Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

Միրաքի Յաջորդական Կիրակիներ

Միրաքի Պատանիները Մէյրի Սահակեանի Հետ

11 Յունիս 2017-ին, Երեւանի Թէքէեան Կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ Միրաքի հանդիպումը հեքիաթագիր Մէյրի Սահակեանի հետ։

Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Աւստրալիայէն Ընկ. Հայկ Լէփէճեանն ու Ընկ. Լեւոն Պըլըխեանը:

Միրաքի պատասխանատու Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեանը «Միրաք»ականներուն ծանօթացնելէ ետք հեքիաթագիրին, խօսքը փոխանցեց հիւրին: Մէյրի Սահակեանը խօսեցաւ հեքիաթի, հեքիաթագրութեան եւ անոր հանդէպ իր ունեցած մեծ հետաքրքրութեան մասին, որ ձեւաւորուած է մանկութենէն: Ան «Միրաք»ականներուն համար կարդաց իր հեքիաթներէն երկուքը, իւրաքանչիւրին համար իւրովի մեկնաբանութիւններ եւ խորհուրդներ տալով: «Միրաք»ի անդամները հնարաւորութիւն ունեցան հեքիաթագիրին իրենց հետաքրքրող բոլոր հարցումները տալ։

Մէյրի Սահակեանի հեքիաթները խրատական են, ինչպէս պատմեց ան, իր ամենամեծ քննադատը իր դուստրն է՝ Լիլիթը, ոգեշնչուած է Թումանեանէն։ Ան կը գտնէ, որ ինք աւելի շատ երեւակայական աշխարհի մէջ կ’ապրի, քան իրական: Ան իր հողորդական ոճով յաջողեցաւ «Միրաք»ականնեուն ալ պահ մը տեղափոխել այդ աշխարհ:

Մէյրի Սահակեան նաեւ ծանօթացաւ «Միրաք» ի գործունէութեան եւ խոստացաւ յաճախակի այցելել։

Միրաքականները Թալին Պապայեանի Հետ

Կիրակի, 18 Յունիս 2017-ի, Միրաք պատանեկան-ուսանողական շարժման անդամները այցելեցին Միրաքի պատասխանատու Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեանի տպարանը։

Այս այցելութեան Միրաքին միացան նաեւ ամերիկահայ լրագրողուհի Թալին Պապայեանն ու Ժիրայր Խորոզեանը, որոնք մեծ հետաքրքրութիւն ունէին մօտէն ծանօթանալու Միրաքի անդամներուն եւ գործունէութեան: Անոնք իրենց հետ հիւրասիրութիւն բերած էին պատանիներուն:  Միրաքականները մեծ հետաքրքրութեամբ ու հաճոյքով դիտեցին ու ծանօթացան տպարանի գործիքներուն եւ յստակ գաղափար կազմեցին հագուստի տպագրական աշխատանքի հանգրուաններուն մասին։ 

Անոնք տպագրութեան գործնական փորձ կատարեցին եւ կերպասներու վրայ տպեցին Միրաքի զինանշանը:

 

Թալին Պապայեան, որ Հայաստան եկած է Արցախի մասին տեսանիւթ պատրաստելու յատուկ առաքելութեամբ, Միրաքի անդամներուն հետ առանձին զրոյցներ վարեց, ծանօթանալով անոնց հետաքրքրութիւններուն, փափաքներուն, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի մասին ունեցած տպաւորութեան:

Երիտասարդերուն համար հետաքրքիրրական էր հեռաւոր Ամերիկայէն հասած սփիւռքահայ աղջկան՝ արդէն Միրաքի բարեկամ՝ Թալին Պապայեանի Արցախի մասին ֆիլմ պատրաստելու շահաքրքրգրգռուածութիւնը:

Հաճելի օրը աւարտեցաւ մտերմիկ զրոյցով եւ դարձեալ հանդիպելու խոստումով:

 

 

 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին