Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Մետիա

*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի աշխատակից

«Եւ ոսկեփայլ պատիւը անարժանին զուր տրուած». Շեքսփիր

Արդարութեան սիրահարները անպայման պիտի յուսախափուին այս աշխարհի մէջ: Ի սկզբանէ այդպէս է. միշտ ալ ուժեղը  «արդար» է: Այլ խօսքով՝ «մեծ ձուկը կը կլլէ պզտիկ ձուկը»: Դարուս վերջին «ձուկ»երէն է ՄԵՏԻԱն:

Շատոնց ինծի հարց եղած է ԿԱՆՏԻն ՄԱՀԱԴՄԱ…«ՄԵԾ ՀՈԳԻ» չէի կրնար հաւատալ եւ տակաւին չեմ ալ հաւատար որ Անկախութիւն կարելի է ունենալ կրաւորական դիրքորոշումով, ան ալ  Բրիտանական Թագաւորութենէն: Դակոր ալ իր դժգոհութիւնը  յայտնած էր…Անկախութեան գինը գուցէ երկրին բաժանումն էր…ի զուր չէ որ Կանտի զոհը գնաց ազգայնական երիտասարդի մը սուրին…:

Մահադմա Կանտի փառաւորուած է համայն աշխարհի մէջ: Թերեւս ես միակն անձն եմ որ կը տեսնեմ  իր տկարութիւնը: Կը քարոզէր ԿՐԱՒՈՐԱԿԱՆ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին եւ միեւնոյն պահուն կը պաշտէր Շրիմատ Պհակաւատ Կիթա Հինտու Սուրբ Գիրքը, որ միակ գիրքն է աշխարհի մէջ,որ կը սորվեցնէ ՎԱՅՐԵՆՈՒԹԻՒՆ: Ես չեմ կրնար ընկալել, թէ ինք ինչպէս չէր տեսնէր հակասութիւնը:

Քրիշնա, Պհակաւատ Կիթայի մէջ յարատեւօրէն կ’ըսէր Արժունայի..«Աստուծոյ կամքն է որ երթաս եւ պատերազմիս եւ ոչնչացնես թշնամիներդ», բայց քանի որ վէճը ընտանեկան էր,մօտիկ ազգականներ, եղբայրներ պիտի պատերազմէին իրարու դէմ. Տարօրինակ պատերազմ արդարեւ: Արժունա եւ Տիւրեօտհանա հօրեղբօր որդիներ: Երկու կողմն ալ ազգականներ իրարու դէմ յանդիման պիտի պատերազմէին: Մէկ ընտանիքի անդամներ.մեծ հայրն իսկ պէտք էր ընտրէր կողմնորոշուիլ. նոյնիսկ՝ ուսուցիչը, որ երկու կողմերուն ալ սորվեցուցած էր մարտարուեստը,ստիպուած էր կոմնորոշուիլ:

Պհիշմա ծանօթ էր իբրեւ Հնդկաստանի մեծ մարդոցմէ մին, քանի որ ամբողջ կեանքը անցուցած էր սրբութեամբ. եւ Տրոնաչարեայ նետարձակներու վարպետը կը սիրէր Արժունան քանի որ ան կարողութիւն ունէր ըլլալու վարպետ մը իրաւասութեամբ: Բայց հակառակ անոր, երկուքն  ալ ընդդիմացան Արժունային եւ իր եղբայրներուն, քանի որ անոնք միայն թիւով հինգ էին, իսկ հակառակ կողմը կը բաղկանար հարիւր եղբայրներէ: Իրենց ընտրութիւնը իմաստութեամբ էր, նկատի առնելով վաճառաշահութեան տեսանկիւնը,տեսնելով հարիւր եղբայրներու թուաքանակը: Մարդիկ ընդհանրապէս զօրաւորին զօրավիգ կը կանգնին… այս ալ լաւ է շուկայի գետնի վրայ…

Պատերազմի պահը եկաւ .- Արժունա ըսաւ. «Ես չեմ նկատէր թէ այս պատերազմը արժանի է բռնկման. Իմ հարազատ ժողովուրդս պիտի սպաննուի, մեծ հայրեր, ուսուցիչներ, բարեկամներ, ազգականներ. եթէ նոյն իսկ յաղթանակը իմս ըլլայ սպանուած մարմիններու վրայով, ուրախ պիտի չկարենամ ըլլալ. Կը նախընտրեմ յանձնուիլ, ըլլալ ճգնաւոր Հիմալաիայի լեռներու մէջ. ի՞նչպէս կրնամ սպաննել իմ հարազատներս»:Իսկ Քրիշնա սկսաւ համոզել Արժունան ըսելով.-«Ռազմիկի կրօնը կռուիլ է, իսկ դուն կը տկարանաս. այս վայել չէ քեզի, ռազմիկը զգայական պէտք չէ ըլլայ»…Արժունա չհամաձայնեցաւ, բայց վերջապէս Քրիշնա ըսաւ. «Այս Աստուծոյ կամքն է. եթէ մեռնիս,երկինքի մէջ փառք կ’ունենաս, եթէ յաղթես՝ կը շարունակես թագաւորել»:

Վերջապէս ամբողջ գիրքը, Պհակաւատ Կիթա, լի է վէճերով, վայրագութիւններով…նոյնիսկ Աստուած վայրենութեան կողմնակից է:

Հարցը այն է, թէ Մահադմա Կանտի ամբողջ աշխարհի մէջ նկատուած է իբրեւ խաղաղութեան ռահվիրայ…հուսկ՝ փառաւորուած իբրեւ բացառիկ ռազմավարական ռահվիրայ….առանց արիւնայեղութեան անկախութեան տիրացող մը, մինչդեռ ան իր հետ կը կրէր Պհակաւատ Կիթան, կը պաշտէր այդ գիրքը, ամէն առաւօտ իր աշրամին մէջ անկէ մաս մը կը հնչէր…եւ ինք չանդրադարձաւ այն իրողութեան թէ ՄԻԱԿ գիրքը, որ բացորոշ պատերազմ կը պատգամէ, ներառելով զԱստուած՝ ՊՀԱԿԱՒԱՏ ԿԻԹԱՆ Է:

ՕՇՕյի ՄԵՍԱԵԱՅ  գիրքէն:

Յ.Գ. Պհակաւատ Կիթա գիրքը անգլերէնէ հայերէնի թարգմանուած է  ՏԷՏԷԵԱՆԻ կողմէ 1940–ին :

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին