12 Յունիս 2017-ին, ՀՀ ԳԱԱ Արեւելագիտութեան Ուսումնարանի Արաբական Երկիրներու Բաժինը հիւրընկալեց Քալիֆորնիոյ Նահանգային Համալսարանի (Նորթրիճ) հայագիտական ուսումնական ծրագիրի տնօրէն դոկտոր Վահրամ Շամմասեանը: Ան հանդէս եկաւ զեկուցումով, որ կը կրէր «Մուսա լերան պատմութեան հետքերով. արխիւային ոդիսական մը» վերնագիրը:
Բանախօսը ներկայացուց ԱՄՆ-ի, Միացեալ Թագաւորութեան, Ֆրանսայի, Աւստրիոյ, Մերձաւոր Արեւելքի տարբեր երկիրներու շարք մը արխիւներու եւ Հայաստանի մէջ առկայ այն աղբիւրագիտական հենքը, որ կը հանդիսանար անոր ուսումնասիրութիւններուն հիմքը: Դոկտոր Շամմասեան կը զբաղի Մուսա Լերան հայերու պատմութեան ուսումնասիրութեամբ, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք Մերձաւոր Արեւելքի տարբեր արաբական երկիրներու մէջ հաստատուած հայ համայնքներու ուսումնասիրութեամբ: