ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ինչ կ’ընես Արցախի Համար» համահայկական շարժման ծիրէն ներս՝ ՀԲԸՄ-ի Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղը, օրեր առաջ, առաջին օժանդակութիւն ցուցաբերած էր Քաշաթաղի շրջանի Իշխանաձոր համայնքի Յովհաննէս Թումանեանի անուան միջնակարգ դպրոցին` նուիրելով դաշնամուր:
Այսօր, ըստ «Հայերն այսօր»-ի, արժանթինաբնակ երաժիշտ, ՀԲԸՄ-ի Արժանթինի մասնաճիւղի պատուաւոր անդամ Գագիկ Գասպարեան յայտնած է, թէ եւս երկու դաշնամուր նուիրուած է Ստեփանակերտի թիւ 4 մանկապարտէզին` շարունակելով Արցախի հիմնախնդիրներուն լուծման ուղղուած աշխատանքներուն իրականացումը:
Մանկապարտէզի տնօրէն Նունէ Միքայէլեան՝ երեխաներուն, ծնողներուն եւ իր անունէն մարդասիրական օգնութեան համար խորին երախտագիտութիւն յայտնած է արժանթինահայ հայրենակիցներուն` նշելով. Որքան ուրախ ենք եւ յուզուած այս նուիրատուութենէն. երաժշտական գործիքի առկայութիւնը առաւել քան երբեք անհրաժեշտ էր մեզի: Մանկապարտէզը բաղկացած է երկու մասնաշէնքէ, այդ պատճառով երկու դաշնամուր խնդրած էի, եւ ինչպէս կը տեսնէք` խնդրանքս չմերժեցին: Թո՛ղ նման նախաձեռնութիւնները շարունակական ըլլան»:
Աւելցնենք, որ ՀԲԸՄ-ի Արժանթինի մասնաճիւղը «Դուն ինչ կ’ընես Արցախի համար» խորագիրով համերգարշաւ սկսած է, որմէ գոյացած հասոյթով երաժշտական գործիքներ կը գնէ Արցախի դպրոցներուն, մանկապարտէզներուն եւ, յատկապէս` երաժշտական դպրոցներուն համար: