*ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի աշխատակից
Անգամ մը եւս Ռամատան եկաւ, որու յաջորդեց Ֆիթրի տօնը:Կը շնորհաւորենք արաբ աշխարհը ընդհանրապէս եւ Լիբանանի մեր այլազգի (այլ-ազգ շեշտաւորուած) համաքաղաքացիները յատկապէս:
Ռամատանի ամսուայ ընթացքին սովորութիւն ունիմ հետեւելու եգիպտական հեռուստակայաններու սփռած յայտագիրներուն, որովհետեւ հոն մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու պայքարը ցցուն է, ինչ որ հեռուստաեթերի վրայ որոշ հետաքրքրութիւն մը կը սփռէ: Զրոյցի (Talk Show) մը կը հետեւէի, որ Ռամատանի առթիւ սփռուող հեռուստաշարքերէն մէկուն պատմական եւ արուեստական երեսները կը վերլուծէր: «Ղարապիպ Սուտ» (Սեւ Չամիչներ) այսպէս կը կոչուէր հեռուստաշարքը: Շարքը կը ներկայացնէր Տաէշի գործած անմարդկային ոճիրները, ի մասնաւորի անոնց իգական սեռի հանդէպ ունեցած մտապատկերը: «Սեւ Չամիչներ» խորագիրը ակնարկ մըն է այդ սեւ մարմնաքօղերուն, որով կը քօղարկուին Տաէշի կիները: Զրուցավարը որպէս հիւր ունէր սալաֆի կրօնաւոր մը եւ արուեստի քննադատ մը: «Հարազա՞տ է այս հեռուստաշարքին ներկայացուցած կնկայ պատկերը» հարցուց խօսնակը իր հիւրերուն: «Տաէշի տղամարդոց իգական սեռի հանդէպ ունեցած մտապատկերը իսկապէ՞ս միայն սեռային յարաբերութեան վրայ հիմնուած է» ան աւելցուց: «Ես Իմ հայրենիքի՝ Իրաքի մէջ շատ աւելի վատ պատկերներ եւ ոճիրներ տեսած եմ քան այն, ինչ որ այս հեռուստսաշարքը կը ներկայացնէ», ըսաւ արուեստագէտը, որ իրաքցի մըն էր: Իսկ սալաֆի կրօնաւորը դրժելով արուեստագէտին մօտեցումը ըսաւ՝ «չեմ կրնար ընդունիլ, որ «հաւատացեալ» մը կրնայ անբարոյ ըլլալ: «Հաւատացեալի» մը բոլոր շարժումներ կը համընկնին մեր կրօնին հետ», ըսաւ ան: Ըստ սալաֆի հիւրին, տղամարդ մը կրնայ տասնեակ սեռային յարաբերութիւն ունենալ եւ տակաւին կրօնապահ ըլլալ: Այս իրենց կրօն-մշակոյթի երեսներէն է: Սալաֆի հիւրը միշտ կը քննադատէր արեւմուտքը, զայն որպէս «անբարոյ» ամբաստանելով: Ան արեւմուտքի մշակոյթը կը բաղդատէր իրենց մշակոյթին հետ, որ օրինականացուցած էր անօրէնութիւնը: Նիւթը նիւթ բերաւ եւ հասան մինչեւ վերջերս Մեծն Բրիտանիոյ մէջ պատահածներուն՝ Մանչեսթրի պայթումը եւ բրիտանացիներու ունեցած հակազդեցութիւնը անոր հանդէպ: Տեսանիւթ մը ցուցադրուեցաւ ուր բրիտանացիք վրաերթի կ’ենթարկէին հաւաքականութիւն մը, որու մեծ մասը մարմնաքօղով ծածկուած եւ գլխաշոր հագած էին: Խօսելով գլխաշոր եւ մարմնաքօղ հագուողներուն մասին ՝ «մենք մեր գլխաշորով եւ մարմնաքօղով կրնանք գրաւել արեւմուտքը» ըսաւ սալաֆին:
Պտոյտ մը Լիբանանի մէջ եւ կրնանք ըսել որ վերոյիշեալ վերջին խօսքը իրապաշտ է: