5 Յուլիս 2017ին Երեւանի Թէքէեան Կեդրոնի մեծ դահլիճին մէջ «Զարթօնք»ի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Ընկ. Յակոբ Գասարճեանի «Նուիրում ՌԱԿ-ի Ճամբով» Գիրքին Շնորհանդէսը: Այս առիթով ընկ. Յակոբ Անդրէասեան ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անունով ներկաներուն ընթերցեց այս առիթով յղուած յատուկ շնորհաւորագիրը:
Շնորհաւորական Ուղերձ
Յարգելի՛ ընկեր Յակոբ Գասարճեան,
Ատենին ուրախութեամբ իմացած էինք ձեր 50 ամեայ ազգային կուսակցական կեանքը մէկտեղող՝ «ՆՈՒԻՐՈՒՄ ՌԱԿ-ի ՃԱՄԲՈՎ Յիսնամեայ Գործունէութեան Արձանագրութիւն» գիրքի լոյս ընծայման լուրը:
Կասկածէ վեր է, որ Ձեր եօթանասունամեակին զուգադիպող այս գիրքը իւրաքանչիւր Ռամկավար Ազատականի համար յոյժ ուսանելի աղբիւր մըն է, որովհետեւ անոր հեղինակը ունի ձեր փորձն ու վաստակը մեր սիրելի կուսակցութեան մէջ:
Այսօր ձեր գիրքին Շնորհահանդէսն է, երկրորդը Ձեր ազգային կեանքի դարբնոցը հանդիսացող Պէյրութէն ետք, որ այս անգամ «Զարթօնք»ի խմբագրութեան նախաձեռնութեամբ յատկանշականօրէն տեղի կ՛ունենայ Հայրենիքի մէջ, որուն, ինչպէս Ձեր գիրքին բովանդակութիւնն ալ կը վկայէ, գոյատեւման եւ զարգացման համար ոչ մէկ ճիգ խնայած էք:
Հակառակ յուշագրութեան տեսակին իր պատկանելուն, ձեր գիրքին մէջ յատկանաշական է դէպի ապագայ ձեր հայեացքը: Անցեալէն սորվելու ու ըստ այնմ ապագան ծրագրելու ձեր պատգամը: Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն տակաւին լուսաւորող՝ Կուսակցութեան ներուժին կիզանիւթով վարող ջահը, երիտասարդ սերունդին փոխանցելու ձեր անվերապահ հաւատքը:
Դարձեալ կը շնորհաւորենք ձեզ եւ այս Շնորհահանդէսը կազմակերպող միշտ պատնէշի վրայ եղող մեր «Զարթօնք» օրաթերթը: Այս առիթով կը շնորհաւորենք նաեւ գիրքի խմբագիր ընկեր Յովիկ Էօրտեքեանը, որ բծախնդրօրէն հաւաքագրելով ձեր արժէքաւոր արխիւը սերունդներուն եւ պատմութեան կը յանձնէ ձեր ճամբով քալել խթանող ազգային եւ կուսակցական օրինակելի կեանքի մը պատմութիւնը:
Ի Դիմաց՝
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Սեւակ Յակոբեան Սերխիօ Նահապետեան
Ատենադպիր Ատենապետ