Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Օդային Ցուցադրութիւն, Որ Կը խոստանայ Նոր Նախաձեռնութիւններու Սկիզբը Դառնալ

*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*

Արցախը ունի զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ աւելի լայն հնարաւորութիւններ: Խնդիր դրուած է ունեցածը ներկայացնել եւ ուղիներ որոնել անոնց աւելի արդիւնաւէտ օգտագործման համար: Յունիս 17-ին այս ճանապարհին, հերթական նախաձեռնութիւնը իրականացուեցաւ, այս անգամ արկածային ժանրի սիրահարներու համար:

Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ հաւաքուած էր քանի մը հարիւր մարդ: Ոչ թէ մեկնելու կամ դիմաւորելու, այլ՝ ժամանցի համար:  Արցախի Տնտեսութեան նախարարութիւնը եւ «Եէլլ Էքսդրիմ պարկ» ընկերութիւնը նախաձեռնած են Ստեփանակերտի օդակայանին օդային փառատօն կազմակերպումը: «Մեր նպատակն է յատկապէս ՀՀ զբօսաշրջիկներուն ցոյց տալ, որ մենք ունինք ոչ միայն աւանդական` պատմամշակութեաին զբօսաշրջութիւնը, այլեւ արկածային զբօսաշրջութեան հնարաւորութիւններ»,- կը մանրամասնէ Արցախի տնտեսութեան փոխնախարար Սերգէյ Շահուերդեան: «Ի սկզբանէ այս նախաձեռնութեան նպատակն էր ցոյց տալ Արցախի զբօսաշրջային ներուժը, որ այստեղ հետաքրքրական է, գեղեցիկ է, որ այստեղ նաեւ կարելի է աշխատիլ ու վաստակիլ»,- կը լրացնէ օդային փառատօնի համակազմակերպիչ «Եէլլ Էքսդրիմ պարկ» ընկերութեան հիմնադիր Տիգրան Չիբուխչեանը:

            Նախաձեռնութեան արձագանգած է քանի մը ընկերութիւն` իւրաքանչիւրը ներկայացնելով իր թռչող սարքը. օդապարիկ, պարապլան, երկտեղանի ինքնաթիռ: Փառատօնի մասնակիցներէն շատերը հասցուցած են թռչիլ ու համեմատել երկու, նոյնիսկ` երեք տարբերակները: Իսկ դիտողներու եւ իրենց հերթին սպասողներու ատրենալինը ապահոված են «Շուշուա բենդ», «Nemra» ռոք խումբերը: Քանի մը տասնեակ մասնակից ժամանած է Երեւանէն: Բազմակի աւելի շատ էին արցախցի մասնակիցները: «Օդապարիկով  կրցայ թռչիլ: Առաջին փորձս էր: Աննկարագրելի զգացողութիւններ են:  Յատուկ ասոր համար եկած եմ Երեւանէն: 7 ժամ ճանապարհ կտրած եմ ու անմիջապէս այստեղ եկած: Հիմա իմ կարգիս կը սպասեմ, որ ինքնաթիռով թռչիմ»,- կը պատմէ փառատօնի մասնակիցներէն Վահէ Պօղոսեանը: «Յոյսով եմ, որ Արցախի մէջ այս ուղղութիւնը պիտի զարգանայ եւ աւելի շատ զբօսաշրջիկներ պիտի կարենան գալ, հիանալ Արցախի բնութեամբ»,- թռիչքէն ետք լաւատեսութիւնը չէ թաքցուցած Երեւանէն Արցախ հասած այլ զբօսաշրջիկ մը՝ Աննա Բարսեղեանը:

            Այցելուներուն աշխուժութիւնը նախաձեռնութեան հեղինակներուն համար յետագայ ծրագիրներուն հիմքն է: Կը խոստանան, որ մինչեւ տարեվերջ` առնուազն մէկ հանդիպում եւս պիտի ըլլայ` առաջին փորձէն աւելի մեծ, աւելի ճոխ:

Ստեփանակերտ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին