Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան մասին, մենք գործ ունինք կազմակերպութեան մը հետ, որ ի դէմս պետութեան՝ կը տեսնէ ազգի արժանապատուութիւն, ի դէմս ազգային պետութեան՝ կը տեսնէ մարդու արժանապատուութիւն եւ միշտ այդ պետութեան կողքին է: Ես իբրեւ մարդ, իբրեւ հայ կ՝ընդունիմ, որ Ռամկավար Ազատական ըլլալը պատիւ է եւ կոչում:

Գիրքին մէջ տեղ գտած այլ տեղեկութիւն մը, Գասարճեանի սկզբունքային կուսակցական ըլլալու հանգամանքը երեւան կը բերէ: Ան ատենին քաջութիւնը եւ սկզբունքային կեցուածքը ունեցած է ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան գանձապահի իր պաշտօնէն հրաժարելու, երբ տեսած է թէ կարելի չէ հակակշռել եւ հաշուետուութիւն պահանջել սկզբունքով կուսակցապատկան ԹՄՄ-ի կալուածներու խնդրով, որոնք ցկեանս հանգամանքով կը տնօրինուին կարգ մը անձերու կողմէ: Ան այս առիթով բազմիցս յայտարարած է, թէ նմանօրինակ ցկեանս հանգամանքներ պիտի աշխատի օր մը վերացնել, որովհետեւ չեն համապատասխաներ կուսակցութեան ժողովրդավարական հաւատամքին: 

Յակոբ Գասարճեանի գիրքը ուղղուած է այն բանին, որ պէտք է փոխուիլ, ժամանակները կը փոխուին: Ինծի համար բացայայտում էր, որ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ներքին տագնապները, երբեմն մեզի կը թուէր` պայմանաւորուած է Հայաստանի անկախութիւնով, իսկ գիրքէն ես կ՝իմանամ, որ բնաւ այդպէս չէ` աւելի առաջ սկսած է: Շատերը կը կարծեն, որ ատիկա պատճառ է սերնդափոխութեան, բայց ատիկա այդպէս չէ: Գասարճեանի գիրքը կարեւոր է անոր համար, որ ան կը հրապարակէ փաստագրական նիւթ մը, երբ կուսակցութիւնը լուրջ խնդիրներ ունի եւ գիրքը միտուած է այդ խնդիրները յաղթահարելուն: Գիրքը նպատակ ունի օգնելու ապագայի գործունէութեան, ոչ թէ միտուած է անցեալին կամ սեփական անձի փառաբանման: Գիրքին մէջ շատ հետաքրքրական ձեւով կը ներկայացուի բարեգործականի կարեւորութիւնը, ազգային գործունէութիւնը: Յստակ ներկայացուած է եկեղեցւոյ եւ Սուրբ Էջմիածինի դերակատարումը: Շատ նրբանկատօրէն հեղինակը կ՝անդրադառնայ ընտանիքի դերակատարութեան, անձի դաստիարակութեան եւ գործունէութեան ոլորտին մէջ իր երախտիքը յայտնելով իր ծնողքին, տիկնոջն ու զաւակներուն»:

Հետաքրքրական կէտ մըն ալ ուշադրութիւնս գրաւեց: Մեծանուն Ալեք Մանուկեան օր մը ծանօթանալով Յակոբ Գասարճեանի հօրը մեծ դրուատիքով խօսած է իր զաւակին մասին նշելով, որ մեր միջավայրին մէջ զաւակները կը ճանչցուին իրենց հօրմով. Յակոբ Գասարճեանի պարագային՝ հակառակն է:

Եզրափակելով իր խօսքը Վիգէն Խաչատրեան ըսաւ. «Ըստ ինծի՝ գիրքը կարեւոր է նաեւ անոր համար, որ ներկայացնելով անցեալը՝ միտուած է ապագային: Այդպիսի գիրքեր քիչ են: Երբ կ՝ընթերցես գիրքը, կարծես թէ մեր ապրած կեանքը կ՝անցնի այդ գիրքով: Գիրքը նաեւ կոչ կ՝ընէ համախմբուելու, վերջ տալու կուսակցական պառակտուածութեան, որովհետեւ ազգը, պետութիւնը ունի ատոր կարիքը»:

Ջութակահար՝ Շանթ Դանիէլեան

Քաղաքականութենէ հեռու, կարգը եկած էր գեղարուեստական յայտագիրին: Ջութակի նուագածութեամբ Հայկական գողտրիկ երաժշտութեամբ հանդէս եկաւ Շանթ Դանիէլեան ներկաներուն պարգեւելով ոգեպարար վայրկեաններ:

Այնուհետեւ ընկ. Յակոբեան խօսքը տուաւ ՀԲԸՄ hայաստանեան ներկայացուցչութեան փոխ-տնօրէն, ՌԱԿ-ի Լատին Ամերիկայի «Սարտարապատ» պաշտօնաթերթի ատենի խմբագիր, ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի երբեմնի վարիչ տնօրէն՝ Շնորհահանդէսի նիւթ գիրքին խմբագիր՝ բանասէր ընկ. Յովիկ Էօրտէքեանին:

Ընկեր Յովիկ Էօրտէքեան

Ընկ. Էօրտէքեանին ներկաներուն պարզեց գիրքին պատրաստութեան վերաբերող կարգ մը մանրամասնութիւններ, որոնք կատարուած էին գիրքի պատրաստութեան ամբողջ գործընթացին ընթացքին: Ան դրուատիքով խօսեցաւ ընկ. Գասարճեանի բծախնդրօրէն պահպանուած արխիւին մասին, որոնք ի մի բերելով ան յաջողած էր այս գիրքը պատրաստել: Ընկ. Էօրտէքեան շնորհակալութիւն յայտնեց գիրքի պատրաստութեան հետ մեծապէս առնչուած Դոկտ. Վաչէ Ղազարեանին:

Իր խօսքին մէջ ընկ. Էօրտէքեան յատկապէս շեշտեց.

«Գիրքը դասական իմաստով յուշագրութիւն չէ, այլ՝ շատ բծախնդիր, խնամքով պահուած արխիւային նիւթերու ամբողջացում: Նիւթերուն մէկ մասը հայերէն էր, մէկ մասը ֆրանսերէն եւ մէկ մասն ալ արաբերէն: Ամբողջը նիւթը շատ խնամքով պահուած էր: Համեստութիւն չընեմ ըսելով, որ շատ կարեւոր աշխատանք կատարեցի, այլ արխիւներու նիւթեր եւս հաւաքագրեցի գործը առաջ մղելու համար:

Երեք կարեւոր առանցքի շուրջ ցանկացայ այս գործը առաջ բերել, որովհետեւ Գասարճեանի յիսունամեայ գործունէութիւնը հիմնաւորուած էր երեք կարեւոր հաստատութիւններու վրայ` Հայաստանի Առաքելական Սուրբ եկեղեցի, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն: 

Այս գործունէութիւնը լուսաբանելու` թուղթին յանձնելու ընթացքին, իսկապէս, ես ալ յաճախ յուզումով, յաճախ նաեւ վրդովմունքով թուղթին յանձնած եմ տողեր, որոնք ցաւցուցած են նաեւ զիս: Ատիկա յատկապէս կը վերաբերէր մեր կուսակցական խնդիրներուն:

Գասարճեանի գործունէութիւնը զուգադիպած է վճռորոշ ժամանակաշրջանի հետ` արցախեան շարժում, Հայաստանի անկախացում: Եւ այս ժամանակաշրջանին փոթորկալից օրեր ապրած են ոչ միայն ամբողջ հայութիւնը, այլ նաեւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը: Մեր կազմակերպութեան մէջ քիչ են այն մարդիկ, որոնք կրցած են հրապարակային անդրադառնալ այս հարցերուն եւ մնայուն յուշագրութեան վերածելուն: Ես կը կարծեմ, որ գիրքը կարեւոր սկզբնաղբիւր է մեր կազմակերպութեան յետագայ գիտական վերլուծութեան համար:

Գասարճեանի երկրորդ համարձակութիւնը նաեւ այն էր, որ ի տարբերութիւն շատերու՝ գիրքին մէջ ան ներողութիւն կը խնդրէ իր գործած սխալներուն համար». ըսաւ գիրքին խմբագիրը:

«Այս գիրքը պիտի ծառայէ սփիւռքեան կազմակերպութիւններու գիտական վերլուծութիւններուն» եզրափակեց ընկ. Էօրտէքեան:  

Ընկեր Յակոբ Գասարճեան

Աւարտին ելոյթ ունեցաւ գիրքին հեղինակը՝ ընկ. Յակոբ Գասարճեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ.

«Կ’ուզեմ քանի մը կէտի անդրադառնալ: Պիտի սկսիմ իմ երիտասարդական տարիներէն, երբ անդամ էի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան եւ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան: Այդ տարիներուն, ինծի համար հպարտութիւն էր, որ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին միասնական կը գործեն եւ միակամ ճակատ կազմեն: Եւ ես միշտ աշխատած եմ այս ուղղութեան շուրջ, երբեք չեմ մոռնար պարոն Ալեք Մանուկեանի խօսքը, երբ կ՝ըսէր. «Ուր Բարեգործականը զօրաւոր է՝ այնտեղ Ռամկավարները զօրաւոր են եւ ուր Ռամկավարները զօրաւոր են՝ այնտեղ զօրաւոր է Բարեգործականը»: 

Ոմանք հաւանաբար տեղեակ են, որ Ալեք Մանուկեանի ղեկավարութեան շրջանին Բարեգործականի Կեդրոնական Վարչութեան հիմնական անդամներուն մեծ մասը Ռամկավար Ազատականներ էին: Դժբախտաբար՝ Մանուկեանի մահանալէն յետոյ իրավիճակը փոխուեցաւ: Պատճառներէն մէկը այն է, որ այդ շրջանի նշեալ վարչութեան անդամ մեր կարգ ընկերները ի տարբերութիւն իրենց նախորդներէն, ինքզինքնին չարդարացուցին: Իմ ցանկութիւնը այն է, որ ՀԲԸՄ-ը, ՌԱԿ-ը եւ Ս. Էջմիածին միակամ տեսնեմ, քանի որ այս երրորդութիւնը մեզի համար սուրբ երրորդութիւն է»:

Շարունակելով իր խօսքը ընկեր Գասարճեան ըսաւ. « Ընկ. Յովիկ Էօրտէքեանի հետ, երբ կ՝աշխատէինք կողք-կողքի բերել նիւթերը, յաճախ ընկեր Յովիկի թելադրութեամբ սուր անկիւնները՝ ըլլան անոնք հարցերու թէ դէպքերու մասին «կը կլորցնէինք», այսինքն «սուր» անկիւն չէինք ձգեր: Հաւատացէք, եթէ այդ «սուր» անկիւնները ընկ. Յովիկի թելադրութիւններով «չկլորցնէինք»  հրդեհ կրնար պատահիլ:

Այս գիրքիս հրատարակութիւնը ուրիշ երեւոյթ մըն ալ յառաջ բերաւ: Գիրքին մէջ նշուած կարգ մը անհատներ նեղացան ինծմէ, որովհետեւ դէպքերը պատմած էի այնպէս ինչպէս, որ ե՛ն եւ ո՛չ այնպէս ինչպէս կարգ մը անձեր կ՛ուզէին, որ ըլլար: Այս երեւոյթը աւելի եւս կը հաստատէ այն ասացուածքը, թէ »ճշմարտութիւնը կը վիրաւորէ»: Հետաքրքրական էր այն պարագան նաեւ, որ կարգ մը մարդիկ, որոնց անունները չէի յիշած, անոնք եւս նեղուած են…:

Այս գիրքին մէջ յուշեր չեն միայն, անոնք որոշ դաս առնելիք նիւթեր են, որ յետագային նոյն սխալները չգործենք: Պէտք է՝ գիրքին մէջ գրուածները օրինակ վերցնելով՝ կուսակցութիւնը միասնականացնենք, վերամիաւորենք: Դժբախտաբար սակայն եւ ինչպէս պատմութիւնն ալ կը փաստէ «միւս կողմի» մեր ընկերները ո՛չ մէկ ատեն ընդունեցին իրենց սխալները ինչպէս մենք բազմիցս եւ նաեւ այս գիրքին մէջ ըրած ենք: Անոնք ո՛չ մէկ ատեն ուշքի եկան, որ ստեղծուած անձնական խնդիրները պառակտեցին կուսակցութիւնը եւ կը շարունակեն պառակտել մինչեւ այն ատեն, որ տակաւին մեր այն «միւս կողմի» ընկերները պիտի շարունակեն չընդունիլ սխալները:»:

Եզրափակելով իր խօսքը ընկեր Գասարճեան ըսաւ. «Կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Սփիւռքի նախարարութեան` յանձինս նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին եւ փոխնախարար Սերժ Սրապիոնեանին: Մասնաւոր շնորհակալութիւն «Զարթօնք»-ի գլախաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեանին, այս ձեռնարկը լաւագոյնս կազմակերպելուն համար»:

Ուխտի Վերանորոգման Պահուն
Ուխտի Վերանորոգման Պահուն

Ընկ. Գասարճեան երբ կը պատրաստուէր բեմը ձգել, ընկ. Սեւակ Յակոբեան անակնկալօրէն խնդրեց իրմէ մնալ ու ներկաներուն դառնալով խնդրեց սրահին մէջ գտնուող մեծ թիւով կուսակցականներէն ոտքի կանգնիլ: Այսօր առիթ մըն է ըսաւ ընկ. Յակոբեան, հոս՝ Հայրենի հողին վրայ վերանորոգելու մեր կուսակցական ուխտը: Եկէք բոլորս վերյիշենք մեր երդումը, ըսաւ ան: Պահը յուզիչ էր նաեւ ոգեւորող: Ընկ. Գասարճեանի հետեւողականութեամբ սրահին մէջ ներկաները իրենց աջը վեր բռնած սրտանց  կրկնեցին Կուսակցութեան անդամակցութեան իրենց երդումը:

Գինեձօնի պահուն

 

Պահը հասած էր աւանդական գինեձօնին: Ընկ. Սեւակ բեմ հրաւիրեց ՀՀ Սփիւռքի փոխ-նախարար Սերժ Սրապիոնեանը, օրուայ մեծարեալ՝ Ընկ. Յակոբ Գասարճեանը, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան փոխ-ատենապետ՝ ընկ. Լեւոն Պլըխեանը, օրուայ բանախօս՝ Վիգէն Խաչատրեանը, գիրքին խմբագիր՝ ընկ. Յովիկ Էօրտէքեանը, եւ «Զարթօնք»ի աշխատակից՝ ընկհ. Ճենի Գրիգորեան Բարսեղեանը, որպէսզի նորօք հրատարակեալ գիրքը օծեն գինիով:

Շրջապատուած ՀՌԱԿի առաջին պատգամաւորներով

Աւարտին ներկաներուն համար ընկ. Գասարճեան իր գիրքը մակագրեց, մինչ ներկաները տակաւին երկար զրուցեցին մտերմիկ հիւրասիրութեան մը սեղաններուն շուրջ:

Շրջապատուած ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկերներով
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին