Հայաստանի Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ Մովսէս Յակոբեան կը վստահեցնէ, որ այս պահուն սահմանին լարուածութիւն չկայ:
«Յառաջապահ ստորաբաժանումները լիարժէք կը տիրապետեն սահմանային իրավիճակին»,- ըսած ՀՀ զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետը:
Անդրադառնալով միջազգային եւ տեղական այն վերլուծութիւններուն, իբրեւ թէ Արցախի գուլխին պատերազմի ամպեր կուտակուած են, գլխաւոր շտապի պետը ըսած է, որ չի կրնար մեկնաբանել ատոնք, քանի որ չէ կարդացած:
«Զինուած ուժերը ունին իրենց վերլուծութիւնները, որոնք կը փաստեն, որ հայկական զինուժը լիարժէք կրնայ կանխել պատերազմը եւ հարկ եղած պարագային նաեւ կազմակերպել պաշտպանութիւն»,- «Արցախփրես»-ի փոխանցմամբ՝ նշած է ան: