Շաբաթ, 09. 11. 2024

spot_img

Մենք Կ’ուզենք Եւրոպան Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ. Change.org-ի Մէջ Նոր Պահանջագիր Նախաձեռնուած է

Հանրային պահանջագիրներու «change.org» հարթակին մէջ ընթացք առած է «Մենք կը ցանկանք Եւրոպան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ» We Want Europe in Nagorno-Karabakh խորագիրով ստորագրահաւաք:

«Change.org»-ի կայքին մէջ տեղադրուած պահանջագիրին մէջ կը նշուի, որ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք Լեռնային Ղարաբաղի հանդէպ Ազրպէյճան կը վարէ մեկուսացման քաղաքականութիւն:

«Քարիւղով հարուստ Ազրպէյճանը նշանակալի ջանքեր եւ գումարներ կը ներդնէ այս տարածք օտարերկրեայ առաջնորդներու, պաշտօնեաներու, լրագրողներու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու մուտքը արգիլելու համար: Ազրպէյճանի պնդմամբ Եւրոպական Միութիւնը եւս մուտք չունի դէպի Լեռնային Ղարաբաղ: Անցեալ 20 տարիներու ընթացքին ոեւէ Եւրոմիութեան պաշտօնեայ չէ այցելած այնտեղ, իսկ բնակչութեան Եւրոմիութեան կողմէ որեւէ օժանդակութիւն չէ ցուցաբերուած»,- կը նշուի պահանջագիրին մէջ:

Կը շեշտուի նաեւ, որ այս ծիրէն ներս ԼՂ մեկուսացումը բացառիկ է, քանի որ ԵՄ-ն օժանդակութիւն կը ցուցաբերէ աշխարհի 150 երկիրներու, որոնց շարքին` չճանչցուած պետութիւններու՝ Աբխազիոյ, Մերձդնեստրին եւ Հիւսիսային Կիպրոսին` անկախ անոնց կարգավիճակէն: Այս քաղաքականութիւնը կը բնութագրուի որպէս «ներգրաւում առանց ճանաչման»:

Պահանջագրին մէջ կոչ կը կատարուի Եւրոմիութեան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրականացնելու բնակչութեան կենսապայմաններու բարելաւման ուղղուած ծրագիրներ: «Կոչ կ’ընենք Եւրոպային ներգրաւուելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, քանի որ անիկա պէտք է ներկայ ըլլայ եւ աջակցի խաղաղութեան` թոյլ չտալով հակամարտութեան սրում իր դարպասներուն մօտ»,- ըսուած է պահանջագիրին մէջ:

Պահանջագիրը «change.org»-ի մէջ նախաձեռնած է ՀԲԸՄ Եւրոպայի գրասենեակը: Անիկա արդէն իսկ ստորագրած են Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւորներ Ֆրանք Էնկըլ, Միշել Ռիւազի, Պարթ Սթաես, Ճիլ Էվընս, Փիթըր Նէյտելմիւլըր, բազմաթիւ գիտնականներ, մարդու իրաւունքներու ոլորտի գործիչներ, դիւանագէտներ եւ այլն: Պահանջագիրը  ցարդ ստորագրած է 799 օգտատէր:

Իշխանաձոր Գիւղին Մէջ Կը Կառուցուի Եւս 11 Առանձնատուն. Համայնքի Ղեկավար

Արցախի կառավարութեան եւ «Քաշաթաղ» բարեգործական հիմնադրամի ֆինանսաւորմամբ Իշխանաձորի մէջ կը կառուցուի եւս 11 առանձնատուն, որոնք պիտի տրուին բազմազաւակ ընտանիքներու եւ վերաբնակիչներու:

Այս մասին «Արցախփրես»-ի թղթակիցին յայտնած է Իշխանաձոր համայնքի ղեկավար Արսէն Թէյլունց` ընդգծելով, որ գիւղին մէջ կ’ապրի մօտ 400 բնակիչ. ծնելիութեան թիւը կ’աճի եւ համայնքին մէջ արդէն ունին 5 բազմազաւակ ընտանիք, որոնք կ’օգտուին պետական  նպաստներէն:

«Համայնքին մէջ կը գործէ դպրոց, ուր կը յաճախէ մօտ 100 աշակերտ, որոնցմէ 60-ը`  նախադպրոցական խումբերու մէջ:  Ի դէպ, մօտ օրերս պիտի սկսին դպրոցի վերանորոգման աշխատանքները:

«Ուրախութիւն   բոլորիս` տարուէ տարի կ’աւելնայ դպրոց  յաճախողներուն թիւը: Համայնքին մէջ ակնառու է վերաբնակիչներու թիւի աճը: Անոնք  հիմնականօրէն Լիբանանէն, Սուրիայէն եւ Հայաստանի  տարբեր մարզերէ  եկածներն  են: Նշեմ նաեւ, որ օրերս «Թուֆենկեան»  հիմնադրամին  կողմէ վերակառուցուած եւ շահագործման  յանձնուած է սուրիահայ  բժիշկ  Հայկ  Խաչատրեանի  առանձնատունը,-ըսած  է Թէյլունց եւ աւելցուցած,- գիւղին մէջ կը գործէ բուժկէտ եւ ունինք  «Վազ»  մակնիշի  մեքենայ:

Գիւղը կ՛օգտուի շուրջօրեայ  ջրամատակարարումէն

«Գիւղը կ՛օգտուի շուրջօրեայ  ջրամատակարարումէն:  Արցախի   Հանրային հեռուսատատեսութիւնը եւ համացանց  կապը հասանելի են գիւղի բնակչութեան: Միջպետական եւ գիւղի ճանապարհներու բարեկարգման աշխատանքները ընթացքի մէջ են»:

Իշխանաձոր   համայնքի ղեկավարին տեղեկացմամբ` բնակչութեան հիմնական զբաղումը անասնապահութիւնն ու գիւղատնտեսութիւնն է:

Խօսելով գիւղին մէջ առկայ խնդիրներուն մասին` Թէյլունց նշած է, որ համայնքը ակումբի շէնք չունի, կազ չունի, փոքրիկ իշխանաձորցիները դեռ մանկապարտէզի կարիք ունին:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին