*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից
Երեւանեան հանդիպումներու շարքէն ետք, Մինսկի Խումբի համանախագահները ժամանած են Արցախ: Համանախագահներ Իկոր Փոփովը, Ռիչըրտ Հոգլանտը եւ Ստեֆան Վիսքոնդին, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Գասպշիկը, Յունիս 12-ին, ընդունած է Արցախի նախագահը: Հանդիպման մասնակցած է նաեւ արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան:
Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան համանախագահներու ուշադրութիւնը հրաւիրած է Ազրպէյճանի ապակառուցողական քաղաքականութեան, զինադադարի խախտումներու եւ միջազգային չափանիշներու եւ սկզբունքներու ոտնահարման բազմաթիւ փաստերու վրայ` զանոնք որակելով իբրեւ հակամարտութեան կարգաւորման հիմնական խոչընդոտներ եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանման լուրջ վտանգներ: «Նախագահը ողջունած է Մինսկի խումբի համանախագահներուն վերջին` հասցէական յայտարարութիւնը: Նշած է, որ կարեւոր է հասցէական յայտարարութիւններով հանդէս գալը»,- կը մանրամասնէ ԱՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Դաւիթ Բաբայեան:
«Ես արդէն մէկ անգամէն աւելի ըսած եմ, որ մեր յայտարարութիւններուն իրական նպատակը յետագայ յարձակումները կանխելն է, լարուածութեան մեղմացումը եւ խաղաղ գործընթացը շարունակելու համար պայմաններու ստեղծումը: Այնպէս որ` մեր յայտարարութիւնը հասցէագրուած է բոլոր կողմերուն»,- նախագահի հետ հանդիպումէն ետք կայացած ճեպազրոյցին ժամանակ, ի պատասխան լրագրողներու հարցերուն, հասցէական յայտարարութիւններու թեմային անդրադարձած է նաեւ ԵԱՀԿ ՄԽ ռուս համանախագահ Իկոր Փոփովը: Ֆրանսացի համանախագահ Ստեֆան Վիսքոնդին կը վստահեցնէ, թէ Մինսկի խումբի ծիրէն ներս, Փարիզն ալ իր ջանքերը պիտի շարունակէ: Նախագահը փոխուած է, բայց խնդրի կարգաւորման հարցով Ֆրանսայի դիրքորոշումը նոյնն է. «Ինծի համար շատ հաճելի է Ստեփանակերտի մէջ ըլլալ, ձեզի հետ ուղղակի քննարկել իրավիճակը թէ՛ անվտանգութեան հարցերուն հետ կապուած եւ թէ՛ խաղաղ գործընթացի շարունակման: Մեզի համար ատիկա կարեւոր է եւ Ֆրանսան Միացեալ Նահանգներու ու Ռուսիոյ հետ ջանք չի խնայեր այդ խնդիրի լուծումը առաջ տանելու համար»:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահը վերահաստատած է պաշտօնական Ստեփանակերտի հաւատարմութիւնը Ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի շրջանակներուն մէջ: «Բուն կարգաւորման հասնելու համար դեռ երկար ճանապարհ ունինք, յատկապէս հաշուի առնելով, որ կողմերը ունին իրարամերժ մօտեցումներ: Ազրպէյճանը իր ապակառուցողական դիրքորոշումով յոյս չի ներշնչեր, թէ մօտ ապագային պիտի ըլլայ կարգաւորումը, ատոր համար հիմնական շեշտադրումը կը կատարուի խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման վրայ»,- կ’ընդգծէ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Դաւիթ Բաբայեան:
Ստեփանակերտ