Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Ընկ. Սերխիօ Նահապետեան Այցելութիւն Տուաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին

Հայաստան իր կեցութեան ընթացքին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ ընկ. Սերխիօ Նահապետեան այցելութիւն մը տուաւ Էջմիածին, հանդիպելու համար Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. Վեհափառին:

Ընկ. Սերխիօ Նահապետեան ընդունուեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ: Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին Ընկ. Նահապետեան Վեհափառին ներկայացուց կուսակցութենէն ներս տիրող ընդհանուր իրավիճակը, ինչպէս նաեւ եկող հանգրուանին Կեդրոնական Վարչութեան որդեգրած ռազմավարութիւնը եւ յառաջիկայ ծրագիրները:

Ան շեշտեց նաեւ, որ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ մասնակցելու համար պետականաշինութեան ընդհանուր գործին:

Իր կարգին Վեհափառ Հայրը բարձր գնահատեց ՌԱԿ-ի նուիրական աշխատանքը եւ իր օրհնութիւնը եւ բարեմաղթութիւնները փոխանցեց , մաղթելով քաջ կորով՝ շարունակելու համար իր ազգանուէր առաքելութիւնը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին