Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լիբանանի Տեղական Վարչութեան Անդամները Եւ Լիբանանցի Պատանի Երաժիշտները Հիւրընկալուեցան Սփիւռքի Նախարարութեան Կողմէ

4 Յուլիս 2017-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Թէքէեան Մշակութային Միութեան հիմնադրութեան 70-ամեակը նշելու ծիրէն ներս Հայաստան գտնուող ԹՄՄ Լիբանանի Տեղական Վարչութեան անդամները, լիբանանցի պատանի երաժիշտներ, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ արուեստագէտներու ընտանիք մը: Խումբին կ՛ընկերանար նաեւ, այս առիթով Երեւան գտնուող, «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեանը:

Ծրագիրին ծիրէն ներս, 6 Յուլիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Առնօ Բաբաջանեան» համերգասրահին մէջ, պիտի կայանայ «Հայկական Երաժշտութիւնը Լիբանանեան Կատարմամբ» խորագիրով համերգը` ՀՀ Սփիւռքի  եւ Մշակոյթի նախարարութիւններու հովանաւորութեամբ եւ Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան հետ համագործակցութեամբ։՝  9 արաբ եւ 1 հայ պատանի երաժիշտներու մասնակցութեամբ՝ պիտի հնչեն հայ մեծանուն երգահաններ՝ Կոմիտասի, Ա.Խաչատրեանի, Ա.Բաբաջանեանի, Է.Յովհաննիսեանի եւ այլոց ստեղծագործութիւնները: Իսկ Յուլիս 7-10,  Երեւանի  պատմութեան թանգարանին մէջ, պիտի ներկայացուի «4 Սերունդ. Վճռականութեան Ոգին» ցուցահանդէսը`  հովանաւորութեամբ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան  եւ համագործակցութեամբ՝ Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան:

ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նախ ողջունեց հիւրերը, ապա՝ իր խօսքին մէջ  բարձր գնահատեց հայ-լիբանանեան բարեկամութիւնը, նշելով որ անիկա դարերու պատմութիւն ունի: «Լիբանանը գրկաբաց ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնից մազապուրծ հայ ժողովրդի զաւակներին, ապահովեց նրանց ապրելու եւ արարելու կենսապայմաններով: Իսկ այսօր այնտեղ ապրող մեր հայրենակիցները դարձել են երկրի լաւագոյն քաղաքացիներ եւ իրենց ներդրումն են բերում զարգացման գործին», – նշեց նախարարը:

Սփիւռքի նախարարը  շնորհակալութիւն յայտնեց Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լիբանանի Տեղական վարչութեան ատենապետ Տոքթ. Վիգէն Ասիլեանին` Լիբանանի մէջ հայապահպան գործունէութիւն ծաւալելու եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան 70-ամեակին նուիրուած կարգ մը ձեռնարկներ Հայրենիքի մէջ իրականացնելու համար:

Նախարարը կարեւոր համարեց նաեւ Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեանի գործունէութիւնը, նշելով որ օրաթերթը նոր շունչ եւ հնչեղութիւն ստացած է խմբագիրին քրտնաջան աշխատանքին շնորհիւ:

Անդրադառնալով երկու պետութիւններու մշակութային կապերուն` նախարարը ընդգծեց, որ այս կապերը տարուէ տարի աւելի կը սերտանան:

Խօսելով լիբանանահայ նկարչուհի Լենա Այտընեանի նախաձեռնութեամբ Յուլիս 7-10 Երեւանի պատմութեան թանգարանին մէջ իրականացուելիք «4 սերունդներ. վճռականութեան ոգին» խորագիրով ցուցահանդէս-վաճառքին մասին, հիւրերը նշեցին որ ցուցահանդէսին ընթացքին պիտի ներկայացուին Սահակ, Արփինէ, Սարին Ոսկեաններու, Թանիա եւ Լենա Այտընեաններու, ինչպէս նաեւ Սելին Չաղլասեանի կտաւները: Իսկ Սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կ’ընես Արցախի համար» շարժման ծիրէն ներս՝ ցուցահանդէս-վաճառքէն գոյացած հասոյթին մէկ մասը պիտի տրամադրուի Արցախեան պատերազմին զոհուած ազատամարտիկներու կարիքաւոր ընտանիքներուն:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լիբանանի Տեղական Վարչութեան անդամ՝ արուեստագիտուհի Լենա Այտընեանին մաղթեց մեծ յաջողութիւններ հայաստանեան ցուցահանդէս-վաճառքին` վստահութիւն յայտնելով, որ կտաւները պիտի ընդունուին ու պիտի սիրուին հայաստանցի խստապահանջ արուեստագէտներուն կողմէ:

Այնուհետեւ, իրենց շնորհակալական խօսքը ըսին Տոքթ. Վիգէն Ասիլեան եւ  իր կողակիցը՝  դաշնակահարուհի եւ վերոյիշեալ համերգին գեղարուեստական ղեկավար Ռիթա Ասիլեան: Անոնք նշեցին, որ  ապրելով Լիբանանի մէջ` ամէն օր կը զգան Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութիւնը իրենց նախաձեռնութիւններուն մէջ: «Իսկ այսօր մեզի աջակցեցաք Միութեան 70-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները նաեւ Հայրենիքի մէջ կազմակերպելու գործին: Սփիւռքի նախարարութիւնը իրաւամբ մեր տունն է», – նշեց Վիգէն Ասիլեան:

«Հայրենիքի մէջ «4 սերունդներ. վճռականութեան ոգին» խորագիրով ցուցահանդէսին  կազմակերպումով կ’իրականանայ իմ եւ մեծհօրս մեծագոյն երազանքը, խօսքեր չեմ գտներ զգացողութիւններս նկարագրելու համար», – աւելցուց Լենա Այտընեան:

Հայ եւ արաբ պատանիներն ու երաժիշտները յայտնեցին, որ առաջին անգամ կու գան Հայաստան եւ տպաւորուած են ջերմ հիւրընկալութեամբ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին