Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

Մեկնարկած են Դամասկոս- Երեւան-Դամասկոս Երթուղիով Չուերթները

«Զուարթնոց» միջազգային օդակայանին մէջ Յունիս 28-ին, տեղի ունեցաւ Դամասկոս- Երեւան-Դամասկոս երթուղիի պաշտօնական բացումը:

Չուերթի պաշտօնական բացման ներկայ էին Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արշակ Փոլատեան, Հայաստանի մէջ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Իսսամ Նայեալ, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ պատուաւոր հիւրեր:

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի կառավարութեան առընթեր քաղաքացիական օդուղիի գլխաւոր վարչութիւնը «Շամ ուինկս» օդանաւային ընկերութեան Դամասկոս- Երեւան-Դամասկոս երթուղիով թռիչքներ իրականացնելու թոյլտուութիւն տրամադրած էր: Չուերթները պիտի իրականացուին շաբաթը մէկ անգամ` իւրաքանչիւր Չորեքշաբթի:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին