Հինգշաբթի, 15. 05. 2025

spot_img

Քաշաթաղի Մէջ Մեկնարկած են Ականազերծման Աշխատանքները

HA«LO Trust» կազմակերպութիւնը մեկնարկած է ականազերծման աշխատանքներուն Քաշաթաղի շրջանին մէջ` Իզմիրլեան Հիմնադրամին կողմէ ֆինանսաւորուած ծրագրի ծիրէն ներս, կը հաղորդէ «Մեդիամասք»-ը:

Ծրագրի նպատակն է աջակցիլ ականազերծման երեք ականապատ դաշտերու, որոնք կարեւոր տարածքներ են Քաշաթաղի շրջանի (նախկին Լաչինի շրջան) Մեղուաձոր գիւղին համար:

Ականազերծուած դաշտերը պիտի օգտագործուին գիւղատնտեսական նպատակներով տեղի բնակչութեան կողմէ, ինչ որ պիտի բարելաւէ անոնց կենսապայմանները եւ պիտի նպաստէ տեղի տնտեսութեան զարգացման:

Ականազերծման աշխատանքները պիտի իրականացնեն երեք ականազերծող խումբեր (իւրաքանչիւրը բաղկացած ութ անձէ), որ կը նպաստէ տեղական կարողութիւններու զարգացման եւ աշխատատեղերու ստեղծման:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին